Մարալ պարախումբի Երեւանեան համերգը յաջողութեամբ պսակուած

Էսաեան սա­­նուց միու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեան 70-ամեակի նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րու շրջա­­նակին մէջ «Մա­­րալ» պա­­րախումբը Հա­­յաս­­տան այ­­ցե­­­լելով ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ Սպեն­­տիեարեանի անո­­ւան օփե­­րայի շէն­­քին մէջ։ Հա­­մեր­­գին ներ­­կայ գտնո­­ւեցան Սփիւռքի նա­­խարա­­րու­­թեան տե­­ղակալ Դա­­ւիթ Սար­­գի­­­սեան եւ բազ­­մա­­­թիւ պոլ­­սա­­­հայեր։

Էսաեան սա­­նուց միու­­թեան ատե­­նապետ Մա­­րիամ Տրա­­մերեան հա­­մեր­­գի սկիզ­­բին ար­­տա­­­սանած ու­­ղերձին մէջ բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ Էսաեան վար­­ժա­­­րանի, հա­­մանուն սա­­նուց միու­­թեան եւ «Մա­­րալ» պա­­րախումբի գոր­­ծունէու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ Պա­­րու­­սոյց Կար­­պիս Չաբ­­քա­­­նի կող­­մէ մար­­զո­­­ւած խումբը Երե­­ւանի մէջ կրկնեց «Անոնց եր­­գե­­­րը պար, պա­­րերը երգ էին» խո­­րագ­­րեալ յայ­­տա­­­գիրը։ Խո­­րագ­­րի մէջ ակ­­նարկո­­ւածը Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետ, Սա­­յաթ Նո­­վա, Արամ Խա­­չատ­­րեան եւ Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանի նման հայ երաժշտու­­թեան հսկա­­ներն էին, որոնց մե­­ղեդի­­ները ներշնչած են զա­­նազան պա­­րու­­սոյցներ եւ հայ պա­­րային բե­­մին մա­­տու­­ցած հսկայ ժա­­ռան­­գութիւն մը։

Նշենք որ Կար­­պիս Չաբ­­քա­­­նի ստանձնած այս խիստ ծանր ու պա­­տաս­­խա­­­նատու առա­­քելու­­թեան մէջ իր ան­­մի­­­ջական գոր­­ծընկեր­­ներն են պա­­րու­­սոյցներ՝ Իրիս Չաբ­­քան, Սա­­րեմ Քիւլեկեչ Շե­­շետեան, նո­­ւագա­­խումբի խմբա­­վար Հայկ Գրի­­գորեան եւ մե­­նակա­­տար Էտ­­կար Խա­­չատ­­րեան։

Հա­­մեր­­գի աւար­­տին Էսաեան սա­­նուց միու­­թեան ատե­­նապե­­տու­­հի Մա­­րիամ Տրա­­մերեան պար­­գե­­­ւատ­­րո­­­ւեցաւ նա­­խարա­­րու­­թեան ոս­­կեայ շքան­­շա­­­նով, իսկ Կար­­պիս եւ Իրիս Չաբ­­քա­­­նին շնոր­­հո­­­ւեցաւ Կո­­միտա­­սի անուան շքանշան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ