Քուէ՛ մը Տեմիրթաշին, քուէ՛ մը ՀՏՓ-ին

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Մանկութենէս յի­­­շողու­­­թեանս վրայ դրոշ­­­մո­­­­­­­ւած թե­­­լադ­­­րանք մըն էր, զոր մե­­­ծերը կ՚ընէին ամէն ան­­­գամ երբ նա­­­խընտրա­­­կան շրջա­­­նը սկսէր. մար­­­դու չը­­­սե՛լ տա­­­լիք քո­­­ւէդ։ Քար լռու­­­թիւնը կամ շրթունքի ծայ­­­րին հանգչած եր­­­կի­­­­­­­մաստ ժպիտն էր պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը «Քո­­­ւէդ որո՞ւ պի­­­տի տաս» հար­­­ցումին։ Աւե­­­լորդ եւ -թող նե­­­րուի ըսել- անի­­­մաստ գաղտնա­­­պահու­­­թիւն մըն էր ասի­­­կա ին­­­ծի հա­­­մար։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս գաղտնի պա­­­հուէր, չը­­­սուէր իսկ՝ ըն­­­կե­­­­­­­րը, դրա­­­ցին կամ նոյ­­­նիսկ թա­­­ղեցին գի­­­տէր գոյնդ, զոր ակա­­­մայ, ձե­­­ւով մը, ու­­­զած-չու­­­զած կը բա­­­ցայայ­­­տէիր զրոյ­­­ցի մը ըն­­­թացքին կամ կար­­­դա­­­­­­­ցածդ թեր­­­թով, կը մատ­­­նէիր հա­­­մակ­­­րանքիդ են­­­թա­­­­­­­կան՝ դեռ նոր ան­­­կիւնա­­­դար­­­ձած քա­­­րոզ­­­չա­­­­­­­կան ինքնա­­­շար­­­ժին ուղղեալ խան­­­դա­­­­­­­վառ ակ­­­նարկովդ նոյ­­­նիսկ։

Ման­­­կութիւնս Թուրքիա վեր­­­ջա­­­­­­­ցու­­­ցած՝ պա­­­տանե­­­կու­­­թեանս վեր­­­ջին տա­­­րինե­­­րը ապ­­­րե­­­­­­­ցայ երկրի մը մէջ, որ կ՚ապ­­­րէր իր քա­­­ղաքա­­­կան ման­­­կութիւ­­­նը։ Գոյնդ յայտնի չդարձնե­­­լու թե­­­լադ­­­րանքը բնազ­­­դա­­­­­­­յին զգու­­­շա­­­­­­­ւորու­­­թեան մը վե­­­րածած էի այ­­­լեւս ու քա­­­ղաքա­­­կան տհա­­­սու­­­թեամբ կը պի­­­տակէի այն մար­­­դի­­­­­­­կը, որոնք բարձր ձայ­­­նով, հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կօրէն կը յայ­­­տա­­­­­­­րարէին իրենց քո­­­ւէն։ Այո՛, հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կօրէ՛ն, առա՛նց քա­­­շուե­­­լու, առա՛նց որե­­­ւէ զգու­­­շա­­­­­­­ւորու­­­թեան։

Իրա­­­րու օտար այս եր­­­կու եր­­­կիրնե­­­րու քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րուն ընտրու­­­թեան մօ­­­տեցու­­­մի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւնը ան­­­շուշտ մէկ կող­­­մէ ալ գլխուս մէջ կը բազ­­­մացնէր հար­­­ցա­­­­­­­կանի նշան­­­նե­­­­­­­րը. տեղ մը սխալ մը կար եւ չու­­­շա­­­­­­­ցայ հասկնա­­­լու, թէ ուր էր ատի­­­կա։

Տա­­­րիներ առաջ էր։ Նա­­­խընտրա­­­կան շրջան մըն էր դար­­­ձեալ, այ­­­սօ­­­­­­­րուան պէս։ Հա­­­մայնքա­­­յին կա­­­ռոյցնե­­­րու ժո­­­ղովին, հա­­­զար ու մի բար­­­դոյթնե­­­րով ծան­­­րա­­­­­­­բեռն ինքնա­­­կոչիկ մը եր­­­կար-բա­­­րակ քա­­­րոզ կար­­­դա­­­­­­­լէ եւ կա­­­ռավա­­­րող կու­­­սակցու­­­թեան մեր հա­­­մայնքին ըն­­­ձե­­­­­­­ռած են­­­թադրեալ հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւննե­­­րուն ա՛լ ձանձրա­­­ցու­­­ցիչ ու դդմա­­­համ յան­­­կերգը աւե­­­լորդ ան­­­գամ մը եւս կրկնե­­­լէ ետք ժո­­­ղովա­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն իբր թէ ծած­­­կա­­­­­­­բար թե­­­լադ­­­րեց քո­­­ւէար­­­կել յօ­­­գուտ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րուն։ Նոյ­­­նը ընե­­­լէ չէին խրտչեր նաեւ սե­­­ւազ­­­գե­­­­­­­ցեալ պաշ­­­տօ­­­­­­­նեաներ։

«Հը՛մմ,- կ՚ըսէի ես ին­­­ծի,- ու­­­րեմն գոյնդ կրնաս յայտնել եթէ չի տար­­­բե­­­­­­­րիր տի­­­րական երան­­­գէն»։ Կրնաս ու­­­րեմն բարձր ձայ­­­նով բա­­­ցայայ­­­տել քո­­­ւէդ՝ եթէ պատ­­­գամ մը կ՚ու­­­զես տալ վե­­­րին­­­նե­­­­­­­րուն։ Եթէ կ՚ու­­­զես գործդ քա­­­լեց­­­նել։ Կը պո­­­ռաս քո­­­ւէդ հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կաձայն բար­­­բա­­­­­­­ռով եթէ կ՚ու­­­զես ծա­­­ծուկ հա­­­շիւ­­­ներդ, գու­­­մա­­­­­­­րու­­­մի ու հա­­­նու­­­մի, բազ­­­մա­­­­­­­պատ­­­կումի ու բա­­­ժանու­­­մի գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւններդ կար­­­գադրել ըստ ար­­­ժանւոյն։ Եթէ կ՚ու­­­զես մնալ, նստիլ, բազ­­­միլ, տե­­­ղաւո­­­րուիլ հոն, զոր բռնագ­­­րա­­­­­­­ւած ես հա­­­զար ու մի քծին­­­քով, շո­­­ղոքոր­­­թութեամբ ու վա­­­ղուց ար­­­դէն տաք­­­ցուցած յե­­­տոյ­­­քովդ։ Դուն քու կա­­­շիդ եթէ կը մտա­­­ծես, եթէ կ՚ու­­­զես ել­­­լել շա­­­լակն աշ­­­խարհի՝ ու­­­րեմն կ՚ըսես քո­­­ւէդ բարձրա­­­ղաղակ. այնքան որ լսե­­­լի ըլ­­­լայ նաեւ վե­­­րերէն։

Յաչս վե­­­րին­­­նե­­­­­­­րուն իրենց գոյ­­­նը յայտնի դարձնող­­­նե­­­­­­­րուն մտայ­­­նութիւ­­­նը, անոնց զգու­­­շա­­­­­­­ւորու­­­թիւնը, վախ­­­կո­­­­­­­տու­­­թիւնն էր որ կ՚ար­­­գի­­­­­­­լէր, չէր ար­­­տօ­­­­­­­ներ ու­­­րիշնե­­­րուն յայտնե­­­լու իրենց քո­­­ւէնե­­­րուն պատ­­­կա­­­­­­­նելիու­­­թիւնը։ Մինչդեռ քա­­­ղաքա­­­ցիական արիու­­­թիւնը կը պա­­­հան­­­ջէր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւելու հա­­­ւասար պայ­­­մաններ, գոյ­­­նը յայտնի դարձնե­­­լը յա­­­ւելեալ քա­­­ջու­­­թիւն մը պէտք չէ են­­­թադրէր, այլ պէտք է ըլ­­­լար սո­­­վորա­­­կան, ըն­­­թա­­­­­­­ցիկ ելոյթ մը, բնա­­­կան յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւն մը։ Մարդ պէտք է քննա­­­դատա­­­բար մեր­­­ձե­­­­­­­նար այն բո­­­լորին, զորս գո­­­վաբա­­­նելու մրցան­­­քի մը ելած էին անոնք, որոնց գոյ­­­նը յայտնի էր շա­­­տոնց եւ ամէն­­­քին։ Պէտք է մտա­­­ծելու մղո­­­ւէինք, թէ ին­­­չո՛ւ կը կրկնէին անոնք՝ գոյ­­­նը յայտնի մար­­­դիկ, իշ­­­խա­­­­­­­նաւոր­­­նե­­­­­­­րուն բա­­­րեմաս­­­նութիւննե­­­րը՝ ան­­­տեսնե­­­լով հա­­­զարու­­­մէկ այն հար­­­ցե­­­­­­­րը, զորս ու­­­նինք. օրի­­­նակ, պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան չկա­­­տարո­­­ւող, ար­­­գի­­­­­­­լուող, կոպ­­­տօ­­­­­­­րէն մի­­­ջամ­­­տո­­­­­­­ւող ընտրու­­­թիւնը եւ դեռ հա­­­մայնքա­­­յին ձգձգո­­­ւող ընտրու­­­թիւննե­­­րը, իբր թէ վե­­­րադար­­­ձո­­­­­­­ւած սա­­­կայն մեր կրթա­­­կան հա­­­մակար­­­գին ու հան­­­րութեան առօ­­­րեային ոչինչ օգուտ բե­­­րող կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րը, իրա­­­ւական կար­­­գա­­­­­­­վիճակ չստա­­­ցող պատ­­­րիար­­­քութիւ­­­նը, աւե­­­լի աշ­­­խարհա­­­վար վար­­­չա­­­­­­­կան կա­­­ռոյ­­­ցի մը չստեղ­­­ծո­­­­­­­ւիլը, մեր ոտ­­­նա­­­­­­­հարո­­­ւած իրա­­­ւունքնե­­­րը, աւե­­­լի քան հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­մեայ ու հիւ­­­սի մը նման ուռճա­­­ցող ու­­­րա­­­­­­­ցու­­­մը, եկե­­­ղեցի­­­ներու առ­­­ջեւ խե­­­ւերուն կու­­­տա­­­­­­­կած աղ­­­բե­­­­­­­րը, պա­­­տերուն գրո­­­ւած ատե­­­լավառ ասոյթնե­­­րը, միաձայն մա­­­մու­­­լը… Ու ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւած, անո՛նց ստեղ­­­ծած այն կար­­­ծի­­­­­­­քը, թէ մե­­­զի, հա­­­յերուս չի վե­­­րաբե­­­րիր հա­­­րաւ-արե­­­ւել­­­քի կամ արե­­­ւել­­­քի մէջ կա­­­տարո­­­ւող իրա­­­դար­­­ձութիւննե­­­րը, ճնշումնե­­­րը, բռնա­­­ցումնե­­­րը, ան­­­մեղնե­­­րու ան­­­յայտ սպա­­­նու­­­թիւնը, լա­­­ւագոյն պա­­­րագա­­­յին՝ բան­­­տարկու­­­թիւնը, գի­­­շերանց կա­­­տարուող ձեր­­­բա­­­­­­­կալու­­­թիւննե­­­րը, գրա­­­ւոր, բա­­­նաւոր ու տե­­­սողա­­­կան մա­­­մու­­­լին վրայ ի գործ դրո­­­ւող սեղ­­­մումնե­­­րը, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան հետզհե­­­տէ չքա­­­ցու­­­մը, քիւրտե­­­րուն, ալե­­­ւինե­­­րուն, իս­­­լա­­­­­­­մացած հա­­­յերուն, կի­­­ներուն, մա­­­նուկնե­­­րուն, կեն­­­դա­­­­­­­նինե­­­րուն, բնա­­­պահ­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան խնդիր­­­նե­­­­­­­րը եւ… բռնա­­­ցող թա­­­թին ճնշու­­­մը բո­­­լորիս ու ամէն բա­­­նի վրայ, անոր մեր կո­­­կոր­­­դը սեղ­­­մե­­­­­­­լը։

Այս բո­­­լորի մա­­­սին կը լռեն անոնք, որոնք այնքան հա­­­մար­­­ձակ են իրենց քո­ւէին գոյ­­­նը յայ­­­տա­­­­­­­րարե­­­լու մէջ։

Բայց այ­­­սօր, յու­­­նիս 24-ի ընտրու­­­թեան սե­­­մին, լռե­­­լու չենք այ­­­լեւս։ Աղա­­­ղակե­­­լու, «ա՛լ կը բա­­­ւէ» ըսե­­­լու ենք, «կ՚օգ­­­տէ՛», «հե­­­րի՛ք է»…

Քո­­­ւէս ու ձայնս, ինչպէս վեր­­­ջին քա­­­նի մը ընտրու­­­թիւննե­­­րուն էր, կը պատ­­­կա­­­­­­­նի Ժո­­­ղովուրդնե­­­րու ժո­­­ղովրդա­­­վար կու­­­սակցու­­­թեան՝ ՀՏՓ-ին, որու շուրջ հա­­­մախմբուած են հա­­­սարա­­­կու­­­թեան ամե­­­նաճնշո­­­ւած եւ ճշմա­­­րիտ ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թեան մը ըն­­­ձե­­­­­­­ռելիք բա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րուն ամե­­­նակա­­­րօտ տար­­­րե­­­­­­­րը։ Ու ես այ­­­սօր կը յանձնա­­­րարեմ նախ­­­քան ձեր վերջնա­­­կան որո­­­շու­­­մը կա­­­յաց­­­նե­­­­­­­լը ան­­­գամ մը ծա­­­նօթա­­­նալ ՀՏՓ-ի նա­­­խընտրա­­­կան ծրա­­­գիրին, որ ի շարս բազ­­­մա­­­­­­­թիւ այլ հե­­­տաքրքրա­­­կան ու ան­­­յե­­­­­­­տաձ­­­գե­­­­­­­լի նիւ­­­թե­­­­­­­րու, միակն է կար­­­ծեմ որ կ՚անդրա­­­դառ­­­նայ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հետ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու բա­­­րելա­­­ւու­­­մին, սահ­­­մա­­­­­­­նի բաց­­­ման, ինչպէս նաեւ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան ու­­­սումնա­­­սիր­­­ման։ Դար­­­ձեալ ՀՏՓ-ն էր որ իր նա­­­խընտրա­­­կան քա­­­րոզ­­­չութեան ըն­­­թացքին քա­­­նիցս գոր­­­ծա­­­­­­­ծեց հա­­­յերէ­­­նը։ Պզտիկ սա­­­կայն խորհրդան­­­շա­­­­­­­կան ու խօ­­­սուն տո­­­ւեալ­­­ներ կու­­­սակցու­­­թեան հա­­­յերուն եւ առ­­­հա­­­­­­­սարակ Թուրքիոյ ստո­­­ւարա­­­թիւ ու փոք­­­րա­­­­­­­քանակ ժո­­­ղովուրդնե­­­րուն հան­­­դէպ ու­­­նե­­­­­­­ցած մօ­­­տեցու­­­մին…

Նա­­­խեւա­­­ռաջ պէտք է հա­­­ւատանք որ մեզ­­­մով կը փո­­­խուի ամէն ինչ…

Դեռ վեր­­­ջերս Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ կա­­­տարո­­­ւած իրա­­­դար­­­ձութիւննե­­­րուն թե­­­րահա­­­ւատու­­­թեամբ չէի՞նք մօ­­­տեցած, սա­­­կայն ահա­­­ւասիկ ար­­­դէն պատ­­­մութեան կը պատ­­­կա­­­­­­­նի Սերժ Սարգսեանի ու իր վար­­­չա­­­­­­­կար­­­գին աւե­­­լի քան տաս­­­նա­­­­­­­մեայ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը։ Ին­­­չո՞ւ նոյ­­­նը չի­­­րակա­­­նանայ նաեւ այստեղ եւ մենք ու­­­նե­­­­­­­նանք թարմ, նոր, աշ­­­խոյժ, երազ­­­նե­­­­­­­րով խան­­­դա­­­­­­­վառ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւն մը։ Ու­­­րեմն փոր­­­ձենք փո­­­խել, հա­­­ւատա՛նք մենք մե­­­զի…

Քո­­­ւէ մը տա՛նք Տեմիրթաշին ու քուէ մըն ալ՝ ՀՏՓ-ին…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ