Ս.Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երկու թերթերու մէջ հրապարակեց թրքերէն յայտարարութիւն մը, որ կը զարդարէր անոնցմէ մէկուն առաջին էջը։ Կարգ մը արտայայտութիւններ զարմանքի մատնեցին մեզ։ Շիրինօղլու կ՚ըսէ. «Համայնքային մամուլին մէկ թեւին սնուցած անբախտ նախապաշարումները եւ ստեղծած շինծու օրակարգը, հասարակութեան լուսանցքային մէկ հատուածին մակերեսային մօտեցումներուն զուգահեռ կազմակերպուած ստորագրահաւաքները եւ խորհրդատուի մը նման վէճին մասնակցող կարգ մը ընտրեալ վարիչներ… Ասոնց մատնանշած տխուր իրականութիւնը դժբախտաբար կը ստիպէ մեզ խորհրդածելու»։
Ակնյայտ է որ ակնարկը ուղղուած է «Ակօս»ին։ Պէտք է ընդգծենք, որ շինծու օրակարգ մը գոյութիւն չունի։ Շիրինօղլու Համբարձման հաւաքոյթին կատարած իր յայտարարութեան մէջ նշած էր, թէ հիւանդանոցի պիւտճէէն նպաստ պիտի չտրամադրուի կամ դոյզն օժանդակութիւն մը պիտի ըլլայ, եթէ չմիանան Մերամեթճեան, Էսաեան ու Կեդրոնական վարժարանները։
Իր այս յայտարարութենէն ետք ալ գլխաւորութեամբ Կեդրոնականի սաներուն՝ հետաքրքիրներու մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ հակազդեցութեան ու բանավէճի մթնոլորտ մը։ Կեդրոնականցիներ գումարեցին ժողով մը։ «Ակօս»ի էջերուն տեղ տրուեցաւ ինչպէս այս, նոյնպէս եւ Շիրինօղլուի յայտարարութիւններուն ի նպաստ տեսակէտներու։ Նիւթը դեռ կը քննարկուի։ Շինծո՞ւ… Հարկ չկայ կրկնելու։ Այս գրութիւններէն ետք կայացած ՎԱՏԻՓ-ի ժողովին Շիրինօղլու ջղային ձեւով մը «Կարգը իրեն ալ պիտի գայ» ըսած է մեր աշխատակից Յովհաննէս Քըլըչտաղըին։ Այս խօսքերուն մէջ սպառնալիք մը նկատած հայ հաւաքականութեան յառաջատար գրողները, արուեստագէտները, ակադեմականները Շիրինօղլուն հրաւիրած են ներողութիւն խնդրելու Քըլըչտաղըէն։ Ամէն ինչ բացայայտ է։ Ստորագրադիրներուն անունները յայտնի են։ Այսինքն բաւական դժուար է խօսք ընել «լուսանցքային հատուածի մը մակերեսային մօտեցումներէն»։
«Ակօս»ի հետ բանավիճիլը թերեւս որոշ շրջանակներու մէջ «պատիւ» մը կը բերէ ձեզի, սակայն դուք պէտք է խօսիք մեր հաւաքականութեան, մեր հաստատութիւններուն հետ, ուր կայ իրական ու սիրտ ցաւցնող օրակարգ մը՝ գլխաւորութեամբ պատրիարքական ու համայնքային չկատարուող ընտրութիւններու։
ԱԿՕՍ