Փոխանորդին ի-մակները Թ.

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

 

Փոխանորդին ի-մակները ա՛լ սկսած են դդումի համ տալ։ Սկսած եմ ձանձրանալ ես ալ։ Կը պատկերացնեմ նաեւ ընթերցողներուն ձանձրոյթը։ Ատեն-ատեն ճամբան հանդիպող համայնքային մը կը դժգոհի նամակներուն բովանդակութենէն, ես ալ կը պատասխանեմ իրեն, թէ ա՛լ պիտի չտպագրեմ փոխանորդին ի-մակները, որոնք իրապէս սկսած են անհետաքրքրական դառնալ հետզհետէ։ Վերջին անգամ մը եւս սակայն եկէք քակենք նամակներու խուրձը ու կարդանք։ Օրակարգը այդքան ալ խճողուած չէ։ Մեծագոյն հարցականը անշուշտ փոխանորդին ուր ըլլալն է։ Ըսուած ու գրուած էր, թէ Հայաստան պիտի երթայ ու պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոծ խորհուրդի ժողովներուն։ Սակայն ըսի-ըսաւներ շրջեցան, թէ փոխանորդը գացած է մինչեւ օդակայան ու հոնկէ շիտակ ետ դարձած Գումգաբու։ «Շագանակ»ն ու «Փափարա»ն ալ, որոնք գրած էին փոխանորդին մեկնումին մասին, ոչինչ գրեցին իր այս վերադարձին մասին։ Եւ երկրորդ հարցականն ալ այն էր, թէ փոխանորդը ո՛ւր էր։ Այո, Էջմիածին չէր գացած, սակայն Պոլիս ալ չէր երեւեր մէջտեղները։ Սեւ փոս մը բացուեցաւ ու կլլե՞ց զայն արդեօք։

* * *

Պաշաքշեհիր, 1 Յունիս 2018

Ո՛ւր ըլլա՞լս կը հարցնեն։ Թող համբերեն։ Ես ալ իրաւունք ունիմ հանգիստ ընելու վերջապէս։ Այս կիրակիի համար պատարագ-մատարագ չգրես ինծի։ Հարսնիք ալ չեմ ուզեր։ Չմոռնաս օդային ընկերութիւնը փնտռել եւ տոմսակին դրամները ետ ուզել։ Քանի մը օրէն կը հանդիպիմ, դուն ձեւով մը իտարէ ըրէ։

Փոխանորդ

* * *

Սիրելի փոխանորդ,

Լսեցինք, որ չես կրցած Հայաստան մեկնիլ ու մասնակցիլ Գերագոյն խորհուրդի ժողովներուն։ Թերթերը լուսանկարներ դրին, բայց դուն չկաս։ Բան մըն ալ չգրեցին, թէ ինչու չկաս։ Յայտնի է որ անցեալ անգամուան պէս չես կրցած Հայաստան երթալ։ Կը յիշես չէ՞ նոյնը պատահած էր նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանին ընդունած որոշումին համար նախագահին գրած նամակէդ յետոյ։ Հետաքրքիր է, օդանա՞ւ չառին, օդաչուն ու օդանաւին պաշտօնեաները հա՞յ էին, թէ մաքսատունէն ետ ըրին քեզի։ Մի՚ բարկանար սրբազան, բայց ուրեմն դեռ կան քիչիկ մը արժանապատուութիւն ունեցող մարդիկ, որոնք ձեւով մը կը հակազդեն անիրաւութիւններուն։ Յայտնի է որ Պոլիսէն դուրս բանի մը պիտի չծառայէ փոխանորդութիւնդ։ Քու ուզածդ ալ ատիկա է արդէն, չէ՞։

Լաւ մնայ փոխանորդ։ Ես միշտ հոս եմ…

* * *

Սիրելի Հաստպեխեան,

Դիմատետրի հրապարակումներուդ մասին անհանգստութիւններ կան։ Մարդիկ գիտեն, թէ որքան մօտիկ ես ինծի, բայց կը տեսնեմ որ հակաիշխանական հրապարակունմեր ունիս։ Ծօ՛, դուն մեզի խայտառա՞կ պիտի ընես։ Իմ ու պարոն Սիրունեանին թիկնապահները կը հետեւին ուշի ուշով ու կը զգուշացնեն զիս։ Դուն Հեսէեանին մասին աղուոր բաներ մը գրէ, նախագահը պաշտպանէ, ի՞նչ գործ ունիս ընդդիմադիրներուն հետ։ Նայէ որ մերինները շահիմ։

Փոխանորդ

* * *

Սիրելի սրբազան,

Ինչքան ալ որ հակառակորդներ ենք, շատ կը գնահատեմ իշխանութիւններուն ցուցաբերած մօտիկութիւնդ։ Անցեալ օր եկեղեցիին մէջ բաւական մը գովաբաներ ես պարոն Հեսէեանը։ Ատանկ ըսին թռչունները։ Իրեն համար քուէ ուզեր ես։ Ապրի՛ս։ Դուն բաւական աստուածավախ կ՚երեւիս, ինչպէ՞ս եղաւ որ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ քաղաքական քարոզչութիւն ըրեր ես։ Ապրի՛ս… Վերջապէս դուն ալ հասկցար կարգ մը ճշմարտութիւնները… Այսպէս շարունակէ։

Փոխանորդ

* * *

Սիրելի պարոն Հեսէեան,

Անշուշտ, պատրիարքարանին դռները մինչեւ վերջ բաց են առջեւդ։ Մինչեւ հիմա չգալդ ամօթ է։ Ուրիշներ եկան-գացին, ստիպուած ընդունեցի, սակայն լաւագոյն ընդունելութիւնը վերապահուած է քեզի։ Լաւ է ուշ քան երբեք։ Ներկայիս իշխանութիւններուն ու բարեխնամ կառավարութեան նկատմամբ մեր երախտագիտութիւնը յուսամ կը փոխանցես պարոն Ռէիսին։ Մենք հիացողներ ենք իր գործունէութեամբ։ Այս տասը տարուան մէջ տասը հատ ընտրութիւն եղաւ եւ եթէ մեր համայնքին մէջ պատրիարքական ընտրութիւն մը տակաւին չենք կատարած՝ ատիկա կը պարտինք պարոն Ռէյիսին։ Ողջ ըլլայ ու անպակաս մնայ մեր գլուխէն։ Կը սպասենք…

Փոխանորդ

* * *

Սիրելի փոխանորդ,

Ընտրութիւններ կը մօտիկնան։ Համայնքին մէջ նորէն կան մարդիկ, որոնք բացէ ի բաց կը յայտարարեն, թէ իրենց քուէն ուրիշին պիտի տան։ Անշուշտ, բոլորն ալ չենք կրնար ղեկավարել, սակայն դուն հետեւէ որ աննպաստ պատկեր մը չգծագրուի։ Ամէն ուր խօսէ այս կառավարութեան օրօք եղածներուն մասին։ Ադքան բան ըրիր՝ Գումգաբուին փողոցները լայնցուցիր, Տիգրանակերտի եկեղեցին շինել տուիր, Աղթամարին վրայ խաչը տնկել տուիր… Պատմէ ասոնք, մարդիկ միշտ ալ երախտապարտ ըլլալ գիտեն։ Հեսէեանն ալ պիտի ուղարկեմ քովդ, ընդունէ։ Անցեալ օր լսեցի որ Ունելեան սրբազանը բաւական մը գովեր է զինքը եկեղեցիի սիրոյ սեղանին։ Զարմացայ, բնաւ չէի սպասեր իրմէ։ Սակայն արդէն ատեն-ատեն այսպէս զարմանալի բաներ կ՚ընէ ու կը շշմեցնէ մեզ այս տղան։

Ս. Սիրունեան

* * *

Պարոն Կարմիրեան,

Ընտրութիւնները կը մօտենան, նորէն գործիդ գլուխը եղիր։ Եկեղեցի մտնող-ելլողներուն ուշադիր հետեւէ։ Յանկարծ անծանօթ մարդիկ կամ ընդդիմադիրներ չգան, չմտնան, տարօրինակ բաներ ընելու չելլան եկեղեցիին մէջ։ Դուն դռները միշտ գոց պահէ։ Չուանդ միշտ պատրաստ ըլլայ դարակիդ մէջ։ Դուն արդէն կը ճանչնաս զիրենք, երբ որ հեռուէն տեսնես, շուտ մը գնա կապէ դռները։

Քեզ տեսնեմ։ Շքանշանդ ընտրութիւններէն վերջը թամամ է։

Փոխանորդ

* * *

Սիրելիս,

«Յովիկ Քալող»ս առի ու հիմա պիտի ելլեմ քովդ գալու համար։ Կրնանք քանի մը օր միասին ըլլալ, մարդիկ կը կարծեն որ ես Երեւան եմ։ Դուն ալ քանի մը օր հրաման առ գործէդ, վաղը-մէկալ օր սանկ մինչեւ Թեքիրտաղ երթանք, օղի մը կը խմենք, վերադառնանք։ Ի՞նչ կ՚ըսես։

Փոխանորդ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ