Ձգձգման նոր պատճառաբանութիւն քննիչները կը ստուգեն

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ

Երբեմնի յունաբնակ Պոզճաատա կղզիի վրայ գտնո­ւող յու­նա­պատ­կան 11 կա­լուած­ներ կը վե­րադար­ձո­ւին իրենց տէ­րերուն։ Որ­քան ալ պե­տու­թիւնը ըն­դա­ռաջե­լով Եւ­րո­միու­թեան հա­մապա­տաս­խան ցուցմունքնե­րուն, որո­շումներ կա­յաց­նէ քրիս­տո­նեանե­րու պատ­կա­նող եւ ան­ցեալին ապօ­րէն կեր­պով բռնագ­րա­ւուած տա­րածքնե­րու վե­րադար­ձը ապա­հովե­լու, պե­տական ծա­նօթ թղթա­բանու­թիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ այս ընթացքը խա­փանե­լու հա­մար։ Պոզ­ճաատա­յի Քի­միսիս Թէօտո­քու Յոյն ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ վար­չութիւ­նը հե­նելով նոր կար­գադրու­թիւննե­րուն, պա­հան­ջած էր նա­խապէս իրեն պատ­կա­նող 61 կա­լուած­նե­րու վե­րադար­ձը։ Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէնու­թիւնը խնդի­րը քննար­կե­լով որո­շում կա­յացուց 11 կա­լուած­նե­րու վե­րադար­ձին հա­մար։ Սա­կայն տեղ­ւոյն Թա­փուի տնօ­րէնու­թիւնը չորս տա­րի է զա­նազան եղա­նակ­նե­րով կը ձգձգէ որո­շու­մին գոր­ծադրու­թիւնը։ Այս մա­սին «Ակօս»ին բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ Յու­նաց եկե­ղեց­ւոյ իրա­ւապաշտպան Այ­շէ Տի­լէք Ռազ­լըքլը։ Փաս­տա­բանը նշեց, թէ գոր­ծո­ղու­թիւնը կը ձգձգո­ւի քննիչ­նե­րու ու­սումնա­սիրու­թեան պատ­րուակով։ «Առա­ջին հեր­թին մենք տրա­մաբա­նական գտած էինք քննիչ­նե­րու քննար­կումը։ Սա­կայն այ­սօր կը խօ­սինք չորս տա­րիի հաս­նող ձգձգու­մի մը մա­սին, որ տրա­մաբա­նական ոչ մէկ երե­ւոյթ կը պար­զէ»։ Ռազ­լըքլը շա­րու­նա­կելով իր բա­ցատ­րութիւննե­րը դի­տել կու տայ, թէ խնդրոյ առար­կայ կա­լուած­նե­րէն ոմանք կը գտնո­ւին հա­սոյթ բե­րող դիր­քի մէջ, բայց իրենք առայժմ չեն կրնար օգ­տո­ւիլ այդ վարձքե­րէն։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ խնդի­րը լու­ծե­լու հա­մար ան­ցեալին դի­մած են նաեւ Պոզ­ճաատա­յի գա­ւառա­պետին։ Իսկ վեր­ջերս դիմած են Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հին Տիեզե­րական Բար­թո­ղիմէոս պատ­րիար­քի մի­ջոցաւ։

Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէնու­թեան որո­շումնե­րով ան­ցեալին բռնագրաւուած կա­լուած­նե­րուն մէկ մա­սը վե­րադար­ձո­ւած էին։ Կա­ռավա­րու­թիւնը որ­պէս բա­րեգոր­ծութիւն յա­ճախ կը յի­շէ կա­լուած­նե­րու վե­րադար­ձը, բայց ինչպէս Պոզ­ճաատա­յի օրի­նակն ալ ցոյց կու տայ, կարգ մը կա­լուած­ներ դի­տումնա­ւոր կեր­պով կը ձգձգո­ւին եւ չեն յանձնո­ւիր իրենց բուն տէ­րերուն։ Այդ հանգրո­ւանին է, որ կը սկսի դա­տական գոր­ծո­ղու­թիւն, ինչ որ դար­ձեալ բա­ւական եր­կա­րատեւ գոր­ծընթաց մը կը պա­հան­ջէ։ Այս տե­սակի օրի­նակ­նե­րէն մէկն է Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի պատ­կա­նող տա­րած­քը, որ ան­ցեալին բռնագ­րա­ւուած էր պե­տու­թեան ձեռ­քով եւ հի­մա ալ Զէյ­թինպուրնո­ւի քա­ղաքա­պետա­րանի յա­րու­ցած դժո­ւարու­թիւննե­րու բեր­մամբ մատ­նո­ւած է դա­տական գոր­ծո­ղու­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ