Ինչպէս նախկին ընտրութիւններու նախօրէին այս անգամ ալ ՀՏՓ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղը փափկավարական այցելութիւն մը կատարեց «Ակօս»ի խմբագրատուն՝ ծանօթացնելու համար այս տարածաշրջանի իր թեկնածուն՝ լրագրող Ահմետ Շըքը։ Ահմետ Շըք Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներու խորհրդանշան դարձած անուն մըն է, որ այս ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը կ՚առաջադրէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան շարքերէն ներս։ Ան իբրեւ պաշտօնակից ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ «Ակօս»ի երդիկին տակ, ուր առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց բանտարկութեան օրերուն իրեն հանդէպ ցուցադրուած զօրակցութեան համար։ Շըք այս այցելութեան առթիւ բացատրութիւններ փոխանցեց պատմելով թէ ինչու համար նախընտրած է այս կուսակցութիւնը եւ այդ նախընտրութիւնը ինչ արձագանգներ ունեցած է իր անմիջական շրջանակին մօտ։ Ան հաւաստիացուց, որ ժողովրդական սկզբունքներու առումով առաջնակարգ է այս կուսակցութեան որդեգրած գաղափարախօսութիւնը, հետեւաբար ինք բնականօրէն տեղ գտած է կուսակցութեան շարքերուն մէջ։
Շըք այս այցելութենէն ետք նոյն օրը երեկոյեան ժամերուն ալ այցելեց Մուսա Լերան հայրենակցական միութիւն, որու շրջանակներէն ներս եւս կը վայելէ մեծ համակրանք։