Յիշելով Ստեփան Բարլոյսեանը

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Որքան ցաւալի է, որ այս շաբաթ «Ակօս»ի էջերուն վրայ հրաժեշտի գրութիւնով մը կը ներկայանամ ընթերցողներուն։ Հրաժեշտ՝ որուն հետ ամբողջ մանկութեան մը յիշատակներն են, որ կը ճամբորդեն դէպի յաւերժութիւն։ Խօսքը քեռայրիս մասին է։ Այն սիրելի անձնաւորութեան, որ յաջողած էր ամենայն հարազատութեամբ տեղ գտնել մեր ընտանիքի մտերմութեան մէջ։ Ընտանեկան ալպոմի մէջ հետզհետէ դեղնելու մատնուած լուսանկար մը կայ ձեռքս։ Այդ լուսանկարին մէջ ես շատ փոքր եմ, հազիւ մէկ տարեկան։ Թերեւս ալ նոր սկսած եմ ոտքի կենալու։ Թերեւս այս պատճառաւ հայրս ամուր բռնած է զիս։ Կողքին Ստեփան քեռայրն է, որ ան ալ նոյն ձեւով ամուր կը պահէ իր դուստրը՝ Նատեան։ Երանելի օրեր, երանելի յիշատակներ։ Այսօր այդ նկարին մէջ բացակայողներու թիւը կը գերազանցէ ներկաներուն։ Հայրս կը բացակայի օրինակ։ Հօրս բացակայութիւնով կարծես ես աւելի կը դժուարանամ գետին ամուր կոխելու։ Չըսելու համար, թէ կը սայթաքիմ կ՚իյնամ։ Վստահ եմ Ստեփան քեռայրի կորուստով հողը Նատեային ալ ոտքերէն շարժած է։ Բայց ինչ լաւ է, որ Ստեփան քեռայրս իզուր չէ անցուցած այս աշխարհի վրայ իրեն սահմանուած ժամանակի հատուածը։ Կը յիշեմ Վահան Թէքէեանի տողերը «իսկ այս աշխարհի վրայ ի՞նչ մնաց ինծի։ Ինչ որ տուի ուրիշին այն միայն»։ Մահէն ետք աւելի յստակ կը տեսնեմ, որ որքան շատ ու շատերու դպչած է իմ սիրելի քեռայրը։ Եւ դպչած բոլոր ակերէն աղբիւր քաղած։ Ո՛չ իզուր չէ երբե՛ք իր վաստակը։ Անցեալին ով որ մի կերպ հանդիպեցաւ իրեն Ստեփան Բարլոյսեանի անձին մէջ գտաւ ազնիւ բարեկամի մը կերպարը։ Այդ կերպարը յայտնաբերողները այսօր մեզ հետ կը սգան իր կորուստը եւ կը սգակցինք մեր կսկիծին։ Ինչ կարելի է, որ ըսել այս հանգրուանին, եթէ ոչ բարի մաղթանքներ միայն։ Հողը թեթեւ ըլլայ իր վրայ եւ Աստուած հանգչեցնէ զինք արդարներու օթեւանին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ