Հայաստանի վերջին շրջանին լայնօրէն կը քննարկուին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, արդի սփիւռքի դերը Հայաստանի մէջ։ Վիգէն Չըթըրեանը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ձեւաչափի շուրջ հարցեր կ՚ուղղէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին։ Սարգսեան կը նշէ ներկայ ժամանակին եւ մարտահրաւէրներուն համապատասխան մօտեցումներ ձեւաւորելու անհրաժեշտութիւնը։
ՎԻԳԷՆ ՉԸԹԸՐԵԱՆ
ՎԻԳԷՆ ՉԸԹԸՐԵԱՆ- Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնէ ետք սփիւռքի կազմակերպութիւններու դերի շուրջ քննադատութիւններ կը հնչեն։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք սփիւռքի այս դերը, ըստ ձեզ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները վերանայման կը կարօտի՞ն։
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ-Պատմական իւրաքանչիւր փուլին այս հարցը հնչում է իւրովի։ Եթէ չխորանանք խորհրդային անցեալի մէջ, երբ պաշտօնականացուեց Հայաստան- Սփիւռք յարաբերութիւնները, անշուշտ,- ժամանակի պահանջների ներքոյ եւ գունաւորմամբ,- Հայաստանի անկախութենէն ի վեր այս յարաբերութիւններու մասին շատ խօսուած է, երկուստեք բարձրացուած են հարցեր եւ միմեանցէն սպասելիքներ։ Թէեւ վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին համազգային կառոյցներու, սփիւռքի քաղաքական-հասարակական շրջանակներու եւ խոշոր անհատների բաւականին լայն ներգրաւուածութեանը Հայաստանի կեանքի մէջ, կարծեմ, հարցերը դեռեւս սպառիչ պատասխան չեն ստացած։ Մտահոգութիւնները յատկապէս վերաբերում են այդ համագործակցութեան արդիւնաւէտութեանը, սփիւռքի իրական ներուժի վերհանմանը եւ լիարժէք օգտագործմանը, Հայաստանի դերին սփիւռքի ազգապահպանման գործի մէջ։ Այս իմաստով, իրօք, հասարակական պահանջարկ կայ վերանայելու գործերի վիճակը եւ ձեւակերպելու ներկայ ժամանակի պահանջներուն եւ մարտահրաւէրներուն համապատասխան մօտեցումներ։
Վ.Չ.- Սփիւռքը ի՞նչ քաղաքական ազդեցութիւն, հետեւաբար ինստիտուցիոնալ ներկայութիւն պէտք է ունենայ Հայաստանի մէջ։
Ա.Ս.- Այս պահին դժուար է ճշգրիտ պատասխան տալ այդ հարցին։ Սակայն սկզբունքօրէն սփիւռքի այդպիսի ներկայութեան անհրաժեշտութիւն կայ, քանի որ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան որոշ ասպեկտներ ուղղակիօրէն կը վերաբերին նաեւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն։ Եթէ ուշադիր նայենք, իրականին սփիւռքն այդ երկու տեսակէտներէն արդէն իսկ որոշ ներկայութիւն ունի Հայաստան, հարցը վերաբերում է թերեւս այդ ներկայութեան ընդլայնմանը եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացմանը։
Վ.Չ.- Դուք լաւ ծանօթ էք սփիւռքի դժուարին ու խրթին իրավիճակին։ Ձեր կարծիքով ի՞նչ դերակատարութիւն ունի Հայաստանը սփիւռքի մարտահրաւէրներուն։
Ա.Ս.- Այո, սփիւռքը միատարր եւ հաստատուն մարմին չէ, այն մշտական կերպափոխութեան մէջ է, յատկապէս վերջին տասնամեակներին՝ կապուած մասնաւորապէս Ռուսաստանի անծայրածիր տարածքներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական որոշ երկրներուն նոր համայնքների գոյացման՝ յաճախ ի հաշիւ Հայաստանէն արտագաղթի, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Սիրիայի պատերազմների հետեւանքով տեղի աւանդական ուժեղ համայնքների արտահոսքի հետ։ Որոշ տեղերում կան նաեւ ինքնութեան փնտռտուքի հարցեր։ Այս երեւոյթները նոր հարցեր են դնում Հայաստանի եւ հայութեան առջեւ. արդեօք մենք կարողանո՞ւմ ենք համարժէք արձագանգել այս մարտահրաւէրներուն։ Այո, խորհելու եւ գործելու շատ բան կայ։ Կարծում եմ, առաջին հերթին այդ վերաբերում է Հայաստանին, որպէս համաշխարհային հայութեան միակ հաստատուն կեդրոնի։ Յուսով եմ, ոչ շատ հեռու ապագային ձեւաչափեր կը գտնուին այս հարցերը խորը քննարկման առարկայ դարձնելու նպատակով, որտեղ պատրաստ եմ իմ փորձառութիւնը կիսելու եւ ճշգրիտ առաջարկներ ընելու։