ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ
Կանխահաս ընտրութիւններու ամիս մը ընդառաջ յստակացան քաղաքական կուսակցութիւններու թեկնածուներու ցանկերը։ 21 Մայիսի երեկոյեան աւարտեցաւ ցանկերը յանձնելու ժամկէտը եւ յայտնի դարձաւ, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը այս ընտրութիւններուն չառաջարկէր ոեւէ հայ թեկնածու։ Նախորդ շրջանին իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան երեսփոխան Մարգար Էսաեան այս շրջանին դարձեալ թեկնածու առաջարկուած է իր կուսակցութեան կողմէ։ Կարօ Փայլան այս նոր ընտրութիւններուն Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան թեկնածուն է Տիյարպէքիրէն։ Այս կուսակցութեան շարքերէն Լուտմիլա Պիւյիւմ եւս թեկնածու է Պոլսոյ երկրորդ ընտրատարածքէն։ Նորակազմ «Լաւ» կուսակցութիւնը եւս ունի հայ թեկնածու յանձին Էլմաս Կիրակոս։
Փոքրամասնութեան թեկնածուներու ամենաշատ տեղ գտած կուսակցութիւնը եղաւ ՀՏՓ, ուր բացի Կարօ Փայլան եւ Լուտմիլա Պիւյիւմէ Մարտինի շրջակայքէն խմբագիր Թումա Չելիք, որպէս ասորի, աֆրօթուրք Եալչըն Եանըք Զմիւռնիայէն եւ ԼԿՊԹԻ Հասան Աթիք Էտիրնէէն թեկնածու ներկայացան։ Կուսակցութիւնը կրկին թեկնածու կ՚առաջարկէ այս շրջանին ալ երեսփոխան ըլլալով գործող էզտի Ֆելեքնազ Ուճան։
Կարօ Փայլան ուրախ է կուսակցութեան զինք Տիյարպէքիրէն թեկնածու ներկայացնելու պատճառաւ։ «Պատիւ կը զգամ Տիյարպէքիրի թեկնածու ներկայանալով։ Տիյարպէքիրի հետ բաւական երկար աշխատութիւն ունեցած եմ։ Յատկապէս Սուրբ Կիրակոսի նորոգութեան շրջանին։ Ես իմ կուսակցութեան փոխ համանախագահն եմ։ Հետեւաբար բոլոր հայերուն եւ ամբողջ Թուրքիոյ թեկնածուն եմ։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ ես զիս կը տեսնեմ որպէս աշխարհասփիւռ հայութեան ներկայացուցիչը Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ։ Մենք ուխտած ենք Թուրքիոյ մէջ արդարութեան, խաղաղութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքները կեանքի կոչել։ Նախորդ շրջանին այդ ուխտով աշխատած էի եւ այս շրջանին ալ կը խոստանամ նոյն ուղղութիւնով գործել»։
Սելինա Տողան մեկնաբանելով Հանրապետական կուսակցութեան ցանկերուն մէջ տեղ չունենալը, երեւոյթը բացատրեց կուսակցութիւններուն նախորդ շրջանի զգուշացումներէն հեռանալով։ «Նոյնիսկ ես չըլլամ կը յուսայի, որ կուսակցութիւնը հայ թեկնածու մը կ՚առաջարկէ։ Ըստ իս ցանկերը սխալ պատրաստուեցան, գոնէ զանազանութեան եւ կիներու ներկայացման առումով»։