Մեր յորդառատ բառը
-Այս գեղանկարի մէջ Նոյը Մեծ ջրհեղեղէն յետոյ կ՚իջնէ Արարատ սարէն։ Կիսակլոր նստեցէք հիմա ու քանի մը վայրկեան դիտեցէք։ Սպիտակամօրուս նահապետը նկարի կեդրոնն է։ Անոր կը հետեւին իր կինը, երեք որդիները, անոնց կիները, ինչպէս նաեւ կենդանիներէ մէկական զոյգ։ Իւղանկար է, Այվազովսկիի ամենամեծ պաստառներէն մէկը։ Հարցո՛ւմ... Նկարին անո՞ւնը. «Նոյը իջնում է Արարատից»։ Թուակա՞նը։ 1889։ Առաջին անգամ ցուցադրուած՝ Փարիզի մէջ։ Յիշեցէք պատմութիւնը,թէ բացուեր են երկնքի ջրվէժները, քառասուն օր ու գիշեր անձրեւ տեղացեր է, ջուրը բարձրացեր ու ծածկեր է ցամաքը... Տապա՞նը։ Վահէ՛, վերահաս ջրհեղեղէն փրկուելու համար Նոյին շինած տապանը դժբախտաբար տեսանելի չէ նկարին մէջ։ Բայց նկատեցէք. ջուրերը կամաց-կամաց քաշուեր են, բայց դեռ ջրածածկ է հողը... Աշակերտներ, ասիկա մեր վերջին դասախօսութիւնն էր այսօր։ Հաւաքեցէք ձեր ձեռատետրերն ու գրենական պիտոյքը։ Հիմա մայրաքաղաքի մէջ հետիոտն պտոյտ մը կատարենք։
Հայաստանի ազգային պատկերասրահէն դուրս, հրապարակի վրայ, մայիսեան ջերմ օր է։ Ու կ՚որոշեմ, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ քալեցնել 39 աշակերտներէ բաղկացած խումբը։ Պարզ է։ Հետեւիլ մայրաքաղաքի պուլպուլակներու ուղեգիծը։ Ուղեւորութիւն մը, որ նաեւ պիտի տայ Վահէին հետ Հայկական ջրաշխարհի եւ «ջուր» բառի մասին զրուցելու առիթը։
- Պարո՛ն, Հայաստանի մէջ լեռներու քանակութեամբ գետեր, աղբիւրներ, լիճեր չկա՞ն։
- Անշուշտ կան, անոր համար է, որ մեր լեռնաշխարհը կը սիրեմ կոչել նաեւ «ջրաշխարհ»։ Եւ, ըստ մեր աւանդական պատմութեան, մենք «ջրածին» ժողովուրդ ենք։ Տե՛ս, Մեծ ջրհեղեղը վերապրած Նոյին որդին Յաբէթն էր, անոր որդին Գամերը, անոր որդին Թորգոմը եւ անոր ալ որդին՝ Հայկը, մեր անուանադիր նահապետը։ Մենք եւ մեր լեզուն մարդկութեան երկրորդ արշալոյսէն իսկ թրջուած ենք ջրագիր, ջրածին, ջրատիպ եւ ջրախառն պատմութիւններով։
Կը հասնինք առաջին պուլպուլակը... Հանրապետութեան հրապարակի հարաւ-արեւմտեան անկիւնը, նախկին Արմենիա պանդոկի առաջ։ Պատանիները մէկ-մէկ կը վայելեն սառնորակ ջուրը։
- Վահէ, ինչպէս յորդառատ են մեր գետերը, նոյնքան ալ յորդառատ է «ջուր» բառը։ Դեռ Ե. դարուն, նախնեաց գրիչներէ հոսող բառ էր ան։ Մեր մատենագիրներու մօտ արդէն գոյութիւն ունէին ջրաբաշխ, ջրարբի, ջրգող, ջրմուղ, ջրթափիլ, անջրդի, ջրհեղ, ձիւնաջուր, աղաջուր, ջրատուն եւ ջրմուտ բառերը։ Աստուածաշունչի մէջ, Վահէ, 800 անգամ գործածուած է «ջուր» եւ անկէ ծնունդ առած բառեր, ինչպէս՝ ջրադարձ, ջրալից, ջրակոյտ, ջրաբեր եւ ջրկիր։ Հետաքրքրական է՝ «ջրհոր» բառը։ Շատ գործածական է եղած։ Ս. Գիրքի մէջ «ջրհեղեղ» բառի 17 գործածութեան դիմաց, «ջրհոր»ը տեղ գտած է 75 անգամ... Բոլորդ վայելեցի՞ք այս պաղ ջուրը։ Հիմա, Աբովեանէն վեր... Վահէ, ջուրը առատութիւն է եւ բերրիութիւն։ Այս ջինջ միավանկը անյիշելու դարերուն սկսեր է հոսիլ մեր լեզուի մէջ, ճիւղաւորուեր, յորդացեր ու մեզի տուեր է 750-ի չափ ածանց եւ բարդ բառ, որուն 650-ը «ջուր»ով սկսող բառեր են, 100 հատը՝ «ջուր»ով վերջացող։ Առանձին բառարան մը կ՚արժէր պատրաստել այդ բոլորը ներառելու եւ բացատրելու համար։
- Խորագիր մը կրնա՞մ առաջարկել. «Ափ մը ջուր»։ Ո՛չ։ «Ծով մը ջուր։ Առձեռն բառարան»։
- Շնորհակալ եմ։ Բառը բաւական կենարար էր հայոց լեզուի համար։ Անոր շնորհիւ ալ ունեցեր ենք ջրաբուժում, ջրագրութիւն, ջրադահուկ, ջրազարդարում, ջրախաղ, ջրահարս, ջրաղաց եւ ջրանոյշ։ Եղած են նաեւ ջրամոյն, ջրասէր, ջրավախ, ջրատեաց եւ ջրահեղձ մարդիկ։ Ըստ Հերոտոդոսի հայերն են եղած գիւտարարը ջուրի հեշտագին մէկ տեսակի՝ գարեջուրի։ Ջուրը նաեւ պաշտամունքի առարկայ է, ուստի ունեցանք «ջրօրհնէք»։ Ան նաեւ պատկերալից բառակապակցութիւններու հարստութիւն մը տուաւ մեզի՝ ըստ ջուրի բաղադրութեան եւ մշակումի. Գետերու եւ լիճերու մեծ մասը ունին «քաղցրահամ ջուր», ծովերը՝ «աղի ջուր»։ Կալցիումը եւ մագնեզիումի պարունակութիւնը եթէ բարձր է՝ «կոշտ ջուր», իսկ եթէ ցած է՝ «փափուկ ջուր»։ Խանութներու մէջ կը տեսնես Ջերմուկն ու Բջնին, անոնք «հանքային ջուր» են։ Կան նաեւ ըմպելի, ծորակի, շշալցուած, օզոնացուած, կազաւորուած, իոնազերծուած եւ թորած ջուրեր։ Հասանք... Ահա, Սուրբ Աննա եկեղեցին եւ անոր պարզունակ պուլպուլակը։ Հոս, կ՚արժէ յիշել «օրհնուած ջուր» արտայայտութիւնը։ Մեր հէքիաթներու մէջ ալ կայ «անմահական ջուր»։
- Այս ջուրի աղբիւրը ո՞ւր է արդեօք։
- Վահէ, գիտենք, թէ բոլորը շրջակայ սարերու ջուրերն են։ Մեծամասնութեամբ Արագածէն բխած։ Իսկ դժուար է եղած ստուգել, թէ ի՛նչ էր «ջուր» բառի աղբիւրը։ Լեզուաբաններ հասած են այն եզրակացութեան, թէ բառը բնիկ հնդեւրոպական է, արմատը՝auer, որ կը նշանակէ «ջուր, անձրեւ, գետ»։ Մեր բառը նման է պալթեան լեզուներու jūrės, jūrios, iūrin, jūra, jոura, jոuras բառերու, որոնք ջուր, ճախճախուտ եւ ծով կը նշանակեն։
- Բոլորս զովացանք։ Հիմա, ո՞ւր։
- Նալպանտեան պողոտայ, Սայաթ-Նովայի անկիւնը... Վահէ, ջուրը մխիթարութիւն կու տայ վշտահար սրտերուն։ Երբ Վան քաղաքը եւ իր հայ բնակչութիւնը 1877 թուականին հրկիզուած՝ կը հարստահարուէր, Խրիմեան հայրիկը՝ Մկրտիչ Վանեցին, ջուրով զովացուց իր հայրենակիցներուն սրտերը- սփոփիչ գիրք մըն էր անոր գրածը. «Վանգոյժ։ Կուժ մի ջուր իւր այրած հայրենեաց վրայ»։ 1912 թուականին ան կրկին սփոփանք եղաւ հայու համար։ Այդ օրերուն Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ մէկ այլ գիրք. «Կաթիլ մը ջուր այրած սրտերու»... Աշակերտներ, նկատեցի՞ք, թէ այս մէկը նուիրուած է ազատամարտիկի մը յիշատակին։
- Երբ խմենք անոր հոգին կը զովանայ, չէ՞։
- Ճիշդ այդպէս։ Վահէ, ջուրը իմաստութիւն է, ջուրի պէս հոսած կեանքի մը փորձառութիւն... Սայաթ-Նովայի մօտ կը գտնես անոր ամենագեղեցիկ արտայայտութիւնը. «Ամէն մարդ չի կանայ խըմի՝ իմ ջուրըն ո՚ւրիշ ջըրէն է»։ Շարունակենք մեր ճամբան, դէպի Կասկատ...
- Պարո՛ն, մեր ընտանիքի մեծերը ջուրին «ջիր» կ՚ըսեն։
- Մուսա լեռցիներ էք դուք։ Բնական է։ Ամէն գաւառ, ամէն գիւղ ունի «ջուր»ի իւրայատուկ գլգլուքը. Ագուլիսի մէջ՝ջիւր, Համշէնի մէջ՝ ճուր, Տիգրանակերտի եւ Ռստոսդոյի մէջ՝ չուր, Սվետիոյ մէջ՝ ջէօր, Զէյթունի մէջ՝ ճօյ, Վանի, Արցախի, Գորիսի եւ Սալմաստի մէջ՝ ճիւր, Հաճընի մէջ՝ ջ՛ոյ։
Կը հասնինք Կասկատի 575 աստիճաններու ստորոտը, ուր կայ Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած յուշաղբիւր, երեւանեան պուլպուլակներուն ամենէն գեղեցիկներէն մէկը։ Խումբը շարքի մտած է։ Ծիծաղելի տեսարան։ Անցորդները զարմանքով կը դիտեն մեզ, հասկնալու համար, թէ ի՛նչ է կատարուածը։
- Վահէ, արարողութիւն է ջուր խմելը։ Նախ, կը խոնարհիս անոր առջեւ։ Նկատեցիր, թէ պուլպուլակները ցած են շինուած... Մեր պատմութեան, հողին ու անոր հոսող ջուրերուն հետ հանդիպում է այդ պահը։ Ապա կը մօտենաս անոր ցայտող գիծերուն։ Ո՛չ, չես խմեր սպառելու նպատակով, այլ՝ երկարաշունչ կը համբուրես այդ սրբազան զովութիւնը ու կ՚ընդունիս մարմինէդ ներս...
Այդպէս ալ կը փորձեն ընել Նարեկն ու Նաիրին, Նիկոլն ու Նաթալին...
- Պատրա՞ստ էք Կասկատը վազելով բարձրանալու... Վահէ, երբ հասնինք 575րդ աստիճան, նախ շունչ մը առնենք, ապա շարունակենք զրուցել «ջուր»ի մասին ու կը պատմեմ, թէ «ջուր» բառը հոսելով մեր գրականութեան էջերուն մէջ, ուրտեղե՛ր հասեր է ու ի՛նչ միտքեր ոռոգեր է։
(Շարունակելի)