Յեղափոխութիւնը կ՚արդարանայ յանցագործութեան բացայայտումներով

Հայաստանի մէջ այս շաբաթավերջի կա­րեւո­րագոյն զար­գա­ցու­մը եղաւ «Էջ­միած­նի Ման­վէլ» անու­նով ծա­նօթ Մա­նուէլ Գրի­գորեանի ձեր­բա­կալու­թիւնը։ Գրի­գորեան Հա­յաս­տա­նի մէջ ծա­նօթ անուն էր յատ­կա­պէս իր անօ­րինա­կան վար­քով։ Ան մաս կը կազ­մէր յան­ցա­գործ աշ­խարհին, բայց միւս կող­մէ ունէր Երկրա­պահ կա­մաւոր­նե­րու միու­թեան նա­խագահ, Ղա­րաբա­ղեան պա­տերազ­մի հե­րոս զօ­րավար եւ Ազ­գա­յին ժո­ղովի պատ­գա­մաւո­րի կո­չումներ։ Այդ բո­լորը զինք պաշտպա­նող վա­հան­ներ էին, որոնց ետին Գրի­գորեան յատ­կա­պէս ալ Էջ­միածին քա­ղաքին մէջ հիմ­նած էր իր թա­գաւո­րու­թիւնը։ Շա­բաթ օր Ազ­գա­յին անվտան­գութեան ծա­ռայու­թեան պաշ­տօ­նեաներ խու­զարկե­ցին իր բնա­կարա­նը եւ ամա­րանո­ցը, ուրկէ յայտնա­բերո­ւեցան մեծ քա­նակու­թեամբ զէնք ու զի­նամ­թերք, որոնք ապօ­րինի կեր­պով փո­խադ­րո­ւած էին ծա­նօթ օլի­կար­խի բնա­կարա­նը։

Սա­կայն ալ աւե­լի շշմե­ցու­ցիչ էր յայտնա­բերո­ւած պա­հածոյ սննդամ­թերքը, որոնց վրայ նշո­ւած էր «Զի­նուո­րի բա­ժին» ազ­դա­րարու­թիւնը։ Քննա­կան ան­մի­ջական ու­սումնա­սիրու­թիւնով պար­զո­ւեցաւ, որ այդ բո­լորը քա­ռօրեայ պա­տերազ­մի օրե­րուն հան­գա­նակո­ւած օգ­նութիւններ էին յատ­կա­պէս Երե­ւանի դպրոց­նե­րու աշա­կեր­տութեան կող­մէ։ Երե­ւոյ­թը մեծ ընդվզում յա­ռաջա­ցուց հա­սարա­կու­թեան մօտ եւ իս­կոյն Խորհրդա­րանի մէջ քո­ւէար­կո­ւեցաւ Գրի­գորեանի ան­ձեռնմխե­լիու­թեան վե­րացու­մը։

«Թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թիւն»է ետք կար­գե­րը փո­խուած էին Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ քո­ւէար­կութեան աւար­տին ձայ­նե­րու մե­ծամաս­նութեամբ Գրի­գորեան զրկո­ւեցաւ պատ­գա­մաւո­րական ան­ձեռնմխե­լիու­թե­նէ։ Այս զար­գա­ցումնե­րու զու­գա­հեռ տե­ղի ու­նե­ցաւ նոր յայտնա­բերումներ, ըստ որու Մա­նուէլ Գրի­գորեան իր գո­ղացած զի­նուո­րական սննդամ­թերքով սնու­ցած էր սե­փական տան պար­տէ­զին բան­տարկո­ւած գա­զան­նե­րը։

20 Յու­նի­սին Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան յա­տուկ քննի­չական ծա­ռայու­թիւնը կոչ հրա­պարա­կեց բո­լոր այն ան­ձե­րուն, որոնք կան­խիկ կամ դրա­մատ­նա­յին փո­խան­ցումով դրամ շնոր­հած են «կե­ներալ Ման­վէլ Գրի­գորեան» հիմ­նադրա­մի հաշ­ւոյն։ Զեղ­ծա­րարու­թիւնը ձե­ւով մը ար­դարացումը կը համարուի Թաւշեայ յեղափոխութեան, քանի որ նախկին կառավարութեան շրջանին բացարձակապէս կարելի պիտի չըլլար Մանուէլ Գրիգորեանի նման իշխանաւորի մը դպչիլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ