Փայլան՝ ընդառաջ գալիք ընտրութիւններուն

ՀՏՓ-ի փոխ-համանախագահ եւ Պոլսոյ երեսփոխան Կա­րօ Փայ­լան Յու­նիս 24-ի ընտրու­թիւննե­րուն որ­պէս թեկ­նա­ծու առա­ջադ­րո­ւած է Տիգ­րա­նակեր­տէն։ Փայ­լա­նին հետ զրու­ցեց Ույկար Կիւլթե­քին՝ Տիգ­րա­նակեր­տէն առա­ջադ­րո­ւած ըլ­լա­լու առ­թած հո­գեկան վի­ճակին, Թուրքիոյ հա­յու­թեան ան­լուծե­լի խնդիր­նե­րուն ու քա­ղաքա­կան նպա­տակ­նե­րուն մա­սին։

«Ես մա­լաթիացի եմ։ Մեծ­ցած եմ Մա­լաթիայէն յա­մեցող յի­շատակ­նե­րով։ Զա­ւակն եմ ըն­տա­նիքի մը, որ չէ կրցած մնալ Մա­լաթիա ու ստի­պուած հե­ռացած ու գաղ­թած է Պո­լիս։ Հա­յեր, յոյ­ներ թէեւ մեծ մա­սամբ կը բնա­կին Պո­լիս, սա­կայն մենք ու­նինք նաեւ Անա­տոլո­ւին պատ­կա­նող ան­ցեալ մը, զոր կը կորսնցնենք։ Նպա­տակս է դար­ձեալ յի­շել ու յի­շեց­նել այս պատ­մութիւ­նը», կ՚ըսէ Փայ­լան։

Երես­փո­խանա­կան թեկ­նա­ծուն, որ պաշ­տօն ստանձնած էր նաեւ Տիգ­րա­նակեր­տի եկե­ղեց­ւոյ վե­րաշի­նու­թեան աշ­խա­տանքնե­րուն մէջ, բա­ւական ծա­նօթ է հի­նաւուրց այս քա­ղաքին։ «Տիգ­րա­նակեր­տի վե­րաբե­րեալ մեր երա­զան­քը անոր հայ­կա­կան հի­նաւո­րուց բնա­կավայր մը ըլ­լալն էր։ Եկե­ղեց­ւոյ վե­րաշի­նու­թիւնը, տեղ­ւոյն վար­չա­յին­նե­րուն ու հան­րութեան ցու­ցա­բերած օժան­դա­կու­թիւնը առե­րեսու­մի քայլ մըն էր յի­րաւի։ Եկե­ղեց­ւոյ վե­րաշի­նու­թիւնը մշա­կու­թա­յին կո­թող մը վերստին կանգնեց­նել չէր միայն, այլ հա­յը պատ­մութեան մէջ դնել էր հոն, որուն ար­ժա­նի է ան», յայ­տա­րարեց Փայ­լան։ Խօ­սելէ ետք ա՛լ տակ­նուվրայ եղած Սու­րի մա­սին, Փայ­լան յայտնեց, թէ եթէ խա­ղաղու­թիւնը վերստին իշ­խէ՝ պի­տի ըլ­լայ երես­փո­խան մը, որ կը փոր­ձէ կանգնեց­նել Տիգ­րա­նակեր­տը՝ իրեն ար­ժա­նի պատ­մութեամբ։

Անդրա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջերս պա­տահած զար­գա­ցումնե­րուն, Փայ­լան յոյս յայտնեց, թէ եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ առանց նա­խապայ­մաննե­րու եր­կխօ­սու­թեան հաս­տա­տու­մը առիթ պի­տի ըլ­լայ արե­ւելեան քա­ղաք­նե­րը յա­րաբե­րել Հա­յաս­տա­նի քա­ղաք­նե­րուն, ինչ որ կա­րեւոր պի­տի ըլ­լայ նաեւ պոլ­սա­հայու­թեան հա­մար։

Կա­րօ Փայ­լան ի պա­տաս­խան թղթա­կիցի յի­շեցու­մին, թէ ան չէ բա­ւակա­նացած ըլ­լալ փղոսկրեայ աշ­տա­րակի մէջ փա­կուած հայ երես­փո­խան մը, այլ բազ­մա­թիւ ելոյթներ ու­նե­ցած է նաեւ նիւ­թե­րու մա­սին, որոնք դուրս կը մնան հայ­կա­կան թղթած­րա­րէն։

«Ես մեր­ժե­ցի ըլ­լալ հայ մը, որ առ ի ցու­ցադրու­թիւն դրո­ւած է ցու­ցակնե­րուն վրայ։ Փոր­ձա­ռու եմ ու տե­ղեակ կրթա­կան խնդիր­նե­րու։ Տնտե­սագէտ եմ։ Քա­ղաքա­կան գետ­նի վրայ կ՚ու­զեմ պայ­քա­րիլ այս նիւ­թե­րու շուրջ։ Տնտե­սու­թե­նէ պա­տաս­խա­նատու փոխ-հա­մանա­խագահ եմ կու­սակցու­թեանս մէջ։ Պատ­կան բո­լոր յանձնա­խումբե­րուն մէջ ներ­կա­յացու­ցած եմ կու­սակցու­թեանս տնտե­սական քա­ղաքա­կանու­թիւնը։ Ու­նիմ քա­ղաքա­կան պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն։ Հպարտ եմ որ հայ եմ։ Հայ ժո­ղովուրդի պայ­քա­րը՝ իմ պայ­քարս է։ Սա­կայն Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան բո­լոր հար­ցե­րուն մա­սին խօ­սիլը ձեզ կը վե­րածէ հայ քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չի մը։ Ես ու­նիմ այդ յա­ւակ­նութիւ­նը», կը նշէ անո­ւանի գոր­ծի­չը։

Խօ­սելով պատ­րիար­քա­կան ու համայնքա­յին ընտրու­թիւննե­րուն մա­սին, որոնք տա­րինե­րէ ի վեր կը ձգձգո­ւին ու չեն իրա­գոր­ծո­ւիր, Կա­րօ Փայ­լան ըսաւ հե­տեւեալը. «Վար­չա­պետ Պի­նալի Եըլ­տը­րըմի հետ զրու­ցե­ցինք երեք ամիս առաջ։ Ըսի, որ չէք ար­տօ­ներ որ սա­կաւա­թիւ փոք­րա­մաս­նութիւն մը ընտրէ իր պատ­րիար­քը։ Եւ այս պա­րագան կ՚ու­նե­նայ իր հե­տեւանքնե­րը։ Ձե­զի հա­մար աւե­լի օգ­տա­կար է հայ հա­ւաքա­կանու­թի՞ւն մը, որ իր պատ­րիարքն ընտրած է ու զօ­րաւոր է, թէ հա­ւաքա­կանու­թիւն մը, որ չէ ընտրած իր առաջ­նորդը։ Եըլ­տը­րըմ ան­շուշտ նա­խընտրեց հա­ւաքա­կանու­թիւնը, որ ընտրած է իր պատ­րիար­քը։ Ան­մի­ջապէս յե­տոյ սա­կայն ի գործ կը դրո­ւի ապա­կեայ առաս­տա­ղը»։

Նա­խընտրա­կան քա­րոզար­շա­ւի ժա­մանակ պա­տահած հե­տաքրքիր դէպ­քե­րու մա­սին պատ­մե­լով, Փայ­լան ըսաւ, թէ ու­զած է եր­թալ ու տես­նել Ս. Կի­րակոս եկե­ղեցին, որ պա­շար­ման վի­ճակի մը մէջ է։ «Ու­զե­ցի այ­ցե­լել, տես­նել եկե­ղեցին։ Տիգ­րա­նակեր­տի կու­սա­կալը ան­պա­տաս­խա­նի կը ձգէ հե­ռաձայ­նա­յին զան­գերս։ Նշա­նակեալ պաշ­տօ­նեայ մը յար­գանք պէտք է ցու­ցա­բերէ ընտրեալ երես­փո­խանին։ Տիգ­րա­նակեր­տի մեր հո­գեւոր կեդ­րո­նը վնա­սուած չէ հա­կամար­տութեան հե­տեւան­քով, այլ վնա­սուե­ցաւ հա­կամար­տութե­նէն վերջ։ Եկե­ղեցին հսկո­ղու­թեան տակ պէտք է առ­նո­ւի։ Սու­րի մէջ շի­նարա­րական մե­քենա­ներ կը քան­դեն ամէն ինչ։ Պէտք է դադ­րի ան­յարգա­լից այս վե­րաբեր­մունքը։ Պե­թոնէ շէն­քեր կը կա­ռու­ցեն եւ վրան քա­րեր կը փակցնեն, յե­տոյ ալ կ՚ըսեն, թէ կը կա­ռու­ցեն։ Պատ­մա­կան տու­ներ ո՛չ թէ կը կա­ռու­ցո­ւին, այլ կը վե­րանո­րոգո­ւին։ Պե­թոնէ մտայ­նութիւ­նը կը կոր­ծա­նէ եր­կի­րը։ Տե­սայ, որ Սու­րի տու­նե­րը նկու­ղա­յին յար­կեր չու­նին, սա­կայն մե­քենան նախ շէն­քը կը քան­դէ, ապա գի­շերը կը վե­րադառ­նայ ու դար­ձեալ կը փո­րէ։ Մե­տաղ բա­ցայայ­տող յա­տուկ գոր­ծի­քով։ Ոս­կի կը փնտռեն։ Անհրա­ժեշտ է իշ­խա­նու­թիւն մը, որ կը յար­գէ ան­ցեալն ու ապա­գան։ Անա­տոլո­ւի չորս ծա­գերուն կան եկե­ղեցի­ներու, աղ­բիւրնե­րու մնա­ցորդներ։ Զանոնք վերստին կերտելու համար ունինք վերջին առիթ մը։ 20 տարի անց ա՛լ անկարելի պիտի ըլլայ», յայտնեց Փայլան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ