Մտքի հարթակը ողջմտութեան կոչ կ՚ուղղէ

Թերթիս աշխատակիցներուն դէմ կատարուած սպառ­նա­լիք­նե­րը նիւթ ու­նե­նալով, հար­թա­կի հրա­պարա­կած կո­չին մէջ գրո­ւած է հե­տեւեալը։ «Ոչ ոք իրա­ւասու­թիւն ու­նի մեր հա­մայնքի ան­դամնե­րուն դէմ անար­գանք եւ սպառ­նա­լիք յայտնե­լու»։ Յայտնի է, որ հար­թա­կի այս ելոյ­թը պա­տաս­խան մըն է Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լո­ւին, որ վեր­ջերս խիստ կեր­պով հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցու­ցա­բերած էր իրեն ուղղո­ւած քննա­դատու­թիւննե­րու դէմ։ Քննա­դատու­թիւննե­րը ընդհան­րա­պէս նիւթ կ՚ու­նե­նային ատե­նապե­տին որ­դեգրած ան­պատշաճ ոճը ե կը պա­հան­ջէին աւե­լի զգուշ եւ շրջա­հայեաց ըլ­լալ հա­սարա­կու­թեան դի­մաց։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Մտքի հար­թա­կի խմբագ­րած պատ­ճէ­նը իր ամ­բողջու­թեամբ։

«Զար­մանքով եւ ընդվզու­մով վե­րահա­սու եղանք Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ տիար Պետ­րոս Շի­րինօղ­լո­ւի ՎԱ­ՏԻՓ-ի վեր­ջին ժո­ղովի ըն­թացքին ար­տա­սանած խօս­քե­րուն։ Շի­րինօղ­լու մի­ջոցէ մը ի վեր Մտքի հար­թա­կի ան­դամնե­րուն ուղղած իր ան­հիմն մե­ղադ­րանքնե­րուն նոր մը եւս աւել­ցուցած է եւ այս ան­գամ բար­կութիւ­նը ուղղած դէ­պի մեր հար­թա­կի ար­ժէ­քաւոր ըն­կերնե­րէն ակա­դեմա­կան Յով­հաննէս Քը­լըչ­տա­ղի։ Դժբախ­տա­բար իր ելոյ­թը նաեւ բա­ցայայտ սպառ­նա­լիք մըն է։ Բո­լորո­վին ինքնա­կամ կեր­պով եւ ար­դէն որոշ ժա­մանա­կէ ի վեր ան­գործու­նակ դար­ձուցած ՎԱ­ՏԻՓ հար­թա­կը յետ այ­սու չե­ղեալ հա­մարեց։ Ար­դեօք պա­րոն Շի­րինօղ­լու իրա­կանու­թեան մէջ ի՞նչ ընե­լու կ՚աշ­խա­տի։ Ինչ կը նշա­նակէ «կար­գը իրեն ալ պի­տի գայ» խօս­քը։ Ին­չի՞ն կարգն է, որ պի­տի գայ եւ եթէ որ գայ ի՞նչ պա­տահած պի­տի ըլ­լայ։ Այս հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նը առայժմ յստակ չէ, բայց յստակ է փաս­տա­ցի իրո­ղու­թիւն մը։ Յով­հաննէս Քը­լըչ­տա­ղը իր հասարակութեան հա­ւաքա­կան խնդիր­նե­րուն տե­ղեակ լաւ պատ­րաստո­ւած ակա­դեմա­կան մըն է։ Մենք ու­րախ ենք, որ մեր բա­րեկա­մը կը պաշ­տօ­նավա­րէ Միացեալ նա­հանգնե­րու լա­ւագոյն ուսման հաս­տա­տու­թիւննե­րէն մէ­կու մէջ եւ հա­կառակ իր խիստ ծան­րա­բեռ­նո­ւած օրա­կար­գին կը շա­րու­նա­կէ հե­տաքրքրո­ւիլ ազ­գին խնդիր­նե­րով։ Հա­րուար­տի նման բարձր դպրո­ցի մը մէջ պաշ­տօ­նավա­րող Քը­լըչ­տա­ղին հան­դէպ մենք պէտք էր ցու­ցա­բերած ըլ­լա­յինք յար­գանք ու հա­մակ­րանք։ Միւս կող­մէ ով որ ու­զէ ըլ­լայ ոչ ոք իրա­ւունք ու­նի այս ժո­ղովուրդի զա­ւակ­նե­րուն դէմ նման սպառ­նա­լիք մը ներ­կա­յաց­նե­լու։ Ներ­կայ դժո­ւար պայ­մաննե­րու մէջ նե­րառեալ պա­րոնՇի­րինօղ­լուն մեր հա­սարա­կու­թեան բո­լոր ան­հատնե­րուն դէմ պէտք է զգոյշ եւ յար­գա­լի վե­րաբե­րիլ։ Յատ­կա­պէս հա­մայնքա­յին վա­րիչ­նե­րը կը հրա­ւիրենք իրենց ներ­կա­յացու­ցած դիր­քին մէջ աւե­լի բա­րեացակամ եւ յարգալիր ըլլալու»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ