ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բարերարը

Նախորդ Շաբաթ օր Հայաստանի Ազգային անվտան­գութեան ծա­ռայո­ղու­թեան միաւո­րումնե­րու Էջ­միած­նի մէջ կա­տարած գոր­ծո­ղու­թիւնը պատ­ճառ կը դառ­նայ «բա­րերար» հաս­կա­ցողու­թեան մա­սին խորհրդա­ծելու։

Ինչպէս ծա­նօթ է բո­լորիս, «Էջ­միած­նի Մա­նվէլ» անու­նով ծա­նօթ, «Ղա­րապա­ղի հե­րոս» կո­չու­մով յի­շուած զօ­րավար Մա­նուէլ Գրի­գորեան իր հա­մաքա­ղաքա­ցինե­րու կող­մէ կը գնա­հատո­ւէր որ­պէս բա­րերար։ Էջ­միած­նե­ցիներ երախ­տի­քով կը յի­շէին անոր բե­րած նպաս­տը քա­ղաքի բար­գա­ւաճ­ման գոր­ծին մէջ։

Ցա­ւալի է այն իրո­ղու­թիւնը թէ զինք փա­ռաբա­նող Էջ­միած­նե­ցիներ (եթէ ոչ այսքան նող­կա­լի ման­րա­մաս­նութիւննե­րով), գի­տէին, կը գի­տակ­ցէին, կամ գո­նէ կ՚ըն­կա­լէին անոր սեւ գոր­ծե­րը։ Գիտ­նա­լով հան­դերձ կ՚ան­տե­սէին, քա­նի որ այդ ան­տե­սու­մով կը պատ­կե­րաց­նէին այն կեր­պա­րը, որ իրենց պի­տանի էր։

Պե­տական շէն­քե­րու սե­փակա­նացու­մէն ետք իր իսկ բնա­կած շէն­քի հա­սարա­կապատ­կան ծախ­սե­րուն հա­մար ամե­նաչնչին մաս­նակցու­թիւնէ խու­սա­փող քա­ղաքա­ցին, ան­շուշտ պի­տի փայ­փա­յէր «բա­­րերար»ի կեր­­պա­­­րով ներ­­կա­­­յացող ան­­ցը, որ տրա­­մադիր էր բո­­լորին պի­­տանի նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րուն հա­­մար շատ աւե­­լի մեծ գու­­մարներ ներդրե­­լու։

Այս երե­­ւոյ­­թը մեզ՝ հա­­յերուս հա­­մար խիստ կա­­րեւոր խնդիր է։ Հա­­յոց պատ­­մութեան եր­­կար դա­­րերը ան­­ցած են պե­­տակա­­նու­­թե­­­նէ զուրկ պայ­­մաննե­­րու մէջ։ Հպա­­տակած ենք օս­­մա­­­նեան եւ պար­­սիկ կայսրու­­թիւննե­­րուն, ռու­­սաց թա­­գաւո­­րու­­թեան նման գեր­­տէ­­­րու­­թիւննե­­րուն։ Յա­­ջողած ենք օտար իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու տի­­րապե­­տու­­թեան տակ ազ­­գա­­­յին գի­­տակ­­ցութիւն կեր­­տե­­­լու, այդ գի­­տակ­­ցութեան պա­­հան­­ջած հաս­­տա­­­տու­­թիւններ հիմ­­նե­­­լու, անոնց մա­­տակա­­րարու­­մը, յա­­րատե­­ւու­­թիւնը ապա­­հուե­­լու դժո­­ւար գոր­­ծը։ Հրաշ­­քի հա­­մազօր յաղ­­թա­­­նակ­­ներ են օրի­­նակի հա­­մար Սուրբ Փրկի­­չի նման հի­­ւան­­դա­­­նոց մը, կամ Կեդ­­րո­­­նակա­­նի նման վար­­ժա­­­րան մը պա­­հել առանց պե­­տական հար­­կեր գան­­ձե­­­լու։ Այդ բո­­լորի ըն­­թացքին, թէ եկե­­ղեցին եւ թէ հա­­սարա­­կական կամ քա­­ղաքա­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը վա­­յելած են բա­­րերար­­նե­­­րու աջակ­­ցութիւ­­նը։ Շմա­­ւոն քա­­հանայ շատ հա­­ւանա­­կան է, որ «Ազ­­դա­­­րար»ը հրա­­տարա­­կելու հա­­մար օգ­­տո­­­ւած ըլ­­լար Հնդկաս­­տա­­­նի ճամ­­բով առեւ­­տուր ընող հայ վա­­ճառա­­կան­­նե­­­րու նե­­ցու­­կէն։ Հրա­­տարակ­­չա­­­կան աշ­­խա­­­տանքնե­­րու մէջ յա­­ճախ կը հան­­դի­­­պինք մե­­կենաս­­նե­­­րու անուննե­­րուն, որոնք ստանձնած են տո­­ւեալ հա­­տորի հրա­­տարակ­­ման ծախ­­սե­­­րը։

Անու­­րա­­­նալի է բա­­րերար­­նե­­­րու ներդրու­­մը մեր ազ­­գա­­­յին կազ­­մութեան մէջ։ Սա­­կայն դար­­ձեալ անու­­րա­­­նալի է բա­­րերա­­րու­­թեան մի­­ջոցաւ գո­­յացած «ամի­­րա», «աղա» եւ հետզհե­­տէ քաղ­­քե­­­նի «պա­­րոն»նե­­րու խա­­ւի մը յայտնու­­թիւնը։

Այս մեր իրո­­ղու­­թիւնն է։ Բայց կայ եւս իրո­­ղու­­թիւն մը, բա­­րերար­­ներն ալ իրենց նո­­ւիրա­­տուու­­թեամբ յա­­ջողե­­ցան իշ­­խա­­­նու­­թեան տի­­րանա­­լու։ Տպա­­ւորու­­թիւնը որ­­քան ալ նկա­­րագ­­րո­­­ւի «նո­ւիրա­­տուու­­թիւն» բա­­ռով, իրա­­կանու­­թեան մէջ կա­­տարո­­ւածը առեւ­­տուր մըն էր պար­­զա­­­պէս։

Կը յի­­շեմ պոլ­­սա­­­հայ բա­­րերար­­նե­­­րէն մէ­­կուն խօս­­քե­­­րը, որ բա­­ւական կը յստա­­կեց­­նէ գոր­­ծող հա­­մակար­­գը։ Ան հա­­մեստ աշ­­խա­­­տողի մը դիր­­քէն ել­­լե­­­լով մտած էր լու­­մա­­­յափո­­խու­­թեան աս­­պա­­­րէզ։ Եւ իս­­կոյն յայ­­տա­­­րարած էր «Յա­­ռաջի­­կայ տա­­րուայ բո­­լոր մա­­տաղօրհնու­­թիւննե­­րուն, սի­­րոյ սե­­ղան­­նե­­­րուն նա­­խագա­­հը ես պի­­տի ըլ­­լամ»։ Ըսե­­լու իսկ կա­­րիք չկայ թէ նոյն ան­­ցը պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի ակ­­նե­­­րեւ դէմ­­քե­­­րէն մէ­­կը դար­­ձած է եւ ան­­ցեալին բո­­լորո­­վին ան­­տարբեր մնա­­ցած մեր ըն­­կե­­­րական, կրթա­­կան, մշա­­կու­­թա­­­յին, հո­­գեւոր բազ­­մաբնոյթ խնդիր­­նե­­­րուն հա­­մար ցուցմունքներ կ՚ընէ, խոր­­հուրդներ կը փո­­խան­­ցէ իբ­­րեւ իմաս­­տուն այր։

Ցա­­ւալի եղա­­ծը այս նոյն անօ­­րինու­­թեան պե­­տական հա­­մակար­­գէ ներս եւս գոր­­ծե­­­լու առիթ գտնելն է։ Լաւ ձե­­ւաւո­­րուած դրու­­թեան մէջ հա­­սարա­­կու­­թեան կեն­­սա­­­կան հո­­գերը չեն թո­­ղուիր բա­­րերար­­նե­­­րու խնամ­­քին, այլ կ՚ապա­­հովո­­ւին պե­­տու­­թեան սնտու­­կէն, որ կազ­­մո­­­ւած է շա­­հոյ­­թէ ապա­­հովո­­ւած հար­­կե­­­րով։

Երբ ան­­հա­­­տը խու­­սա­­­փի իրեն վի­­ճակած բա­­ժինը հա­­տու­­ցե­­­լէ, ան­­խուսա­­փելի կը դառ­­նայ «բա­­րերար» կո­­չուած ան­­պի­­­տանի յայտնու­­թիւնը։

pakrates@yahoo.com