ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՅՂԻ

Աբովեան պողոտայի վրայ տեսայ զայն առաջին անգամ։ Ծանրաշարժ կը քալէր իր ամուսինին թեւը մտած։ Ունէր հովանոց՝ պաշտպանուելու համար երեւանեան կիզիչ արեւէն։ Երկրորդ մը ինծի յայտնուեցաւ Սայաթ-Նովա պողոտայի վրայ, խաղալիքներու խանութի մը մէջ։ Իսկ երրորդը նկատեցի Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Նախ ջուր խմեց պուլպուլակէն, ապա իր յենարանին վրայ «Երեւան» փորագրուած նստարանի վրայ սկսաւ գիրք կարդալ։ Այնուհետեւ որոշեցի հիացումով եւ ժպիտով դիտել զանոնք... Երեւանի յղի տիկինները։ Նաիրին, մեր պատանի աշակերտուհին, մայրաքաղաքի մէջ մեր կատարած պտոյտներու ամէն քայլափոխին վերջապէս նկատեց իմ նայուածքներս դէպի այդ տիկինները։

- Պարոն, ամօթ չե՞ն նկատեր։

- Նաիրի՛, մեր անկախութեան հարիւրամեակին ամօթն այն է, որ չկարենանք պետականութեան ապահովութիւնը զգալ, յղիանալ ու բազմանալ։ Առաւելաբար, յղիացումը Նաիրի, պտղաբերում է, թէ՛ բառացի իմաստով եւ թէ՝ փոխաբերական։ Նայի՛ր հայկական գրականութեան էջերուն ու կը տեսնես, թէ ան լեցուն է «յղի» էջերով։ Մեր գրագէտները, Ոսկեդարէն մինչեւ Պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան շրջանը, «յղիացեր» եւ ծնունդ տուեր են այնպիսի երկերու, որոնք կը վկայեն անոր զարգացման փուլերուն։

- Պարո՛ն, ես կը կարծէի, թէ միայն մայրերը կը յղիանան։

- Իրաւունք ունիս, մայրերն ալ կը յղիանան։ Սակայն, բառի ստուգաբանութիւնը աւելի ընդարձակ իմաստի մը մասին կը խօսի։ Ան նախա-հայկական արմատ ունի, «լի», որ կը նշանակէ...

- Լեցուն։ Չէ՞։ Կը յիշեմ հօրս սիրած երգը, «Լեցնենք ընկերներ, բաժակները լի...»։

- Ճիշտ է։ Եւ անոր նախաձեւն է, ըստ լեզուաբաններու, «pleh» բառը, նախա-հնդեւրոպական արմատ մը, որ ծնունդ տուեր է լատիններու im-pleo «լեցնել, յղիացնել» բային եւ ֆրանսացիներու pleine «լեցուն, յղի» ածականին։

- Պարոն, նայեցէ՛ք, դիմացի մայթը, ցուցափեղկին առջեւ...

- «Շարան» մանկական շատ սիրելի խանութն է անիկա։ Կը վաճառէ մայրերու կողմէ պատրաստուած հիւսուածեղէններ եւ ասեղնագործութիւններ։ Եւ այդ երիտասարդ տիկինը, որ կը պատրաստուի մայրանալու, կասկած չունիմ, թէ կը ցանկայ իր նորածինին համար գնումներ կատարել։ Նաիրի, մեր առաջին գրաւոր յղիացումը տեղի ունեցեր է Ս. Գիրքի էջերէն մերս։ Ծննդոց գիրքին մէջ կան հետեւեալ տողերը, «Եւ յղացաւ. իբրեւ ետես թէ յղի է, արհամարհեցաւ տիկինն իւր յաչս», «Ահաւասիկ դու յղի իսկ ես. եւ ծնցես որդի», «Եւ յղացաւ եւ ծնաւ որդի», «Պոռնկեցաւ նու քո Թամար, եւ ահա յղի է ի պոռնկութենէ»։ Աստուածաշունչի մէջ՝ ընդամէնը 21 գործածութիւն «յղի» բառի, «յղանալ»՝ 55 անգամ, իսկ «յղութիւն»՝ երեք։ Այս բառը, Նաիրի, որ ծննդաբեր եւ պտղաբեր պէտք էր որ ըլլար, տարօրինակ է, շատ տարօրինակ, ծնունդ չտուաւ բազմաթիւ բառդ եւ ածանց բառերու։ Երբ «սէր», «արդ», «ձեռն», «ձայն» բառերը մայրացած ու մեր մայրենիին նուիրած են երկու հարիւր կամ աւելի բառ, «յղի»ն՝ նուազ կան տասնհինգ։

- Հիմա կը հասկնամ, թէ՛ ինչու բազմածին ժողովուրդ մը չենք, կը տառապինք բնակչութեան նուազութենէ։

- Յոյս կայ Նաիրի։ Ունինք խոստումնալից բառեր, ինչպէս՝ յղանալ, յղացութիւն, յղացում, յղացուցանել, յղութիւն եւ յղեկիր։ Բայց ունինք նաեւ մարդկային ցաւ մը, որ արտայայտուած է երեք բառով՝ յղաթափ, յղաթափել եւ յղաթափութիւն- դժբախտ վիճակ մը, որ ո՛չ մէկ աղջնակին պէտք է որ պատահի՝ կամաւոր կամ ակամայ։

- Ձեր վերջին ըսածներէն ո՛չ մէկ բան հասկցայ։

- Աւելի լաւ... Տե՛ս, այնքան կարեւոր է յղի կնոջ առողջութիւնը, որ 1885 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս ընծայեր են գիրք մը, առաջի՛նը իր տեսակին մէջ, «Մասնաւոր առողջաբանութիւն յղի կնոջ եւ նորածին մանկան»։ 1904 թուականին Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսած է պատկերազարդ գիրք մը. «Յղի ու ծննդկան կնոջ առողջապահութիւնը»։ Իսկ 1925-ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքի Գասապեան տպարանին մէջ նման գիրքի մը ծնունդ տուեր է Հ. Թաշճեանը. «Ինչ պէտք է գիտնայ ամէն յղի կին։ Յղութեան վիճակի առողջապահութիւն»։

- Ծիծաղելի է։ Ծննդաբերութիւն տպարանի մէջ։

- Որովհետեւ, սիրելի Նաիրի, յղիութիւնը նաեւ մտաւոր գործողութիւն է։ Ան լի է փոխաբերական իմաստներով։ Առաջին իմաստը, «լի, լեցուած», որ լսելի է Գեղամ Սարեանի մօտ. «Ու ալիք-ալիք ծփում էին արտերը հասուն նոր բերքով յղի»։ Իսկ բառը կ՚առնէ «անխուսափելի արդիւնք» իմաստը, երբ ըսենք «Անոր անշրջահայեաց արարքները յղի են դժբախտ հետեւանքներով»։ Նաիրի, հայ բանաստեղծի երեւակայութիւնը անշուշտ երկունքի մէջ պիտի ըլլար, երբ բառը լեցուած է այդ իմաստներով։ 19րդ դարու քնարերգութիւնը լի է «յղիացած» բանատողերով։ Ականջ տուր Գրիգոր Զոհրապին, որ կը նկարագրէ «Գոցուած գիշեր» մը. «Թանձր ու ստուար՝ վաղորդայնով մը յղի»։ Յղիացաւ նաեւ Նիկողոս Սարաֆեանի հոգին. «Հոգիս իր բերքը տուած, մերկ էր, հանդարտ՝ հողին պէս, ու լի, յղի՝ նոր կեանքով»։ Վազգէն Շուշանեանի գրիչը նկարագրեց «Անակնկալ գարուն»ը. «Երկիրն յղի էր անշուշտ,- որովայնին խորը սուրբ, գարունն հանդարտ կը ննջէր՝ խմելով աւիշը յուռթի»։ Պարոյր Սեւակը ունի պատկերաւոր արտայայտութիւն մը. «Սրբօրէն յղի դեռահաս կանայք»։ Իսկ գրաքննադատ մը Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութեան մասին արտայայտուած է հետեւեալ ձեւով. «Նրա հոգում կուտակուում են մեծ ծնունդով յղի դարաշրջանի ցաւերը»։ Վերջապէս Դանիէլ Վարուժանը «Արտերուն Հրաւէրը» քերթուածին մէջ նկարագրեց մինչեւ հորիզոններ տարածուող հայրենի հողը.

«Գարունն եկա՛ւ. – չի բաւեր ձիւնը թեթեւ

Ա՛լ ծածկելու մեր մերկութիւնը յղի»։

Բայց Նաիրի, գիտե՞ս, թէ ո՛վ էր ամենայղի հեղինակը։ Պոլսահայ արդի բանաստեղծ Անդան Էօզէրը։ Ան ներողութիւն կը խնդրէ իր բոլոր ընկերներէն, եթէ անտեսած է զանոնք ու առանց բարեւելու անցած, զի արդարացուցիչ պատճառ ունի.

«... Պատճառը չէք գիտեր-

շատ անգամ՝

յղի կ՚ըլլամ, յղի

-արգանդս գլխուս մէջ-

քերթուած մը պիտի ծնիմ

կամ պատմուածք մը»։

Մեր անկախութեան տօնին Նաիրի, երկիր Նաիրին թող յղիանայ նոր ապագայի մը ու հետեւելով սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մէկ բանաձեւին՝ ըսենք. «Մի՛ լիցի մեզ յղիանալ եւ ոչ ծնանել»։