Էսաեան վարժարանի մէջ կայացաւ արեւմտահայ բանաստեղծ, հասարակական գործիչ, մանկավարժ Վահան Թէքէեանի անձին ու գործին նուիրուած աշակերտական երեկոյթ մը։
Երեկոյթի հիւրերն էին Էսաեան վարժարանի սաներուն ընտանիքներն ու գեղարուեստասէրներ։ Լիսէի աշակերտներուն արտասանած Թէքէեանի բանաստեղծութիւնները եւ անոնց մեծ քերթողի յիշատակին առջեւ արտայայտած զգացումները մեզ առիթ ընձեռեցին քաջալերելու զիրենք։ Մօտ 22 աշակերտներ իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն՝ Մարալ Սաթար Էպէօղլու եւ Արմաւենի Միրօղլուի ջանքերով գերազանց հանդէս մը գործադրեցին։ Ուսանողները բացի բանաստեղծութիւններէ, արտասանեցին նաեւ Թէքէեանի՝ Արշակ Ալպոյաճեանին գրած քանի մը նամակները։
Պատանիներ մեծ ոգեւորութեամբ իրենց զգացումները գրի առած էին յատուկ Թէքէեանի համար պատրաստուած պրակի մը մէջ։ Անոնք երկտող նախադասութիւններով կ՚արտայայտուէին Թէքէեանի մասին՝ «Մե՛ծ հպարտութիւն, Հրաշալի՛… Շատ զգացուեցայ։ Թէքէեան հասկնալ, Թէքէեանը զգալ, անբացատրելի էր» եւ նման ասոյթներով։
Բաւական ջանք ու եռանդ ի գործ դրուած երեկոյթի աւարտին բարձրախօսը յանձնուեցաւ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Սաթենիկ Նշանին եւ ան իր բարեմաղթանքները յղեց ներկայ հանդիսականներուն եւ շնորհաւորեց ու գնահատեց ձեռնարկին կազմակերպիչներն ու մասնակիցները։