Ուղիղ հինգ տարիներ անցած են Պոլիսը համաշխարհային օրակարգի կեդրոնին բերող «Կէզի» զբօսայգիի ծանօթ ապստամբութեան վրայէն։ Սակայն անցնող այդ տարիները բաւարար չեն եղած, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ իր կուսակցութեան շրջանակները թօթափեն այդ շարժումին պատճառած սարսափը։ Արդարեւ Էրտողան մինչեւ օրս կը փորձէ շահագործել այդ դէպքերուն տեղի տուած դրդապատճառները։ Նախագահը կը պնդէ թէ «Կէզի»ն օտարականներու դաւադրութիւն մըն էր Թուրքիոյ վերելքը կասեցնելու համար։
Միւս կողմէ «Կէզի»ի ապստամբութիւնը կը շարունակէ նաեւ ոգեւորել այն բիւրաւոր ժողովուրդը, որոնք մեծ յուզումով մասնակից եղած էին դէպքերուն։ Անշուշտ որ իշխանութեան ենթակայ մամուլը տող մը իսկ չի գրեր կամ չի խօսիր այս նիւթին շուրջ, իսկ անդին ընդդիմադիր մամուլը ամենօրեայ հերթականութեամբ կը սփռէ ապստամբութեան օրագրութիւնը։ Անշուշտ, որ այդ լրատուութեան մէջ կայ նաեւ շատ տխուր պատահարներ, որոնք յաճախ կը դադրեցնեն գոյացած ջերմ եռանդը։ Յատկապէս ընդդիմադիր «Արթը» հեռուստակայանն է, որ օրըստօրէ կը փոխանցէ պատահածները որոնք շարունակած էին ամբողջ ամսուայ մը տեւողութեան։ Իսկ ի,նչ էր «Կէզի»ի թելադրած իմաստը։ Իրականութեան մէջ մարդիկ ինչո՞ւ համար այդքան մեծ զանգուածներով մասնակցած էին բողոքի ցոյցերուն։ Այս հարցումները ալ աւելի խոր իմաստ կը ստանան մանաւանդ Հայաստանի մէջ ապրուած թաւշեայ յեղափոխութենէ ետք։
Ուրեմն գաղտնիք չէ, որ ճնշումները տեղի կու տան պայթումներու։ «Կէզի»ի ապստամբութեան դէպքն ալ ահա այդ հոգեբանութեան մէջ է, որ բռնկած էր ալ կը բաւէ ըսելու համար ոստիկանական բռնութեան։ Իրաւ ալ աշխարհի դժուարագոյն աշխատանքներէն մէկը ըլլալու է ոստիկանութիւն կոչուածը։ Ան դժուար է որովհետեւ նման պարտականութիւն ստանձնողը կը հրաժարի իր կամքէն եւ կ՚ուխտէ հլու կերպով հնազանդիլ հրամանատարին։ Անշուշտ որ ոստիկանի հրամանատարը շուտով կը ճարէ իրեն համար գործածական այլ եւ այլ պատճառաբանութիւններ։ Չէ՛ որ ան կարգապահութեան կը հսկէ։ Չէ՛ որ իր հսկումէն կախեալ է քաղաքացիներու անվտանգութիւնը։ Այս եւ տակաւին զանազան պատրուակներով ոստիկանը հանրութեան կը ներկայանայ իբրեւ օրէնքներու երաշխիք։ Այս հաստատումը այնքան յաճախակի կերպով կրկնուած է, որ հազիւ շատ քիչեր կը փորձեն այդ հաստատումը հարցաքննել։ Մինչդեռ զանազան օրինակներով գիտենք, թէ շատ անգամ դէպքերուն անզսպութեան հասնելու բուն պատճառը նոյն ինքն ոստիկաններու աշխատանքի եղանակն է։ Ցանկացած ցոյց շատ աւելի խաղաղ կ՚ընդանայ մինչեւ այն պահը, երբ ոստիկանները պիտի փորձեն անվտանգութիւնը հաստատել։ Ահա այդ պահէն ետք ամէն ինչ իրար կը խառնուի, ցուցափեղկեր ջարդուփշուր կ՚ըլլան, մարդիկ բռնութեամբ բերման կ՚ենթարկուին եւ այդ բոլորին մեղքն ու պատասխանատուութիւնը կը բեռցուի ցոյց կատարողներու ուսերուն։ Մենք այս պատկերը լաւ գիտենք նաեւ Մայիս մէկեան դէպքերու բերմամբ։ Հոն եւս ոստիկաններն են, որ կը գրգռեն ժողովուրդը եւ ապա կը դիմեն, այդ իրենց կողմէ գրգռուած ժողովուրդը մեկուսացնելու։
Սակայն «Կէզի»ի ապստամբութիւնը բացի իր ինքնաբուխ ծաւալումէն ուշագրաւ էր նաեւ իր մէջ պարունակած երգիծանքի հարստութեամբ։ Զարմանք յառաջացնող բազմաթիւ երեւոյթներ իւրաքանչիւր օր իրարու յաջորդեցին։ Երբ օր մը ընկերային ցանցերու մէջ ձեռքէ ձեռք կը բաժնուէր ոստիկաններու ջրցան մեքենայի դիմաց հնադարեան դիցուհու մը նման կանգնած կարմիր զգեստով կնոջ պատկերը, յաջորդ օր բոլորը զարմանքով կը դիտէին Թաքսիմի հրապարակ իջեցուած ռոյալ դաշնամուրը եւ զայն նուագող դաշնակահարը։ Պուլղարացի գործիչը իր երկրէն հետեւելով Թաքսիմի անցուդարձերուն չէր ուզած անմասն մնալ եւ ռոյալը բեռցնելով ինքնաշարժին, հասած էր Թաքսիմ։ Այդ օրերու անցուդարձերը յոյսի նշոյլներ են պարզապէս, որոնց իրականացման ականատես եղանք Երեւանի անհնազանդութեան օրերուն։
Իշխանութիւնները թող մնան իրենց սարսափին մէջ մենք հինգերորդ տարեդարձին մեծ հրճուանքով կը յիշենք 2013-ի Յունիսեան այդ վառ օրերը։
pakrates@yahoo.com