ՔԱՒԱԼԱ ԿԸ ԴԻՄԷ ՄԻԵԱ

Աւե­­­լի քան 200 օրէ ի վեր ձեր­­­բա­­­­­­­կալո­­­ւած հա­­­սարա­­­կական գոր­­­ծիչ ու գոր­­­ծա­­­­­­­րար Օս­­­ման Քա­­­ւալա դի­­­մեց Մարդկա­­­յին իրա­­­ւանց եւ­­­րո­­­­­­­պական ատեան՝ «եր­­­կա­­­­­­­րատեւ ձեր­­­բա­­­­­­­կալու­­­թեան» դէմ բողոքներով։

Գոր­­­ծա­­­­­­­րար Քա­­­ւալա այս լու­­­րը հան­­­րութեան յայտնեց Յու­­­նիս 11-ին, Սի­­­լիվ­­­րիի բան­­­տէն յղած իր նա­­­մակով։ Աւե­­­լի քան եօթը ամի­­­սէ ի վեր բան­­­տի մէջ պա­­­հուող Քա­­­ւալա­­­յի մա­­­սին տա­­­կաւին որե­­­ւէ ամ­­­բաստա­­­նագիր պատ­­­րաստո­­­ւած չէ։

Հան­­­րա­­­­­­­յին գոր­­­ծի­­­­­­­չը իր դի­­­մու­­­մը պատ­­­ճա­­­­­­­ռաբա­­­նեց «ան­­­մե­­­­­­­ղու­­­թեան կան­­­խա­­­­­­­վար­­­կա­­­­­­­ծի ճա­­­նաչ­­­մամբ եւ մար­­­դու ազա­­­տու­­­թեան տրո­­­ւած ար­­­ժէ­­­­­­­քով»։

«Մա­­­յիսի աւար­­­տին Սի­­­լիվ­­­րիի մէջ բնա­­­կու­­­թեանս եօթ­­­նե­­­­­­­րորդ ամի­­­սը լրա­­­ցաւ։ Կը սպա­­­սենք ամ­­­բաստա­­­նագի­­­րի պատ­­­րաստու­­­թեան։ Մեր­­­ժո­­­­­­­ւած են ազատ ար­­­ձակման ուղղեալ բո­­­լոր դի­­­մումնե­­­րը։ Յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւն մը կա­­­տարե­­­լու հա­­­մար ու­­­զած էի տես­­­նել թղթած­­­րա­­­­­­­րիս մէջ գտնո­­­ւող ին­­­ծի վե­­­րաբե­­­րեալ փաս­­­տե­­­­­­­րը, որով­­­հե­­­­­­­տեւ ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թեան հար­­­ցաքննու­­­թեան ժա­­­մանակ ցոյց տրո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րը շօ­­­շափե­­­լի փաս­­­տեր չէին։ Մեր այս պա­­­հանջքն ալ մնաց ան­­­պա­­­­­­­տաս­­­խա­­­­­­­նի։ Սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան ատեանէն ետք, դի­­­մեցինք ՄԻԵԱ», գրած է Քա­­­ւալա՝ նշե­­­լով, թէ այս ատեանը աւե­­­լի լաւ գի­­­տէ Եւ­­­րո­­­­­­­պական մարդկա­­­յին իրա­­­ւանց յու­­­շա­­­­­­­գիրը։ Քա­­­ւալա նշած է, թէ դա­­­տարա­­­նի մը անար­­­դար որո­­­շու­­­մին դէմ չէ իր առած քայ­­­լը, այլ առանց դա­­­տարա­­­նի, ձեր­­­բա­­­­­­­կալու­­­թեան եր­­­կա­­­­­­­րատեւ ժա­­­մանա­­­կին, ինչ որ կ՚առնչո­­­ւի ան­­­մե­­­­­­­ղու­­­թեան կան­­­խա­­­­­­­վար­­­կա­­­­­­­ծին ու մարդկա­­­յին ազա­­­տու­­­թեան։ «ՄԻԵԱ-ին կա­­­տարո­­­ւած դի­­­մու­­­մը թէեւ վստա­­­հու­­­թիւն ներշնչող իրա­­­ւունք մըն է, սա­­­կայն մարդ ինքզինք ան­­­հանգիստ կը զգայ՝ բա­­­ցայայ­­­տե­­­­­­­լով քա­­­ղաքա­­­ցին եղած պե­­­տու­­­թեան ան­­­ձիդ ազա­­­տու­­­թեան հան­­­դէպ ցու­­­ցա­­­­­­­բերած ար­­­ժէ­­­­­­­քը», սրտցա­­­ւօրէն յայտնած է ան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ