Երբ Թուրքիոյ օրակարգը ամբողջովին մխրճուած է մօտակայ ընտրութեան խնդրին, «Ակօս» ալ ինքնաբերաբար կը հետաքրքրուի թեկնածուներուն հետ։ Կ՚ուզէ իր ընթերցողներուն փոխանցել յատկապէս հայոց հետ առնչուած նիւթերու շուրջ իրենց կարծիքները։ Այսպէս խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ երկար տարիներ պաշտօնավարած Իւնալ Չեվիքէօզի հետ, որ մօտակայ ընտրութիւններուն թեկնածու ներկայացած է Հանրապետական կուսակցութեան ցանկերէն։ Հարցազրոյցի ընթացքին յատկապէս երկրին արտաքին քաղաքականութեան մասին զանազան կարծիքներ փոխանակելէ ետք Չէվիքէօզ կ՚անդրադառնայ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, կը մեկնաբանէ այդ յարաբերութեան կղպուած ըլլալու դրդապատճառները եւ ապագայի նկատմամբ ակնկալիքները։ Տանձիկեան յատկապէս կ՚ուզէ լսել Հայաստանի իշխանափոխութենէ ետք Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն ընկալման մասին։ Ծանօթ դիւանագէտը կ՚ըսէ թէ նախ եւ առաջ Հայաստանի հասարակութիւնը յաջողած է իշխանափոխութիւն կատարել առանց ծանր հետեւանքներու մատնուելու։ Ան կը կարեւորէ Փաշինեանի երկու կոչերը, որոնք ուղղուած էին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին։ Կը կարեւորէ անոր առանց նախապայմաններու երկխօսութիւն հաստատելու մասին կոչը եւ նաեւ կարեւոր կը գտնէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան միայն ու միայն խաղաղ միջոցներով լուծումի յանգելու անհրաժեշտութիւնը։ «Ըստ իս այս երկուքն ալ շատ կարեւոր պատգամներ են եւ արժանի են լրջօրէն քննարկումի»։
Չէվիքէօզ կը խօսի նաեւ սահմանին փակ ըլլալու խնդրի մասին եւ կ՚ըսէ թէ սահմանի փակ ըլլալը ընդհանուր տարակարծութեան միայն մէկ երեսակն է։ «Եթէ Կովկասներէ ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խնդիրները անտառի մը նմանեցնենք սահմաններու հարցը այդ անտառի մէջ միայն մէկ ծառին նշանակութիւն ունի։ Հետեւաբար հոն կեդրոնանալով չենք կրնար ընդհանուր պատկերացում գոյացնել։ Այս տեսակի մերձեցումը ինքնաբերաբար նախապայմանի մը յայտնութեան պատճառ կը դառնայ եւ նոյնիսկ այդ նախապայմանը լուծուի խնդրի ամբողջութիւնը կը շարունակէ անլոյծ մնալու։ Մենք ստիպուած ենք խնդիրը ծաւալուն թղթածրար մը ըլլալով մեր առջեւ ունենալու եւ այդ պահուն ալ կը տեսնենք, թէ խնդիրը ունի երեք հիմնական կողմեր, որոնք են Թուրքիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ Նոյնիսկ որոշ չափով կողմ համարելու ստիպուած ենք Իրանը եւ Ռուսաստանը։ Ուրեմն այս բազմակողմանի խնդիրը կողմերէն կը պահանջէ զգոյշ եւ պատասխանատու մերձեցում»։
Իւնալ Չէվիքէօզ տակաւին կ՚անդրադառնայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերջին ժամանակներուն մատնուած տեղաշարժներուն։
«Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը վերջերս որոշ վերիվայրումներ ապրեցաւ։ Այժմ կառավարութիւնը հեռու է յստակ ռազմավարութիւն մը գործադրելէ։ Կը տուայտի տարբեր հոսանքներու միջեւ։ Կարծես առօրեայ փոթորիկներ յաղթահարել կը ջանայ։ Երեւոյթը այդպէս ըլլալով հանդերձ ես չեմ կարծեր, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ անվերադառնալի շեղումներ ըլլան։ Թուրքիան մէկ կողմէ կը բողոքէ իր ալ անդամակցած Հիւսիս ատլանտեան դաշինք, բայց միւս կողմէ կը շարունակէ այդ դաշինքին մաս կազմելու։ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները մտահոգիչ կերպով սրուած էին, երբ Սուրիոյ սահմանագծին վրայ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու կողմէ կործանեցաւ ռուսական ռազմական օդանաւը։ Սակայն անմիջապէս ետք յարաբերութիւնները բարելաւեցան աննախադէպ ոգեւորութիւնով։ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին ալ այս հակասութիւնները նոյն թափով շարունակուեցան։ Թրքական ինքնաթիռի կործանման պահուն Թուրքիա անմիջապէս դիմեց ՆԱԹՕ-ի շրջանակներու։ Նման ուրիշ առիթներով ալ Թուրքիա իսկոյն կը դիմէ ՆԱԹՕ-ին եւ պահանջէ, որ խնդիրները լուծուին այդ կազմակերպութեան միջնորդութեամբ։ Այս բոլորը դիտելով կրնանք ըսել, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած վերիվայրումները ամբողջովին առնչուած են ներքին քաղաքականութեան, քանի որ այսպէսով Էրտողանի կառավարութիւնը կը փորձէ սիրաշահիլ ազգայնականներու ձայները»։