Այս շաբթու մէջ հրապարակուեցաւ Հայաստանի նորակազմ կառավարութեան ծրագիրը։ Ծրագիրը 7 Յունիսին պիտի ներկայացուի Ազգային ժողով։ 29 էջերու մէջ համակուած ծրագիրը կառավարութեան գլխաւոր նպատակը ըլլալով կը ներկայացնէ Թաւշեայ յեղափոխութեան բարձրացուած արժանիքներուն ամբողջ ազգի կողմէ իւրացումը։ Կը միտի կառավարութիւն-ժողովուրդ յարաբերութիւնները թափանցիկ մերձեցումով մը դասաւորել։ Կը նախատեսուի նախապէս արձանագրուած զեղծարարութիւններու հարցաքննութիւնը եւ պատժումը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, տնտեսական մենաշնորհներու վերացումը եւ քաղաքացիներու պատուաւոր ու երջանիկ կեանք մը ապրելուն համար անհրաժեշտ պայմաններու ապահովումը։
Կը նշուի նաեւ խորհրդարանի կանխահաս ընտրութիւններուն յառաջիկայ մէկ տարուայ ընթացքին կատարուիլը եւ ընտրութեան զանցառումներուն կանխումը։ Կառավարութիւնը կանխահաս ընտրութիւններուն ժողովուրդի հաւաստիքին արժանանալու համար անհրաժեշտ կը տեսնէ ընտրական օրէնքի վրայ կատարուելիք բարեփոխումները։
7 Յունիսին Ազգային ժողովին մէջ պիտի քննարկուի կառավարութեան ծրագիրը։ Հանրապետականները 8 Մայիսին ակամայ յօժարած էին Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան։ Իսկ 7 Յունիսին անոնք ընդհանրապէս հակած են ծրագիրը մերժելու։
Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւոր, Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էտուարտ Շարմազանով կը քննադատէ յայտարարուած ծրագիրը ըսելով, որ ան լեցուն է մաղթանքներով եւ հեռու է թուային յստակ տուեալներ պարունակելէ։ Ան նաեւ ծիծաղեց հոմոֆոպ ոճով, հարց տալով թէ Էլթըն Ճոնի եւ անոր պայքարին մասին ինչո՞ւ բան մը չէ ըսուած։