Թուրքիոյ մէջ տիրող հակաժողովրդավարական մթնոլորտի վառ ապացոյցներէն մէկը եղաւ Պողազիչի համալսարանի աշակերտներուն դէմ յարուցուած դատական գործողութիւնը։ Յիշենք որ 19 Մարտ 2018-ին Պողազիչի համալսարանի համալիրին մէջ կարգ մը ուսանողներ փորձած էին լոքում հիւրասիրելով շնորհաւորել Թուրքիոյ բանակին Աֆրինի արշաւումը։ Այս նախաձեռնութեան դէմ ուրիշ աշակերտներ ալ առարկած էին՝ «Արշաւանքը կամ պատերազմը շնորհաւորելիք բաներ չեն» ըսելով։ Գոյացած լարուածութիւնը առանց բախումներու հասնելու չէզոքացուած էր կարգ մը աշակերտներու եւ ուսուցիչներու միջամտութեամբ։ Սակայն այս դէպքէն ետք նախագահ Էրտողան շատ խիստ կերպով մեղադրած էր առարկող աշակերտները, զիրենք կոմունիստ կոչած եւ յայտարարած, որ պիտի չ՚արտօնէ կոմունիստներու Պողազիչի համալսարանի մէջ ուսանելուն։
Ինչպէս նման բնոյթի բազմաթիւ օրինակներ, նախագահ Էրտողանի այս ելոյթէն ետք ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց նախապէս իր կողմէ ճշդուած 22 ուսանողներ։ Իսկ դատախազութիւնը անոնցմէ 14-ը անմիջապէս բանտարկեց։
6 Յունիս չորեքշաբթի առաւօտ Չաղլայանի դատարանին մէջ կայացաւ 22 ուսանողներու դատավարութիւնը։
Դատախազը ուսանողները մեղադրեց ահաբեկչութեան խումբի անդամ չըլլալով հանդերձ ահաբեկչութեան քարոզչութիւն ընելու մեղադրանքով եւ մէկ ու հինգ տարուայ միջեւ բանտարկութիւն պահանջեց։ Իսկ մեղադրուած ուսանողները մերժեցին դատախազին պնդումները, քանի որ այդ պնդումները արդարացնող փաստ մը գոյութիւն չունի։
Երբ դահլիճին մէջ կը սկսէր դատական նիստը, դուրսը ուսանողներ, դասախօսներ, ծնողներ եւ մարդու իրաւունքի պաշտպաններէ բաղկացած բազմութիւն մը մէկտեղուած էր զօրակցութեան նպատակով։ Անոնց մէջ էին Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխաններ Սելինա Տողան, Սեզկին Թանրըքուլու, Զէյնեփ Ալթըօք Աքաթլը եւ կուսակցութեան Իսթանպուլի քաղաքային վարիչ Ճանան Քաֆթանճըօղլու։
Ուսանողները այստեղ կատարած մամլոյ յայտարարութեան ընթացքին անգամ մը եւս երաշխութիւն տուին, թէ երիտասարդութիւնը պիտի չնահանջէ բռնակալութեան դիմաց։
Դատակազմը նիստի աւարտին ազատ արձակեց ձերբակալուած ուսանողները, յաջորդ նիստի համար ճշդելով 3 Հոգտեմբեր թուականը։
Այս շաբթու մէջ հրապարակուեցաւ Հայաստանի նորակազմ կառավարութեան ծրագիրը։ Ծրագիրը 7 Յունիսին պիտի ներկայացուի Ազգային ժողով։ 29 էջերու մէջ համակուած ծրագիրը կառավարութեան գլխաւոր նպատակը ըլլալով կը ներկայացնէ Թաւշեայ յեղափոխութեան բարձրացուած արժանիքներուն ամբողջ ազգի կողմէ իւրացումը։ Կը միտի կառավարութիւն-ժողովուրդ յարաբերութիւնները թափանցիկ մերձեցումով մը դասաւորել։ Կը նախատեսուի նախապէս արձանագրուած զեղծարարութիւններու հարցաքննութիւնը եւ պատժումը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, տնտեսական մենաշնորհներու վերացումը եւ քաղաքացիներու պատուաւոր ու երջանիկ կեանք մը ապրելուն համար անհրաժեշտ պայմաններու ապահովումը։
Կը նշուի նաեւ խորհրդարանի կանխահաս ընտրութիւններուն յառաջիկայ մէկ տարուայ ընթացքին կատարուիլը եւ ընտրութեան զանցառումներուն կանխումը։ Կառավարութիւնը կանխահաս ընտրութիւններուն ժողովուրդի հաւաստիքին արժանանալու համար անհրաժեշտ կը տեսնէ ընտրական օրէնքի վրայ կատարուելիք բարեփոխումները։
7 Յունիսին Ազգային ժողովին մէջ պիտի քննարկուի կառավարութեան ծրագիրը։ Հանրապետականները 8 Մայիսին ակամայ յօժարած էին Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան։ Իսկ 7 Յունիսին անոնք ընդհանրապէս հակած են ծրագիրը մերժելու։
Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւոր, Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էտուարտ Շարմազանով կը քննադատէ յայտարարուած ծրագիրը ըսելով, որ ան լեցուն է մաղթանքներով եւ հեռու է թուային յստակ տուեալներ պարունակելէ։ Ան նաեւ ծիծաղեց հոմոֆոպ ոճով, հարց տալով թէ Էլթըն Ճոնի եւ անոր պայքարին մասին ինչո՞ւ բան մը չէ ըսուած։