ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մինչեւ ո՞ւր զիջել

Երկրի մը վարչակարգը երբ կը մնայ մենատիրոջ կամքին, այդ երկրի մէջ անխուսափելի կերպով կը հաստատուի բռնակալութիւնը։ Այս եզրակացութեան կը յանգինք (թողենք պատմութեան բազմաթիւ օրինակները) Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի որդեգրած քաղաքականութիւնը դիտելով։ Ան բացարձակ մենատէրն է իր հիմնած Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան։ Աւելի քան տասնըհինգ տարիներ իշխանութիւն վայելող այդ կուսակցութիւնը անշուշտ որ ունի վարչական եւ գործնական բազմաթիւ մարմիններ։ Բայց այդ մարմիններուն հասարակաց եզրն է հպատակիլ «Ռէիս»ին (Պետ)։ Ռէիսը ինք կը ճշդէ երեսփոխանները, նախարարները, խորհրդարանի նախագահը, նոյնիսկ վարչապետը։

Երկարամեայ այս վարչաձեւը բնականաբար պիտի ունենար իր տխուր հետեւանքները։ Պիտի դառնար սխալ օրինակ երկրի զանազան փոքր հաւաքականութիւններուն համար։ Ահա այդ տեսակի փոքրամասնութիւն մըն է Թուրքիոյ հայութիւնը։ Ան երկրի պայմաններուն բերումով աւելի քան հարիւր տարի է որ զրկուած է հեղինակութենէ։ Հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին դադրած է իր արդար իրաւունքը եւ բաժինը պահանջելէ։ Գոհացած է իրեն շնորհուածով։ Պետութեան գաւազանը միշտ գլխուն վերեւ տեսնելով համակերպած է իրեն թոյլ տրուած սահմանին մէջ գոյութիւնը պահելու։

Այս հոգեբանութիւնը իւրացուցած տարրեր կը կազմեն պոլսահայուն տեսանելի երեսակը։ Այդ տարրերը միանշանակ կը կազմակերպեն համայնքի ամէն մակարդակի վարչութիւնները։ Կը կազմեն հոգաբարձութիւն, խնամակալութիւն, թաղականութիւն, հիմնադրամներ։ Նոյնիսկ հասարակական կազմակերպութեան բնոյթ ակնկալուած միութիւնները, սեփական նախաձեռնութիւններ եղող մամուլը միահամուռ կերպով կը ձեւաւորեն թրքահայ համայնքը։

Այդ համայնապատկերին մենատիրութեան կը յաւակնի Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը։ Կը ներկայանայ Պոլսոյ մեծագոյն հաստատութեան վարիչ իբրեւ, ամբողջ համայնքի աշխարհական պետը։ Այդ հանգամանքով իր վրայ իրաւունք կը տեսնէ նաեւ կրօնապետը ճշդելու։ Յիշենք Պէքճեան սրբազանին ակնարկելով –Եթէ զիս լսեր հիմա պատրիարք էր, խօսքը։

Պետրոս Շիրինօղլու վերջերս դարձեալ կը զբաղեցնէ համայնքային օրակարգը։ Խիստ վիճելի առաջարկներ կը ներկայացնէ սպառնական ոճով։ Ժողովուրդի հաւագական հարստութիւնը կը գործածէ իր սեփականութեան պէս։ (Եթէ նկատի չէք ունենար իմ առաջարկները, դահեկան իսկ չէք կրնար ստանալ ինձմէ)։ Նշէնք որ այս նախադասութեան մէջ «ինձմէ» ըսուածը նոյնինքն ազգային հիւանդանոցի սնտուկն է։

Այս բոլորէն ետք համայնքի պետի յաւակնութենէ տարուած Շիրինօղլու նախորդ Երկուշաբթի օր ալ վերջակէտ դրաւ ՎԱՏԻՓ հարթակի աշխատանքներուն։

Նախագահ Էրտողան վարչապետ Տաւութօղլուն պաշտօնանկ ընելէ ետք իր շուրջինները նոր վարչապետէ ակնկալած յատկութիւնը կը նկարագրէին «հեղինակութենէ զուրկ» սահմանումով։ Ցաւալի է որ մեր համեստ համայնքի մեծագոյն դժբախտութիւնն ալ հեղինակութիւն չունեցող հոգաբարձուները, խնամակալութիւնները եւ թաղականութիւններն են։ Եթէ այդպէս չըլլար, յիշեալ ժողովի մասնակիցներէն գէթ մէկ անձ պիտի կրնար առարկել այս ամօթալի մենատիրութեան դիմաց։ Գոնէ մէկը պիտի հարցներ նման անպատշաճութեան հաշիւը։

Ներկայ դրութեան մէջ Պետրոս Շիրինօղլուի պատճառած ամօթը միայն իրմով սահմանուած չէ։ Այդ ամօթին մէջ բաժին ունին այս համայնքի հեղինակութենէ զուրկ բոլոր տարրերը, ըլլան վարչական, մամուլի ներկայացուցիչ, հասարակական կազմակերպութիւն եւ մինչեւ իսկ այս բոլորին հանդէպ անտարբեր մնացող հասարակ անհատը։

 

pakrates@yahoo.com