Դատական համակարգի ուշագրաւ զարգացումը

Այս տարի առաջին անգամ 24 Ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման ձօնուած միջոցառումներուն ոստիկանութիւնը միջամտած եւ մամլոյ յայտարարութեան ընթերցման արգելք եղած էր։ Անոնք ցեղասպանութիւն բառի գործածութիւնը պատճառաբանելով արգելք հանդիսացան մամլոյ յայտարարութեան ընթերցման։ Բացի այդ Մարդու իրաւունքներու միութեան երեք անդամներ Լեման Եուրթսեւեր, Ժիյան Թոսուն եւ Կամզէ Էօզտեմիր բերման ենթարկուեցան։ Երեք գործիչներու բերման ենթարկուելուն պատճառ հանդիսացող վերտառութեան վրայ գրուած էր «Հայկական ցեղասպանութիւնը ճանչցի՛ր, ներողութիւն խնդրէ՛ եւ հատուցէ՛»։ Բերման ենթարկուածները իսկոյն ազատ արձակուած էին, բայց իրենց դէմ կատարուած էր դատական քննութիւն։

Իսթանպուլի Դատախազութեան մամլոյ յանցանքներու գրասենակը այս մասին քննարկութիւնները աւարտեց եւ յայտարարեց, թէ կատարուածը կը մնայ խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ։

Դատախազութեան որոշմնագրին մէջ ակնարկութիւններ կը յղուին ԵՄԻԱ-ի վճիռներուն եւ ցեղասպանութիւն բառը որքան ալ ոմանց համար անհանդուրժելի թուի ընդհանուր գնահատումով «թուրք ազգը հրապարակաւ նուաստացնելու» միտում մը չի հետապնդեր։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ