Վկայականներ որպէս գիտելիքի երաշխիք

Վերջերս ար­տա­­կարգ յու­­զում մը կը տի­­րէ Թուրքիոյ միակ հայ­­կա­­­կան գիւ­­ղի՝ Վա­­քըֆ­­լըի մէջ։ Յու­­նո­­­ւար ամսուն մեկ­­նարկած դա­­սըն­­թացքը հետզհե­­տէ կը հաս­­նի իր աւար­­տին եւ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը կը ստա­­նան իրենց հե­­տեւած ուսման հա­­մապա­­տաս­­խան վկա­­յական­­ներ։ Նա­­խապէս ալ անդրա­­դար­­ձած էինք, թէ գիւ­­ղի մէջ կա­­ռու­­ցո­­­ւած բազ­­մանպա­­տակ շէն­­քի մէկ հա­­տուա­­ծը պի­­տի գոր­­ծա­­­ծուէր որ­­պէս խո­­հանոց, գիւղ այ­­ցե­­­լող­­նե­­­րուն վա­­ճառո­­ւող տնա­­կան ար­­տադրու­­թիւնը պատ­­րաստե­­լու հա­­մար։ Գիւ­­ղա­­­պետա­­րանի նա­­խաձեռ­­նութեան աջակ­­ցութիւն բե­­րաւ նաեւ Զար­­գացման նա­­խարա­­րու­­թիւնը եւ այսպէ­­սով կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցաւ խո­­հարա­­րու­­թեան դա­­սըն­­թացքներ։ Ան­­շուշտ այստեղ կա­­րեւոր դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նե­­­ցաւ ՄԱԿ-ի Մշա­­կու­­թա­­­յին ձեռ­­նարկնե­­րու մի­­ջազ­­գա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ-ի Ան­­տիոք քա­­ղաքը հա­­մաշ­­խարհա­­յին 26-րդ խո­­հանո­­ցի քա­­ղաք հռչակումը։ Նա­­խագի­­ծը կո­­չուած էր «Պատ­­մութե­­նէն փո­­խան­­ցո­­­ւած հա­­մեր» խո­­րագի­­րով։ Իս­­կա­­­պէս ալ այստեղ մա­­տու­­ցո­­­ւած­­նե­­­րը տա­­րածաշրջա­­նի բու­­սա­­­կանու­­թեան մշա­­կումներն են, որոնք ու­­նին բազ­­մա­­­դարեան ան­­ցեալ։ Դա­­սըն­­թացքնե­­րու հա­­մակար­­գողն էր Լո­­րա Պայ­­թար Չա­­փար եւ ու­­սուցի­­չը Սեւ­­կի Կիւլշէն։ Գիւ­­ղի 26 կի­­ներ շուրջ 500 ժամ հե­­տեւե­­ցան Կիւլշէ­­նի ցուցմունքնե­­րուն եւ աւար­­տին ար­­ժա­­­նացան հա­­մապա­­տաս­­խան վկա­­յագի­­րը ստա­­նալու։

Նշենք, որ գիւ­­ղի աւան­­դա­­­կան խո­­հանո­­ցի ար­­տադրու­­թիւնը տնտե­­սական նպաստ կը բե­­րէ, թէ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն եւ թէ գիւ­­ղի միաս­­նա­­­կան սնտու­­կին։ Այժմ ար­­դի սար­­քե­­­րով օժ­­տո­­­ւած նոր խո­­հանո­­ցի եւ խո­­հարա­­րու­­թեան վկա­­յագիր ստա­­ցող ար­­տադրող­­նե­­­րու շնոր­­հիւ աւե­­լի վստա­­հելի եւ հրա­­պու­­րիչ պի­­տի դառ­­նայ այս ար­­տադրութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ