Լեբչի (լեբրար) պառաւները

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

«Լեբրար» կամ «լեբ­­­չի» պա­­­ռաւ­­­նե­­­­­­­րը կա­­­խարդ ոգի­­­ներ են։ Նրանց կա­­­խար­­­դութիւ­­­նը «լեբ» կը կո­­­չուի եւ իրենց լե­­­բը նրանք Համ­­­բարձման գի­­­շերը կ՚ընեն։

Դուք երե­­­ւի կը մտա­­­ծէք թէ մար­­­դիկ Համ­­­բարձման գի­­­շերն ին­­­չո՞ւ անա­­­սուննե­­­րը իրենց հետ դաշ­­­տեր կը տա­­­նէին։ Իսկ նրանք լեբ­­­րար պա­­­ռաւ­­­նե­­­­­­­րէն կը փախ­­­չէին․ասոնց կա­­­խար­­­դանքը կը չքա­­­նար բաց երկնքի տակ։

Լեբ­­­չի պա­­­ռաւ­­­նե­­­­­­­րը լեբ ընե­­­լով կը ջա­­­նային քչաց­­­նել տան բա­­­րաքէաթն ու կթան կո­­­վերի կա­­­թը։ Այդ նպա­­­տակով լեբ­­­րա­­­­­­­րը կա­­­խար­­­դա­­­­­­­կան բա­­­ռեր մրմնջա­­­լով նախ կը մեր­­­կա­­­­­­­նար, ապա մա­­­զէ լա­­­րանով մէջ­­­քին կը կա­­­պէր կա­­­շուէ գոգ­­­նո­­­­­­­ցը, այ­­­դուհե­­­տեւ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելով կա­­­խար­­­դա­­­­­­­կան բա­­­ռեր մրմնջալ՝ կը հա­­­րէր իր ձձու­­­մը (խնո­­­ցի), որի թա­­­նը կը թա­­­փէր եր­­­դիկնե­­­րի վրայ։

Ապա կ՚իջ­­­նէր բա­­­կը, կո­­­վերի մի կող­­­մէն միւս կող­­­մը կը թռչկո­­­տէր, բա­­­ռեր կը մրմնջար, քա­­­նի մը սա­­­լաքար ու քիչ մը խռիւ կը գտնէր եւ քա­­­րերի վրայ կը վա­­­ռէր այն։ Այսպէս կը վեր­­­ջա­­­­­­­նար լե­­­բը, որի ար­­­դիւնքում այդ տան լիու­­­թիւնն ու օրհնու­­­թիւնը կը վե­­­րանար, կո­­­վի կա­­­թը կը պակ­­­սէր, եւ այդ ամէ­­­նը կը փա­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւէր լեբ­­­րար պա­­­ռաւին։

Այս վհուկնե­­­րը յայտնի էին նաեւ «ձձում հեծ­­­նող կա­­­խարդներ» անո­­­ւամբ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ կը հեծ­­­նէին իրենց հա­­­րած խնո­­­ցին եւ գի­­­շեր­­­նե­­­­­­­րը օդի մի­­­ջով կը թռչէին՝ մարդկանց տնե­­­րի բերքն ու բա­­­րիքը առ­­­նե­­­­­­­լու։

Այս վեր­­­ջին պա­­­րագան պատ­­­ճառ դար­­­ձած է, որ­­­պէսզի մարդն ին­­­քը ձգէ իւր մարդկա­­­յին «կա­­­շին» եւ հա­­­րեւա­­­նի բա­­­րաքէաթին տի­­­րանա­­­լու հա­­­մար մեր­­­կա­­­­­­­նայ ու նմա­­­նակի լեբ­­­րար պա­­­ռաւ­­­նե­­­­­­­րուն։

Այո՛, կ՚ըսեն թէ այդպի­­­սիք շա՜տ էին՝ լեբ­­­չի պա­­­ռաւ­­­նե­­­­­­­րը։ Նրանք իս­­­կա­­­­­­­կան կա­­­խարդներ էին, որոնց նոյն պէս լեբ­­­չի կ՚անո­­­ւանէին։

Եւ ահա այս լեբ­­­չի կա­­­նայք իրենց դրա­­­ցինե­­­րի տան իւղն ու կա­­­թը, թանն ու թա­­­ցանը, տան օրհնու­­­թիւնն ու մա­­­ռանի լիու­­­թիւնը իրենց տուն փո­­­խադ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար ան­­­համբեր կը սպա­­­սէին Համ­­­բարձման գի­­­շերո­­­ւան, որ­­­պէսզի լեբ­­­րար չար­­­քե­­­­­­­րի պէս մեր­­­կա­­­­­­­նան եւ կա­­­խար­­­դա­­­­­­­կան բա­­­ռեր մրմնջա­­­լով հա­­­րեն իրենց ձձու­­­մը։

Լեբ­­­չին ապա «իւ­­­ղը խա­­­չակնքե­­­լով բղկի մէջ կ՚ածէ, իսկ թան­­­ջուրը կը թա­­­փէ դրա­­­ցու տա­­­նիքի վրայ, յե­­­տոյ մա­­­զէ լա­­­րանը (թել) կը կա­­­պէ մէջ­­­քը, կա­­­շէ գոգ­­­նո­­­­­­­ցը վրան՝ ծա­­­ծուկ կը սպրդի հա­­­րեւա­­­նի կթան անաս­­­նոց ախո­­­ռը եւ արագ արագ կը շէն­­­քայ տա­­­ւար­­­նե­­­­­­­րու վրա­­­յով ու կը փախ­­­չի դուրս»։ Այդպի­­­սով հա­­­րեւա­­­նի տան առա­­­տու­­­թիւնն ու օրհնու­­­թիւնը լեբ կա­­­տարած տիկ­­­նանց տուն կու գար։

Լեբ­­­չի կա­­­նայք կա­­­յին, ով­­­քեր նոյն նպա­­­տակով գի­­­շերը հա­­­րեւա­­­նի եր­­­դի­­­­­­­կի շուրջը շշով գիծ կը քա­­­շէին, առա­­­ւել ճար­­­պիկնե­­­րը դրկից­­­նե­­­­­­­րու դռնե­­­րը կը մի­­­զէին։ Իսկ ոմանք կը յա­­­ջողէին ծա­­­ծուկ հեծ­­­նել հա­­­րեւա­­­նի կո­­­վը կամ մա­­­տակը եւ ար­­­տա­­­­­­­սանել․«Եղդ (իւղդ) ին­­­ծի, թանդ քե­­­զի»։

Որ­­­պէսզի հա­­­րեւա­­­նի կո­­­վի կա­­­թի իւ­­­ղայնու­­­թիւնը պակ­­­սի, իսկ իրեն­­­ցը՝ աւե­­­լանայ, եր­­­կու եփած ձո­­­ւի մի­­­ջէն թել կանցնէին, եւ այն հա­­­րեւա­­­նի բա­­­կի մէ­­­ջը կը թա­­­ղէին, ապա եր­­­կու հա­­­րեւա­­­նից եր­­­կու կտոր աթար կը գո­­­ղանա­­­յին եւ իրենց կաթ­­­սա­­­­­­­յի տակ կը վա­­­ռէին։

Բայց լեբ­­­րար պա­­­ռաւ­­­նե­­­­­­­րը ամե­­­նակա­­­րող չէին, նրանց կա­­­խար­­­դանքը չէ­­­զոքաց­­­նե­­­­­­­լու ձե­­­ւեր ալ կա­­­յին։ Նախ, ինչպէս ար­­­դէն ասել էինք, բաց երկնքի տակ նրանք ան­­­զօր էին։ Բա­­­ցի այդ, երբ տնե­­­րի եր­­­դիկներն ու ցո­­­ւիք­­­նե­­­­­­­րու չորս կող­­­մը ձեռ­­­քով թխած թրի­­­քի աթար­­­նե­­­­­­­րով կը պա­­­տէին՝ աթ­­­րա­­­­­­­բաղ կո­­­չուած ձե­­­ւով շուրջա­­­նակի կը դար­­­սէին, կա­­­խար­­­դանքը ներս չէր մտներ։

Նոյն նպա­­­տակով չո­­­րեք­­­շաբթի գի­­­շերը տան շե­­­մին պայ­­­տի հա­­­մար օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծած կոյր մեխ կը խփէին եւ գու­­­թա­­­­­­­նի խո­­­փը կը թող­­­նէին շե­­­մի առ­­­ջեւ։

Լեբ­­­րարնե­­­րու կա­­­խար­­­դանքէն պաշտպա­­­նուե­­­լու հա­­­մար Վա­­­նում որոշ կա­­­նայք լեբ­­­րարնե­­­րու նման կը գոր­­­ծէին․ գի­­­շերը նրանք աւել կը հեծ­­­նէին եւ եօթ ան­­­գամ տան շուրջը կը պտտէին։

Բայց կա­­­յին նաեւ ար­­­դար ու ազ­­­նիւ տիկ­­­նայք, ով­­­քեր հա­­­րեւա­­­նի տան պա­­­րաքէաթը «գո­­­ղանա­­­լու» փո­­­խարէն, իրենք իրենց ու­­­ժե­­­­­­­րով հա­­­րազատ տան օրհնու­­­թիւնը կ՚աւելցնէին։

Նախ նրանք կ՚եր­­­թա­­­­­­­յին դաշ­­­տե­­­­­­­րը՝ իրենց ձձու­­­մի հա­­­մար անհրա­­­ժեշտ սի­­­րի-սի­­­րի ծա­­­ղիկ կամ երեք­­­նուկ գտնե­­­լու, թէ չո­­­րեք­­­նուկ հան­­­դի­­­­­­­պէին, աւե­­­լի լաւ։

Գա­­­լով տուն՝ ձձու­­­մին մեխ կամ փուշ կը խփէին, ծա­­­ղիկ­­­նե­­­­­­­րը կը նե­­­տէին ձձու­­­մի մէջ եւ խնո­­­ցի կը հա­­­րէին։

Ապա կը հա­­­նէին իրենց փո­­­խան­­­նե­­­­­­­րը եւ կը կա­­­պէին ձձու­­­մի բե­­­րանին եւ կը հեծ­­­նէին խնո­­­ցին։

Այսպէս նրանք նոյն գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւննե­­­րը կ՚անէին, ինչ որ լեբ­­­րար պա­­­ռաւ­­­նե­­­­­­­րը, բայց ի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն վեր­­­ջիննե­­­րիս, ոչ թէ հա­­­րեւա­­­նի տա­­­նը, այլ՝ իրենց առի­­­քի ներ­­­քոյ՝ առանց մէ­­­կին վնասելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ