Հայաստան արդէն իսկ 8 Մայիսէն այս կողմ մատնուած է ուրախութեան արտակարգ տրամադրութեան եւ ճիշդ ալ այդ տրամադրութեան մէջ է, որ վրայ կը հասնի Մայիսեան յաղթանակներու յիշատակումը։ Այս երեւոյթին մէջ է, որ 28 Մայիսին նշուեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան փառաշուք դարադարձը։ Այդ օր վարչապետ Փաշինեան այցելեց Սարտարապատի յուշահամալիրը։ Վարչապետին կ՚ընկերակցէին Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգիսեան, Ամենայն հայոց վեհափառ կաթողիկոս Գարեգին Բ., Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեան եւ պետական աւագանին։ Պետութեան ներկայացուցիչները յարգանքի տուրք մատուցեց Սարտարապատի, Պաշապարանի, Ղարաքիլիսէի կենաց մահու կռիւներու զոհուած նահատակներուն։
Օրուայ աւարտին Հանրապետութեան հրապարակի վրայ կազմակերպուած էր շքեղ համերգ մը, որ իր ճոխ բովանդակութեամբ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց։ Բեմին վրայ կը տողանցէին Հայաստանի անուանի երաժիշտները եւ օրը անմոռանալի կը դարձնէին, բոլոր անոնց համար, որոնք կը բաժնեն ազգին այս արտակարգ ուրախութիւնը։