21Մայիս երկուշաբթի երեկոյ գումարուած ՎԱՏԻՓ-ի ժողովին միակ օրակարգի նիւթն էր համայնքային դպրոցներու նիւթական խնդիրը։ Իբրեւ եզրակացութիւն կարելի է ըսել, որ այդ ժողովի ընթացքին պատահածները համայնքի առումով, թէ տխուր էր եւ թէ մտահոգիչ։ Նիւթը գրեթէ ծանօթ է շատերուն։ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը Պետրոս Շիրինօղլու շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Համբարձման տօնակատարութեան սեղանին անդրադարձած էր մեր կրթական հաստատութիւններու մատնուած նիւթական դժուարութիւններուն եւ շեշտած էր, թէ եթէ Ֆերիգիւղի Մերամեթճեան, Էսաեան եւ կեդրոնական վարժարաններու միջեւ միացում մը չի գործադրուի հիւանդանոցի աղբիւրներէն որեւէ օժանդակութիւն պիտի չկատարուի կամ ալ միայն չնչին գումարներ պիտի փոխանցուի։ Շիրինօղլուի այս ելոյթէն ետք նախ Կեդրոնականի նախկին սաները յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան եւ դատապարտեցին Հոգաբարձութեան ատենապետին այս նիւթին մերձեցման ոճը։ Քննադատութիւններ լսուեցան նաեւ տարբեր շրջանակներէ։ «Ակօս» թէ անդրադարձաւ այդ քննադատութիւններուն եւ թէ տեղ տուաւ պարոն Շիրինօղլուի տեսակէտը բաժնող ելոյթներուն (Օրինակի համար Ֆերիգիւղի թաղական խորհուրդի ատենապետի խօսքերուն)։ Շիրինօղլու իր խօսքերուն սկսաւ բուռն կերպով հակազդելով իրեն ուղղուած քննադատութիւններուն։ Մանաւանդ ալ ծանրանալով «Ակօս»ի յօդուածագիր Յովհաննէս Քըլըչտաղի վրայ։
Շիրինօղլու յատկապէս կը զայրանար Քըլըչտաղի «Ո՞ր աշխատասիրութեան, ո՞ր նախագծին հենելով նման առաջարկներ կը ներկայացնէ» խօսքերուն։ Արդէն ժողովի մուտքին բոլոր մասնակիցներուն բաժնուած էր «Ուսումը բարելաւելու եւ վերակազմելու մասին տեղեկագիր» անունով պրակ մը։ Ապա այդ տեղեկագիրը օդին մէջ շարժելով հարց տուաւ. «Ձեզմէ ո՞վ կարդացած է այս տեղեկագիրը»։ Ըստ երեւոյթի ոչ ոք կարդացած էր։ Հետաքրքրական է, որ պարոն Շիրինօղլու խոստովանեց, թէ ինք ալ չէ կարդացած։ Այդ հանգրուանին խօսք ուզեցինք եւ զգուշացուցինք, որ նման բարկութեան ոճը սխալ է։ Սակայն այս լսելով պարոն Շիրինօղլու ալ աւելի զայրացաւ յայտարարեց, որ կը լուծարկէ ՎԱՏԻՓ-ի կազմը եւ մինչեւ չկիրարկուի այդ տեղեկագրին պահանջած բարեփոխումները անգամ մըն ալ ՎԱՏԻՓ-ի ժողով պիտի չըլլայ։ Այս ըսելով Շիրինօղլու լքեց ժողովի դահլիճը։
Ահաւասիկ մեր առջեւ պարզուած էր այն իրողութիւնը, թէ համայնքէ ներս մեր գործերը ինչպէս կ՚ընդանան։ Շիրինօղլու պատճառաբանելով իր ալ չկարդացած տեղեկագիրը յաջողեցաւ կղպել նիւթ մը իր բազմակողմանի երեսակներով քննարկելու հնարաւորութիւնը։ Թերեւս հոն մարդիկ թերուդէմ կարծիքներ պիտի փոխանակէին, լուծման տարբեր եղանակներ պիտի առաջարկէին կամ գոնէ նիւթին կողմ եղողներէն Կեդրոնականի խնամակալութեան ատենապետը կարծիք մը պիտի փոխանցէր։ Սակայն Շիրինօղլու արգելք եղաւ այդ բոլորին ու նաեւ լուծեց համայնքային հաստատութիւններու խորհրդակցութեան մարմինը։ Այդ մարմինը արդեօք անգամ մը եւս պիտի կրնա՞յ գումարուիլ, որպէսզի խորհրդածութիւններով լուծումներ առաջարկէ մեր այս կամ այն խնդրին համար։
Մենք հետզհետէ համոզուած ենք, որ արդ բարկութեան նոպան դիտումնաւոր բեմադրութիւն մըն էր, քանի որ Շիրինօղլու յայտարարած էր. «Եթէ այս տեղեկագրի թելադրածները չկատարէք իմ դիմաց մի՛ գաք»։ Սա ապացոյց է, թէ Թուրքիոյ հայ հասարակութիւնը որեւէ նիւթը ժողովրդավարական սկզբունքներով քննարկելու կարող չէ։ Այս երեւոյթը ինքնաբերաբար մտածել կու տայ, թէ Պատրիարքարանի երդիքին տակ խորհրդակցական մարմին մը ձեւաւորուելէն ետք արդեօք բոլորովին անպէ՞տք համարուած է ՎԱՏԻՓ-ը։ Արդարեւ նման կասկածներ մօտ անցեալին ալ հնչած էին եւ սակայն յստակօրէն մերժուած։ Իսկ գալով պարոն Շիրինօղլուի ներկայացուցած տեղեկագրին այդ, աշխատասիրութիւնը անցեալին քննարկուած էր «Ակօս»ի էջերուն վրայ եւ պատշաճ կերպով մեկնաբանուած։ Անցեալին մեր կրթական համակարգի նուիրեալ գործիչներու կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրը իր արժանի անդրադարձը գտած էր «Ակօս»ի սիւնակներուն վրայ։ Հրանդ Տինք բովանդակալից յօդուածով մը մեկնաբանած էր այդտեղ ներկայացուած միտքերը։ Արդարեւ այսօր յարմար կը տեսնենք այդ գրութիւնը անգամ մը եւս հրատարակել «Ակօս»ի այս համարին մէջ։ Բայց խնդիրը ունի աւելի կարեւոր երեսակ մը եւս։ Սա պահուն նիւթ կ՚առնենք 16 տարի առաջ գրի առնուած շարադրութիւն մը, ուր տնտեսական բոլոր պայմանները խստօրէն կը տարբերէին այս օրէն։ Մնաց որ տեղեկագիրը ո՛չ անցեալին, ո՛չ ալ այսօր կը խօսի դպրոցներ փակելու մասին։ Ան կ՚առաջարկէ վերակազմութիւն։
Սա պահուն աւելի էական է ընտրուած պատրիարքի նախագահութեամբ խորհրդակցական ժողովի մը գումարուիլը եւ նիւթին այդ ժողովի օրակարգին վրայ հանգամանօրէն քննարկուիլը։
Նախքան գրութեան աւարտը կ՚արժէ անդրադառնալ ուրիշ երեւոյթի մը եւս։ Պարոն Շիրինօղլու իր մատնուած բարկութեան նոպային մէջ ակնարկելով թերթիս յօդուածագիր Յովհաննէս Քըլըչտաղին արտասանած էր «Իրեն ալ կարգը պիտի գայ» սպառնալիքը։ Այդ խօսքերով ի՞նչ ըսել կ՚ուզեր Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի ատենապետը, այս պահուն չենք գիտեր, բայց կը սպասենք շուտափոյթ լուսաբանութիւն մը։