Արմենակ Եղիայեան ներկայանալով իբրեւ հայերէն, յատկապէս արեւմտահայերէն մամուլի ընդհանուր գրաքննադատ, շատ կարեւոր առաքելութիւն մը ստանձնած է ներկայ հայ լրագրականութեան հսկայ ծաւալին մէջ։ Ան ամէն շաբաթ ուշադրութեամբ կը քննէ բազմաթիւ թերթեր եւ ապա իր տեսած տարբեր բնոյթի թերութիւններն ալ կը փոխանցէ մամուլի աշխարհին։ Ան չի վարանիր մերթ ընդ մերթ կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել յաճախ հեգնական, նոյնիսկ յանդիմանական ոճերով զգուշացնելէ իր քննադատած խմբագիրները։ Այս ոճը երբեմն կրնար սրտնեղութիւն պատճառել, բայց ընդհանրապէս կը դիմաւորուի ուսուցիչի մը նկատմամբ ցուցաբերուած հանդուրժողութեամբ։ Այդ տեսանկիւնէ դիտելով վիրաւորական չի թուիր անոր «Ծօ՛ ես քեզի քանի անգամ պիտի ըսե՞մ» կամ «Այդ հաստ գլուխներնուդ չէ մտած…» նախադասութիւններով սկսած դիտողութիւնները։
Վերջին «Կիրակնօրեայ զրոյցներ» ընդհանուր խորագրի տակ նկարագրած թերութիւններէն իր բաժինը ստացաւ նաեւ «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագրութիւնը։ Պատուարժան գրաքննիչը մեզ դիմելու պահուն ալ չափազանցած էր իր մատնանշած թերութիւնները «տագնապ» մեկնաբանելով։ Խոստովանինք որ գիտակցելով Արմենակ Եղիայեանի ոճին, իր այդ տողերը երբեք չէին վիրաւորած մեզ, ընդհակառակը ուրախացած էինք իր մատնանշած թերութիւնները տեսնելով։ Այդ թերութիւնները ընդհանրապէս քերականական բնոյթ ունէին եւ ոմանք ալ ոճային նախապատուութեան խնդիր, ինչ որ առհասարակ ուսուցիչներ չեն հանդուրժէր։ Մեզի համար գնահատելի էր այն երեւոյթը, որ Եղիայեան լուսարձակի տակ առած էր առնուազն քանի մը յօդուածներ, որ մտածել կու տայ թէ ան կարդացած է ամբողջ թերթը։
Խնդրի այս սահմանումին մէջ անսովոր կամ տարօրինակ ոչինչ կայ։ Յաճախ կը կարդանք Արմենակ Եղիայեանի նման յօդուածները ուղղուած հայատառ մամուլի զանազան թերթերուն։ Սակայն նախապէս չէինք հանդիպած, որ այս բնոյթի դիտողութիւնները որեւէ թերթի համար արտատպման նիւթ դառնան։ Այդ պատիւը վիճակեցաւ «Արեւելք»ին, որ Արմենակ Եղիայեանի յօդուածը իր ամբողջութեամբ արտատպեց կարծելով թէ այսպէսով կրնայ արատաւորել «Ակօս»ը։
«Ակօս» աշխարհի երեսի հրատարակուած հայկական թերթերու ցանկին մէջ ունի իր ուրոյն տեղը եւ նման միամիտ ցեխարձակումները չեն կրնար հասնիլ անոր բարձունքին։ Կ՚արժէ յիշել, թէ պարոն Եղիայեան 6 Մայիս թուակիր իր քննարկումին մէջ կ՚անդրադառնայ նաեւ «Արեւելքի» թերութիւններուն, զանոնք անուանելով «սարսախութիւն»։ Արդեօք Արեւելք այդ նամակն ալ տպելու արժանի գտա՞ծ էր։
Միայն պոլսահայ լրագրողներու համար հասկնալի ասոյթ մըն է «ղազաթաճիութիւն»ը։ Հայերէն մամուլի կարգ մը օրկաններ կը տանին առաքելութիւն մը, իսկ ոմանք ալ կը զբաղին ղազաթաճիութեամբ։ Ափսոս որ մինչեւ այս Պոլսոյ որոշ թերթերու վերագրուած ղազաթաճիութեան ախտը գերազանցած է մեր քաղաքի սահմանները եւ հասած մինչեւ Երեւան։