ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Որքան ալ տրամաբանական է պետական կառոյցը թուարկել, առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ նոյնիսկ չորրորդ անուանել։
Իրողութիւն է, թէ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն դարեր անց հայ ժողովուրդը 1918 թուին կերտեց պետութիւն։ Շատեր պետութեան հիմնադրումը կը փորձեն բացատրել զանազան գործօններու խաչաձեւման հետեւանքով։ Ճիշդ է, որ տարածաշրջանի ինչ ինչ ազդակներ իրար բախելով, իրար վանելով, ներշնչելով տուեալ ժամանակահատուածի հայ առաջնորդները դրին պետութիւն հիմնելու անհրաժեշտութեան մը դիմաց։ Սակայն այս իրողութիւնը չի կրնար փոխել պատմական ճշմարտութիւնը։ Դարեր շարունակ օտարի լուծին մատնուած հայ ժողովուրդը 28 Մայիս 1918-ին համաշխարհային հասարակութեան ներկայացաւ իր անկախ պետութիւնով։
Այսօր դարադարձն է, որ կը տօնենք Հայաստանի հանրապետութեան։
Սա պանծալի դարադարձէ եւ այդ իսկ պատճառաւ ալ հայաշխարհը կ՚ապրի տօնական մթնոլորտ։ Իրականութեան մէջ Մայիս ամիսը ինքնին տօնական տրամադրութեան խորհրդանիշն է մեր ազգին համար։ Գարնանամուտի հետ թօթափած ենք Ապրիլ ամսուան ողբերգական խորհուրդները եւ մուտք գործած դէպի իրարայաջորդ յաղթանակներ տօնելու ատակ նոր ամիսի մը։ Այս ամիսը սկիզբ կ՚առնէ համաշխարհային առումով խորհրդանշական դարձած Մայիս մէկով։ Հոգ չէ, թէ ներկայ ժամանակներուս խորհրդային շրջանէ փոխանցուած բոլոր արժանիքները մերժելու յիմար տրամադրութիւն մը իր գործելու դաշտը գտած ըլլայ, ոչ ոք թող համարձակի ճակտի քրտինքով իր հանապազօրեայ հացը ապահովողներու միասնական կամքի դրսեւորումը՝ Մայիս մէկը։ Նման անտեսում անարգանք է նաեւ հայ շինարարի, քանի որ ան աշխատանքն ու արտադրանքը վերածած է ազգային յատկանիշի։
Մայիսի 9 եւս խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի համայն հայութեան համար։ Այդ թուականին էր, որ Հայաստանէն մեկնած Թամանեանի զօրախումբը Խորհրդային զօրքի առաջատար բանակ ըլլալով մտաւ Պեռլին, գրաւեց Ռայխշտակը եւ Գերմանական խորհրդարանի կտուրին ծածանող նացիներու դրօշը վար առնելով տեղը պարզեց խորհրդային աշխարհի կարմիր դրօշը։ Հայ զինուորը նոյն այդ շէնքի մուտքին Քոչարի պարելով տօնեց աշխարհ աւերող ոսոխի դէմ իր տարած յաղթանակը։ Այդ յաղթանակի խորհուրդը մեծ է նաեւ համայն հայութեան համար, քանի որ յաջորդող տարիներուն կազմակերպուեցաւ ներգաղթի համահայկական ծրագիր մը։ Ճիշդ է, որ այդ ծրագիրով ոգեւորուածներէն շատեր դառն կերպով ապրեցան զղջումի պահեր, բայց երկիրը շարունակեց իր վերելքը։
Մայիսեան եւս յաղթանակ մը դարձաւ պատմական Շուշիի ազատագրումը։ 8 Մայիսին Շուշի ազատագրուեցաւ բանալով Ղարաբաղի հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհը։ Արդարեւ թշնամին Շուշիի ազատագրումէն ետք հարկադրուեցաւ զինադադար խնդրելու։
Ղարաբաղի մէջ արձանագրուածը միայն ռազմական յաջողութիւն մը չէ, այլ երկար ժամանակէ ի վեր տառապած, անարդարութիւններու մատնուած հայ ժողովուրդի ինքնավստահութեան ամրագրումը։
Սոյն տարուայ Մայիս 8 յաւելեալ նշանակութիւն մը եւս ունեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ ժողովուրդի կամքին հաստատումով։ Այդ օր Ապրիլ ամսուայ տեւողութեամբ շարունակուող ժողովրդական դիմադրութիւնը եւ անհնազանդութիւնը պսակուեցաւ նոր շրջանի մը մեկնարկումով։ Այս պահուն Հայաստան աւելի մեծ յոյսերով կը դիտէ իր ապագան, վստահելով իր սեփական կարողութիւններուն, որոնք օրինակելի դարձան աշխարհի զանազան ժողովուրդներուն համար։
Ուրեմն առանց վարանումի կրնանք ըսել, թէ 1918 թուին հիմնուած հանրապետութիւնը հիմնաքարը կը կազմէ մեր ներկայ հանրապետութեան։ Ճիշդ է, որ տարիներու հոլովոյթով պետականութիւնը անցաւ տարբեր փուլեր, բայց այն ինչ որ մեկնարկած էր 1918-ին, հասաւ մինչեւ մեր օրերուն։ Ցաւալի միամտութիւն մըն է այդ հանգրուաններէն որեւէ մէկը անտեսել։ Եթէ կատարած չըլլայինք 1918-ի նախաձեռնութիւնը, հայ ժողովուրդը կը զրկուէր Խորհրդային Հայաստանի մը գոյութենէն։ Նման զրկանքէ մը ետք չէինք կրնար կառուցել նաեւ այսօրուայ հանրապետութիւնը։ Միշտ նախորդն է, որ գետին պատրաստեց յաջորդին եւ հասանք դարադարձի պանծալի տօնակատարութեան։
Ուրեմն այս գիտակցութիւնով ողջունենք ու պարծանքով յայտարարենք «Հայաստանի հանրապետութիւնը 100 տարեկան է»։