Երանելի են բոլոր այն երկիրները, որոնք իրենց խնդիրները կը յաջողին լուծել ժողովրդավարութեան սկզբունքներու մէջ։ Ցաւօք որ մենք չենք ապրիր նման երկրի մը պայմաններով։ Ոչ միայն մենք, այլ աշխարհի բազում ժողովուրդներու համար այս մէկը երազ մըն է պարզապէս։ Ունենալ իրար լսող, իրար հանդուրժող տարակարծութիւններու մատնուած պահուն իրարու հակասող կարծիքները քաղաքավարութեան կրթուածութեան մը մէջ իրարու բացատրող վարիչներ։ Մինչդառ իրականութեան մէջ այս բոլորը երբեք ու երբեք այդքան ալ դժուար հասանելի յատկութիւններ պէտք չէ, որ ըլլային։ Խնդիրը պարզ արեւելք-արեւմուտք հակադրութեան մէջ մեկնաբանելը խիստ անբաւարար պիտի ըլլայ։ Եթէ խօսինք արեւմուտքի հաշւոյն պիտի կրնանք պնդել, որ ատկէ շատ աւելի խոր բացատրութիւններու կամ վերլուծումներու կը կարօտինք։ Բոլորս լսած ենք «Ժողովուրդները իրենց արժանի կերպով կը ղեկավարուին» մեծխօսիկութիւնը։ Նոյնիսկ այս խօսքը արդարացնող բազմաթիւ օրինակներ գոյութիւն ունենան դժուար է մարդուս այս հաստատումին առանց սրտի կսկիծ ունենալու համակերպիլը։ Պիտի հաւատանք, որ միշտ կայ աւելին ու աւելին։ Օրինակի համար ովքեր են ժողովուրդներու յետամնացութենէն մեծ արդիւնք քաղողները։ Որո՞նց կը նպաստէ երկրի մը բնակչութեան կրօնքի միջնադարեան ճնշումներու տակ տառապիլը։ Այս հարցումները ինքնաբերաբար տեղի կու տան յաջորդներուն։ Այդ հարցումներով ալ աւելի կը յստականանայ պատկեր մը։ Այդ պատկերին մէջ յստակօրէն կը տեսնենք, թէ արեւմուտքի գերտէրութիւնները տուեալ երկիրներէ ներս, ո՞ր տարրերուն հետ կը համագործակցին։ Եթէ պայման է աւելի յստակ օրինակներով նշել, Աֆղանիստանի մէջ որո՞ւ ի նպաստ ձեւաւորուեցաւ մարդասպան Թալիպանը։ Այն կազմակերպութիւնը, որուն հիմնական առաքելութիւնն էր Աֆղանիստանի մէջ պայքարիլ խորհրդային բանակի դէմ։ Միայն Աֆղանիստանով չաւարտիր մեր օրինակները։ Տակաւին հարց կրնանք տալ, թէ մերօրեայ կարեւորագոյն հրէշը ՏԱԻՇ-ի աւազակախումբը ո՞ր պայմաններու մէջ ձեւաւորուեցաւ, որո՞նց օժանդակութիւնը վայելեց եւ ապա որո՞նց համար նոր սպառնալիք մը դարձաւ։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզ կը տանին շատ յստակ պարզումներու։ Բայց կը կարծէ՞ք, թէ այդքան դիւրին կրնայ ըլլալ այս հարցումներուն պատասխանները ճշգրտութեամբ հրապարակել։ Հաւանաբար ոչ։ Հաւանաբար միջազգային հասարակութիւնը իր բոլոր գործօններով արգելք կը հանդիսանայ այդ տեսակ հրապարակումի մը։
Ուրեմն լոկ այս պատկերը դիտելով կրնանք ըսել, թէ երկրագունդի վրայ կարգ մը երկիրներուն այս աստիճանի թշուառութեան մէջ տուայտելուն պատճառներէն մէկն ալ Խորհրդային միութեան տարանջատումէն ետք աշխարհի երեսին միահեծան իր թագաւորութիւնը պարտադրող դրամատիրութիւնն է։ Ան է աշխարհի հետզհետէ շնչահեղձ ըլլալուն գլխաւոր պատասխանատուն։ Ան է Ափրիկէի մէջ տիրող սովի մեղաւորը։ Համաշխարհային մարդկութիւնը տեսնուելիք հաշիւ ունի։ Այդ հաշուի առաջին նշանները յայտնուեցան զանազան երկիրներու մէջ, բայց յաջողութիւնը արձանագրուեցաւ միայն մէկ տեղ, միայն մէկ հողաշերտի վրայ, որը կը կոչենք Հայաստան։
Ի զուր չէ որ համաշխարհային հասարակութիւնը բարի նախանձով հետեւեցաւ Հայաստանի մէջ արձանագրուած այդ մեծ նուաճումին։ Այն ինչ որ յաջողեցաւ Հայաստանի մէջ կրնայ յաջողիլ նաեւ ուրիշ երկիրներէ ներս ալ։ Բայց այստեղ կայ շատ կարեւոր եւ նուրբ խնդիր մը՝ բոլոր այն երկիրները որոնք պիտի փորձեն Հայաստանի օրինակին հետեւելու, պարտին նախ բարձրացնեն իրենց ազգային գիտակցութիւնը այն մակարդակին, որուն հասաւ Հայաստան։ Առանց ունենալու նման երաշխիք, այդ փորձը կրնայ շատ աւելի վտանգաւոր հետեւանքներ ծնիլ։
pakrates@yahoo.com