Ընտրութեան ընդառաջ բողոք Կարօ Փայլանի դէմ

Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական աթոռը 24 Յունիսի ընտրութիւններուն ընդառաջ զեկոյց մը յայտարարելով մեղադրեց Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։ Զեկոյցին մէջ Կարօ Փայլանի ուղղեալ մեղադրանքներ կը շարահիւսուին պնդելով թէ երեսփոխանը անարգած է Պատրիարքական աթոռը։ Այս պնդումներուն հիմք մը ծառայէն Փայլանի «Պիանեթ» գործակալութեան փոխանցած կարծիքները։ Այս առթիւ Փայլան ըսած էր, թէ այժմ Պատրիարքարանը կը ղեկավարուի նշանակուած պաշտօնակատարի մը ձեռքով, որ անընդունելի է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ։

Կարօ Փայլան պատրիարքական ընտրութեան չկատարուելու խնդրին մէջ կը մեղադրէ կառավարութիւնը եւ կը պնդէ թէ Արամ սրբազան այս մասին կը գործակցի իշխանութիւններու հետ։ Իրականութեան մէջ Փայլանի այս համոզումները արդէն կը կիսուին պոլսահայ հասարակութեան մեծամասնութեան կողմէ։

Պատրիարքարանի զեկոյցին մէջ կը մերժուին ընտրութիւն չկատարուելու մասին կառավարութեան դերակատարութիւնը եւ ներկայ անելը կը բացատրուի պոլսահայութեան մատնուած պառակտումով։ «Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը փակուղիի մատնուած է ամբողջութեամբ Թուրքիոյ հայ համայնքի ներքին ազդակներէն բխած դրդապատճառներով»։ «Ակօս»ի ընթերցողները պիտի յիշեն, որ Աթէշեան սրբազան մօտ անցեալին կրկին բողոքած էր իր քաղաքականացման դէմ կատարուած քննադատութիւններուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ