ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
«Մանկահաւաքներու ու պետականութենէ զրկուածներու մասին» խորագրեալ յօդուածներու ընտրանիին մէջ հեղինակ Ահմետ Էօնալ ամբողջական քննարկման նիւթ կը դարձնէ Թուրքիոյ մէջ տիրող իսլամ, սիւննի եւ թուրք յատկութիւններով օժտուած մենաշնորհեալներէն դուրս մնացածներու պատմութիւնը։ Այս սահմանումով հանդերձ զանազան ժողովուրդներու պատմութիւնը ուսումնասիրող գիրք մը չէ այս։ Ան աւելի շատ կը միտի երկրի քրիստոնեայ, ալեւի, եւ էզտի հաւաքականութիւններու տարիներու հոլովոյթով ենթարկուած հալածանքը քննարկելու։ Ինչպէս ամէն տեսակի խտրականութիւն, ազգամիջեան այս հալածանքներն ալ ունին մարդկութեան դէմ յանցագործութեան բնոյթ։ Ահմետ Էօնալ այդ հալածանքներու պատմութիւնը կը սկսի Օսմանեան կայսրութեան տարիներէն եւ կու գայ հասցնել մինչեւ մեր օրերուն։ Բոլորս գիտենք, որ Թուրքիոյ պատմութեան նիւթին մէջ պաշտօնական տեսութիւնը պաշտպանողներ զգուշօրէն իրարմէ կը զանազանեն կայսրութեան եւ հանրապետութեան շրջանները։ Մինչդեռ Ահմետ Էօնալ իր այս ուսումնասիրութեան մէջ կը ներկայացնէ ընդհակառակը։ Փաստացի տուեալներով կը նկարագրէ այդ երկու գործօններու իրար յաջորդելու յատկութիւնը։ Մանաւանդ այս բանը կ՚ընէ քաղաքական կուսակցութիւններու յարատեւութիւնը շեշտելով։ Իրողութիւն մը՝ որ գործադրուած քարոզչութեան հետեւանքով շատ անգամ կ՚անտեսուի եւ կը դժուարանայ դէպքերու յաջորդականութեան ընկալումը։ Այս ընդհանրացումին մէջ կարծես ամէն մարդ ձեւով մը կը ստանայ իր բաժինը։ Ոչ ոք կրնայ անբիծ մնալ, քանի որ այս կամ այն ձեւով մասնակից եղած է չար արարքներու ու ապա փորձած է պատասխանատուութենէ խուսափիլ պատճառաբանելով, թէ այդ բոլորը իր օրով չեն պատահած։ Այս տեսակի անմեղութեան փորձերուն իսկոյն օրակարգի կու գայ «բայց ո՞վ շահաւոր ելած է այդ բոլորէն» հարցումը։ Երբեք ու երբեք համոզիչ չէ ցանկացած պահուն կամ ցանկացած երեւոյթին համար ժառանգորդ դառնալ բազմադարեան պատմութեան մը եւ նոյնպէս ցանկացած պահուն ալ ուս թօթուելով խուսափիլ այդ նոյն պատմութեան բեռցուցած պատասխանատուութենէն։ Վերջապէս հարցը կը տրուի շատ յստակ կերպով է՞ կամ չէ։
Ահմետ Էօնալ շատ երկար տարիներ զբաղած է հրատարակչութեան գործով։ Հրատարակած է բազմաթիւ հատորներ, որոնք սրտնեղութիւն պատճառած է պետական շրջանակներուն։ Այդ սրտնեղութեան բնական անդրադարձը եղած է երկարատեւ բանտարկութիւններ, սակայն Էօնալ չէ խրտչած բոլոր այդ տառապանքներէն եւ յամառօրէն շարունակած է իր գործը եւ բազմաթիւ գիրքերով հարստացուցած Թուրքիոյ գրադարանները։
Նախաբանին մէջ հեղինակը կը նշէ թէ գիրքեր հրատարակելու խուճապին մէջ միշտ հետաձգած է իր գրածները հրատարակելու։ Այս անգամ բարեկամներու թելադրանքին ընդառաջելով է, որ վերատեսութեան կը մատնէ իր անցեալին գրած եւ ցարդ անտիպ մնացած յօդուածները ու ամբողջութեան մը մէջ կը ներկայացնէ ընթերցողներուն։ «Փերի» հրատարակչութեան մատենաշարէն լոյս տեսած այս հաւաքածոն ինքնին կարեւոր բացթողում մը կը լրացնէ եւ այս նիւթի մէջ կարեւոր զանցառում մը կը վերացնէ, որուն համար կ՚արժէ շնորհաւորել հեղինակը։