ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Յունիս 24-ի նախագահական ու խորհրդարանական համատեղ ընտրութիւններու նախօրէին մասնակից կուսակցութիւնները եւ անոնց նախագահի թեկնածուները բուռն կերպով կը շարունակեն իրենց քարոզարշաւը։ Ոմանք աւելի բախտաւոր են այս առումով, ոմանք՝ անբախտ. հեռատեսիլի կայաններ, տպագիր մամուլ, ընդարձակ հրապարակներ, պաստառներ անսահմանօրէն տրամադրուած են իրենց, կան նաեւ որ հազիւ քանի մը վայրկեան կ՚երեւին հանրութեան, կը սահմանափակուին իրենց կարելիութիւնները բանտի չորս պատերով…
Իշխող կուսակցութիւնն ու նախագահի իր թեկնածուն անկասկած ամենաբախտաւորներն ու ամեներանելի վիճակի մը մէջ գտնուողներն են։ Արդէն ուզէք կամ ոչ՝ կը տեսնէք, կը լսէք, կը կարդաք, կը զգաք… մէկ խօսքով՝ կ՚ենթարկուիք։ Ամենուրեք են անոնք։ Նոյնիսկ եկեղեցիներուն մէջ։
Գիտենք արդէն, որ կրօնական հաւատալիքները իրենց քարոզչութիւնը ընելու նպատակով գործածելու մեծ վարպետ են ներկայ իշխանութիւնները։ Հասարակութեան կրօնական զգացումները շահագործելու բազմաթիւ օրինակներով լեցուն է անոնց ղեկավարման ժամանակահատուածը։ Մզկիթներու մէջ, աղօթքի, նոյնիսկ զինուորներու յուղարկաւորութեան պահուն, մահմետական կրօնաւորներուն կամ նոյնինքն քաղաքական գործիչներուն կողմէ տրուած քարոզներուն ու պատգամներուն մէջ են անոնք, գաղտնաբար, անզգալաբար, երբեմն բացայայտօրէն, սանձարձակաբար, իբր թէ յանուն հաւատքի կամ յանուն իրենց պաշտած աստուծոյ, սակայն խորքին մէջ սա կամ նա արարքը արդարացնելու կամ սա կամ նա անձը սիրելի կամ ատելի ցոյց տալու, սա կամ նա հոսանքը սեւցնելու զգացումը կամ գիտակցութիւնն է որ կը ներարկեն տգէտ ժողովուրդին ենթագիտակցութեան մէջ։
Նախընտրական շրջանին քարոզչութեան վայրերու վերածուեցան նաեւ հայ առաքելական համայնքին եկեղեցիները։ Աւելի քան հարիւր տարի առաջ «բաց ու գոց»ի խնդիր մը կար։ Եկեղեցիները բանա՞լ թէ գոցել քաղաքական քարոզչութեան առջեւ։ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն՝ 1908-էն ետք, հայ քաղաքական գործիչներ եւս խորհրդարանական ընտրութեանց նախօրէին կամ այլ առիթներով քարոզչութիւն կ՚իրականացնէին եւ առ ի չգոյէ ընդարձակ սրահներու՝ կը գործածուէին եկեղեցիները, ինչ որ բուռն վէճերու պատճառ կը դառնար։ Հանրային այս քննարկումներուն միջամտած էին ժամանակի կաթողիկոսն ու պատրիարքն ալ։ Անշուշտ, ներկայիս նման վէճ մը արծարծել թէ՛ անիմաստ, թէ ժամանակավրէպ է. եկեղեցիներու ատեանները վաղուց արդէն վերածուած են սրահներու, ուր տեղի կ՚ունենան համերգներ, բանախօսութիւններ եւ նման ձեռնարկներ։ Քննարկելին՝ քաղաքական քարոզչութեան եկեղեցականներուն կողմէ կատարուելուն պարագան է։
Էսայեան Քուզկունճուքի մէջ
Թերեւս գիտէք, խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորներէն մէկն ալ Մարգար Էսայեան անունով անձ մըն է։ Որպէս պատգամաւոր երեւելի գործունէութիւն մը չունենալուն՝ իր անունը շատերուն անծանօթ կրնայ ըլլալ։ Այս անձը անցեալ շաբաթ այցելեր էր Քուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին. անշուշտ, նպատակը եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան ներկայ ըլլալ չէր։ Ան այցելած է Քումքաբուի «փոխանորդարան»ը եւ համայնքային թերթ մըն ալ։ Քուզկունճուքի եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք սարքուած սիրոյ սեղանի ընթացքին կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպսկ. Մաշալեան չի մոռնար ողջունելու նաեւ Էսայեանը։ Եպիսկոպոսը քաղաքավարութեան սահմաններէն ասդին մնալով չի բաւականանար սակայն պարզ ողջոյնով մը, այլ մունետիկի մը նման կը գովաբանէ ենթական։ «Դուք, -կ՚ըսէ սրբազանը՝ խօսքն ուղղելով ներկաներուն,- գիտէք Մարգար Էսայեանի անունը,- կ՚ըսէ,- սակայն կրնաք չգիտնալ այն գործերը, զոր ինք կ՚ընէ, որոնք չեն երեւիր մամուլին մէջ,- կ՚ըսէ,- բայց ես գիտեմ զինքը», կ՚ըսէ սրբազանը։ Մաշալեան երանի ըսէր նաեւ թէ ինչե՛ր ըրած է Էսայեան, որպէսզի մենք ալ գիտնայինք։ Ինչե՜ր ըրեր է Էսայեանը, որոնք չեն երեւցեր մամուլին մէջ։ Զարմանալի… Ան իր չըրած Թուզլայի քամփի վերադարձն իսկ չարշաֆ-չարշաֆ յայտարարութիւններով ժամանակին տպել տուած էր թերթերուն ու հանդէսներուն մէջ, հապա ըրածները ինչպէ՞ս ծածուկ ձգէր որ…
Շատ դիւրին է։ Հաճեցէք բանալ ու համացանցի միջոցով կարդալ խորհրդարանի սղագրութիւնները, որոնք հասանելի են ամէնքին. Մարգար Էսաեան արդեօք ելոյթ մը ունեցա՞ծ է Թուրքիոյ հայութիւնը յուզող որեւէ խնդրի շուրջ, օրինակ՝ խօսա՞ծ է արդեօք պատրիարքական ընտրութեան հարցին մասին, համայնքային հաստատութիւններու չկատարուող ընտրութիւններուն մասին նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկա՞ծ է արդեօք։ Ձգե՛նք խորհրդարանը մէկ կողմ։ Համայնքային որեւէ ձեռնարկի մը տեսա՞ծ էք իր օրհնեալ դէմքը։ Լսա՞ծ էք իր ելոյթը։ Առհասարակ ծանօ՞թ էք իրեն։
Սահակ Մաշալեան եպիսկոպոսը, որու սա կամ նա անձի կամ անցքի վերաբերող վկայութիւնները անկասկած կարեւոր են շատերուն համար, թող հաճի յայտնել, թէ ծածկաբար ինչե՛ր ըրած է Էսաեան, այլապէս պիտի իյնայ համբակ քաղաքական գործիչի մը մունետիկը դարձած ըլլալու խեղճ դիրքին մէջ եւ պիտի ենթարկուի քաղաքական նիւթերուն միջամտելու մեղադրանքին, որ ո՛չ միայն վայել չէ որեւէ հոգեւորականի, այլ նաեւ դուրս կը մնայ անոր գործունէութեան ծիրէն։
Իֆթար պատրիարքարանի մէջ
Դեռ նոր, հազիւ երկու օր առաջ կայացած էր փոքրամասնութեանց աւանդական իֆթարի ընթրիքը, Ֆեների յունաց վարժարանի պարտէզին մէջ, վաքըֆներէ պատասխանատու փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի մասնակցութեամբ։ Թարմ էին տպաւորութիւնները, երբ յանկարծ, ի զարմանս բոլորի, իֆթարի լուր մըն ալ հասաւ Քումքաբուի «փոխանորդարան»էն։ Այո, զարմանալի էր, քանի որ աննախադէպ էր։ «Պատուոյ» սեղանին շուրջ հաւաքուած էին «փոխանորդ» Արամ Աթէշեան ու իր մտերիմը՝ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու, Սահակ եպսկ. Մաշալեան՝ կողքին ունենալով դեռ անցեալ տարի իր ու ընտրեալ տեղապահին առջեւ Մայր եկեղեցւոյ դռները չուանով մը գոցած ու «փոխանորդ»ին ընդդիմադիրները ոստիկանին յանձնելու սպառնալիքով վախցնել փորձող Հրանդ Մոսկոֆեանը (արդեօք ինչե՞ր ըսաւ Սիւլէյման Սօյլուին), նախկին նախարար Էկեմեն Պաղըշ, որ հանրութեան խղճին առջեւ տակաւին արդարացած չէ՝ իրեն ուղղեալ կաշառակերութեան մեղադրանքներուն պատճառով, անշուշտ Մարգար Էսաեանը, որ մէկէն յիշած է որ հայ է, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձու Պետրոս Շիրինօղլուն։ Հիւրերու կարգին, մեր փափկասուն տիկիններուն ու պարոններուն սեղանակից էին նաեւ «Օսմանլը օճաքլարը» եւ «Տիրիլիշ կենչլիք» անուն կազմակերպութիւններէ բարձրաստիճան անուններ, որոնց հետ սերտ կապեր հաստատած է «փոխանորդը» եւ ատեն-ատեն կը հիւրընկալուի ալ անոնց կողմէ։
Փոխանորդարանը, ի՛րապէս, նախանձելի վիճակի մը հասած է ու կ՚ապրի իր փառքի՜ օրերը…
Հետաքրքիր է գիտնալ, թէ ինչո՛ւ սարքուած էր այս հաւաքոյթը։
Ա) Կրօնական դրդապատճառներով, որովհետեւ մերինները խոր յարգանք կը տածեն իսլամական արժէքներուն նկատմամբ։
Բ) Քծնելու համար աւագանիին, որովհետեւ յաւելեալ առիթներ պէտք է ստեղծել ցոյց տալու համար երկրին հաւատարիմ քաղաքացիները ըլլալու հանգամանքը։
Գ) ԱՔՓ-ի նախընտրական քարոզչութիւնը իրականացնելու համար, որովհետեւ մամուլը բաւարար արձագանգ չի հանդիսանար իշխող կուսակցութեան գործունէութեան եւ հոգեւորականները, ինչպէս կը պահանջէ աւետարանը, կը կանգնին տուժողի կողքին։
Դ) Ապահովելու համար Արամ Աթէշեանին ընտրութիւնը եւ ամրացնելու համար անոր բռնագրաւած դիրքը, որովհետեւ փոխանորդը սիրելի ու ցանկալի անուն մը չէ իր համայնքին մէջ եւ պէտք ունի Սօյլուի, «Օսմանլը օճաքլարը»ի ու «Տիրիլիշ կենչլիք»ի պէս պապուլաներով վախցնելու իւրայինները։
Ե) Մեթրօն հասցնելու համար մինչեւ պատրիարքարանին դուռը, որովհետեւ երբ Ենիքափուի կամ Էմինէօնիւի մէջ ճամբաները գոցուին՝ խորհրդակցական մարմինի անդամներուն օթօները ճամբաները կը մնան եւ ծերակուտականները չեն կրնար հասնիլ փոխանորդարան։
Բայց վստահաբար գիտե՛նք, թէ ինչու համար չէ՛ր սարքուած այս իֆթարը։
Ա) Ապահովելու համար պատրիարքական ընտրութիւնը, որովհետեւ կարիք չունինք նոր պատրիարքի մը։ Եղածը լաւագո՜յնն է։
Բ) Ապահովելու համար համայնքային ընտրութիւնները, որովհետեւ կարիք չունինք նոր թաղականներու կամ հոգաբարձուներու. անոնք դեռ ըստ արժանւոյն չեն կողոպտած ու չեն թալանած իրենց յանձնուած հաստատութիւնները։
Գ) Ապահովելու համար վարժարաններուն ապագան, որովհետեւ հոգաբարձու պարոնները տակաւին անոնց թիւը նուազագոյնի, այսինքն մէկի իջեցուցած չըլլալնուն՝ դեռ ապագայի մասին մտածելը յարմար չեն նկատեր։
Դ) Ապահովելու համար պարոն Կարմիրեանին շքանշանը, քանի որ պարոն Կարմիրեանի շքանշանին գործը շատոնց արդէն կարգադրուած է եւ փոխանորդը անոր լամբակը շուտով պիտի զարդարէ կլորիկ մետայլով մը։
Ե) Բոլորը։
Ինչ որ ցանես՝ զայն կը հնձես։
Մերինները իֆթար ու գովեստ կը ցանեն, տեսնենք ասոնց հունձքը ի՛նչ պիտի ըլլայ…