ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԵՐԱԶ

Մար­­­դուս առա­­­ջին երա՜զը... Դժո­­­ւար է յի­­­շել։ Բայց, կա­­­րելի է են­­­թադրել, թէ ան մօր ստին­­­քէն կաթ ներծծել էր, ինչպէս կ՚ընեն նո­­­րածին­­­նե­­­­­­­րը։ Իսկ մայր ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թիւնը, զոր կա­­­րելի է դի­­­տել որ­­­պէս լե­­­զուա­­­գիտու­­­թեան կաթնտուն, բազ­­­մա­­­­­­­հազար տա­­­րիներ գուրգու­­­րանքով ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րած է իր բո­­­լոր զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րուն՝ բա­­­ռերուն պատ­­­մութիւ­­­նը, օրը օրին։ Ուստի, ան կը յի­­­շէ նաեւ մեր լե­­­զուի բո­­­լոր «երազ»նե­­­րը, լու­­­սա­­­­­­­ւոր թէ՝ տար­­­տամ, աւե­­­տաբեր թէ՝ աղե­­­տալի։

Այ­­­սօր կը զրու­­­ցենք «երազ» բա­­­ռի մա­­­սին։ Սա­­­կայն, պէտք է աւելցնել, թէ այդ բա­­­ռի ան­­­ցեալէն կը բա­­­ցակա­­­յի կա­­­րեւոր էջ մը՝ անոր ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թիւնը։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, ինչպէս կի­­­սատ կը մնայ անուշ երա­­­զը, երբ ակա­­­մայ կ՚արթննայ մար­­­դը, նոյնպէս, կ՚երե­­­ւի ան­­­յարմար մէկ պա­­­հուն յան­­­կարծ արթնցեր ենք ամ­­­բողջ ազ­­­գով, ու դժբախ­­­տա­­­­­­­բար, չենք յի­­­շեր, թէ ի՛նչ է «երազ» բա­­­ռին ծա­­­գու­­­մը։ Կայ այն կար­­­ծի­­­­­­­քը, թէ իրա­­­նական փո­­­խառու­­­թիւն է եւ կու գայ մի­­­ջին պարսկե­­­րէն «րազ» նոյ­­­նի­­­­­­­մաստ բա­­­ռէն։ Սա­­­կայն, այս տե­­­սու­­­թիւնը մեր­­­ժած են, թէ՝ ստու­­­գա­­­­­­­բան եւ բա­­­ռարա­­­նագէտ Հրա­­­չեայ Աճա­­­ռեանը եւ թէ՝ գեր­­­մա­­­­­­­նացի հա­­­յագէտ, լե­­­զուա­­­բան եւ բա­­­նասէր Հայնրիխ Հիւբշմա­­­նը։ (Ան, որ 1875 թո­­­ւակա­­­նին փաս­­­տեց, թէ հա­­­յերէ­­­նը հնդեւ­­­րո­­­­­­­պական լե­­­զուաըն­­­տա­­­­­­­նիքի ան­­­կախ եւ ինքնու­­­րոյն մէկ ճիւ­­­ղը է։)

Մես­­­րո­­­­­­­պեան տա­­­ռերով գրի առ­­­նո­­­­­­­ւած առա­­­ջին գրա­­­ւոր ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րութեան՝ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի մէջ կան բազ­­­մա­­­­­­­թիւ «երազ»ներ։ Սուրբ գիր­­­քի էջե­­­րէն ներս բա­­­ռը գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թիւն գտեր է 95 ան­­­գամ։ Հոն կան նաեւ «երա­­­զահան», «երա­­­զատես» եւ «երա­­­զել» բա­­­ռերը։ Գրա­­­բար հա­­­յերէ­­­նը ու­­­նե­­­­­­­ցեր է նաեւ եր­­­կու բայ, «յե­­­րազա­­­նալ» եւ «յե­­­րազիլ»՝ երա­­­զի մէջ երե­­­ւիլ։

Մեր երազ­­­կոտ լե­­­զուն դա­­­րերու ըն­­­թացքին տե­­­սեր ու մտայ­­­ղա­­­­­­­ցեր է շա՜տ երազ­­­ներ, եօթա­­­նասու­­­նի չափ։ Նկա­­­տի ու­­­նինք «երազ»ով հիւ­­­սո­­­­­­­ւած բա­­­ռերը։ Ահա քա­­­նի մը քաղցր օրի­­­նակ. Երա­­­զաբոյր, երա­­­զաթեւ, երա­­­զագեղ, երա­­­զահամ, երա­­­զախառն, երա­­­զածին, երա­­­զու­­­հի... Իսկ մեր ամե­­­նաեր­­­կար «երազ»նե՞րը՝ 14-15 տառ ու­­­նե­­­­­­­ցող բա­­­ռեր.երա­­­զահ­­­մա­­­­­­­յու­­­թիւն, երա­­­զապաշ­­­տութիւն եւ երա­­­զատե­­­սու­­­թիւն։

Մեր հնա­­­գոյն հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րու մօտ շատ տեղ չէ գտած «երազ» բա­­­ռը։ «Երազ»ը աւե­­­լի յա­­­ճախ տե­­­սեր են մեր 19րդ դա­­­րու գե­­­ղապաշտ եւ քնա­­­րեր­­­գակ բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րը։ Առա­­­ջին­­­նե­­­­­­­րէն էր Յով­­­հաննէս Թու­­­մա­­­­­­­նեանը, որ մէկ գի­­­շեր, ան­­­հանգիստ քու­­­նի մէջ, իր կե­­­րած գառ­­­նուկին մօր պատ­­­կե­­­­­­­րին հա­­­շիւ պէտք ու­­­նե­­­­­­­ցաւ տալ. «Երա­­­զումս մի մա­­­քի, մօտս եկաւ հարցմունքի...»։ «Երազ» բա­­­ռը նաեւ առաւ փո­­­խաբե­­­րական իմաստներ։ Ամե­­­նայն հա­­­յոց բա­­­նաս­­­տեղծի հա­­­մար «տեն­­­չանք եւ փա­­­փաք» էր ան ու Թու­­­մա­­­­­­­նեանը գրեց. «Վռազ ան­­­ցան երազ, մու­­­րազ ու չհա­­­սայ ո՛չ մէ­­­կին», «Կեանքս թե­­­թեւ տա­­­նուլ տո­­­ւած երազ եղաւ»։ Պէտք է մտա­­­բերել նաեւ «Երազ» երգ-բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը, ուր Սմբատ Շա­­­հազի­­­զը կը հան­­­դի­­­­­­­պի իր մօր պատ­­­կե­­­­­­­րին.

Բայց ափ­­­սո՜ս, որ երազ էր։

Այն երա՜զ էր ցնո­­­րամիտ։

Ա՜խ, այդ ին­­­չո՞ւ երազ էր.

Լե­­­ւոն Շան­­­թը «Հին Աս­­­տո­­­­­­­ւած­­­ներ» թա­­­տերա­­­խաղի մէջ տե­­­սաւ, թէ երազ են մար­­­դու բարձրա­­­գոյն նպա­­­տակ­­­նե­­­­­­­րը։ Մին­­­չեւ այ­­­սօր մեր ժո­­­ղովուրդի հա­­­մար սի­­­րելի եւ կրկնե­­­լի խօս­­­քեր են. «Իջէք, իջէք երազ­­­ներ, իջէք զգոյշ երազ­­­ներ, շո­­­յող անոյշ երազ­­­ներ, իջէք քնքուշ երազ­­­ներ»։ Աք­­­սել Բա­­­կունցի, երա­­­զան­­­ման Գո­­­րիս քա­­­ղաքի այդ զա­­­ւակի հա­­­մար «չքնա­­­ղագեղ եւ չնաշ­­­խարհիկ» դար­­­ձաւ բա­­­ռը. «Տե­­­սանք այն խա­­­ղաղ փո­­­ղոցի երա­­­զային պատշգամ­­­բը»։ Նոյն իմաս­­­տը կրկնեց Վախ­­­թանգ Անա­­­նեանը. «Ապ­­­րում ու բազ­­­մա­­­­­­­նում են այն երազ հով­­­տում»։ Վա­­­հան Թէ­­­քէեանն ալ սու­­­զո­­­­­­­ւած էր երա­­­զանքնե­­­րու մէջ, անձնա­­­տուր եղած անոնց. «Ու կը նա­­­յիմ ես ծո­­­վէն՝ երա­­­զամոյն աչ­­­քե­­­­­­­րով»։

«Երազ»ով շի­­­նեցինք նաեւ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ դար­­­ձո­­­­­­­ւածքներ։ Ոս­­­կե­­­­­­­դարուն ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք «Երազ տե­­­սանել», «Ոչ յե­­­րազի ան­­­գամ տե­­­սանել», «Երազ է կեանք մար­­­դոյ» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը։ Իսկ գրա­­­բարը մղձա­­­ւան­­­ջա­­­­­­­յին երազ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւեր է այսպէս. «Ցնորք զա­­­հան­­­դե­­­­­­­լի խօ­­­լական երա­­­զոց»։ Աշ­­­խարհա­­­բարս ու­­­նի «երազ դառ­­­նալ», «երա­­­զի մէջ իյ­­­նալ», «երա­­­զի մէջ ալ չտես­­­նել», «երազ­­­նե­­­­­­­րով ապ­­­րիլ», «երա­­­զի նման անցնիլ» դար­­­ձո­­­­­­­ւածքներ։

Հա­­­յու հա­­­մար եր­­­կիրն ալ երազ է։ Եւ մենք սի­­­րեցինք եր­­­գել ան. «Երազ իմ եր­­­կիր, հայ­­­րե­­­­­­­նի, հոգ­­­սերդ շատ, յոյսդ մեծ...» Իսկ եղան օրեր, մեր ժո­­­ղովուրդի երա­­­զի առա­­­գաստնե­­­րը, չդի­­­մանա­­­լով սաս­­­տիկ քա­­­մինե­­­րու՝ դար­­­ձան ան­­­կարկա­­­տելի ծո­­­ւէն­­­նե­­­­­­­րու՝ ու լոյս տե­­­սաւ եր­­­կու գիրք. «Խա­­­չուած երազ­­­ներ», «Երազ օրեր»։ Առա­­­ջինը Պոլ­­­սոյ մէջ իսկ միւ­­­սը՝ Երե­­­ւանի։ Յի­­­շել կ՚ար­­­ժէ, թէ խո­­­րագ­­­րի վրայ «երազ» բա­­­ռը ու­­­նե­­­­­­­ցող հայ­­­կա­­­­­­­կան առա­­­ջին գիր­­­քը «երա­­­զահան» մըն էր. «Մարմնա­­­խաղաց եւ Երա­­­զահան», Կ. Պո­­­լիս, 1803։ Երա­­­զահան գիր­­­քե­­­­­­­րը, ըստ երե­­­ւոյ­­­թին շատ ժո­­­ղովրդա­­­կան, գրա­­­ւած են բո­­­լորիս հե­­­տաքրքրու­­­թիւնը։ Ահա երա­­­զահան մը, որ լոյս տե­­­սած է Մար­­­սէյլի մէջ. «Երա­­­զահան ճոխ եւ ըն­­­դարձակ», Արամ եւ Մես­­­րոպ Ժամ­­­կո­­­­­­­չեան­­­նե­­­­­­­րու հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւնը, լոյս տե­­­սած 1932 թո­­­ւակա­­­նին։ Նոյն տաս­­­նա­­­­­­­մեակին, «երազ» բա­­­ռը հայ­­­րե­­­­­­­նիքի մէջ առաւ նոր երե­­­ւոյթ մը՝ «յե­­­րազ», շնոր­­­հիւ ուղղագ­­­րա­­­­­­­կան կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րու մէջ եկած փո­­­փոխու­­­թեան, ու երե­­­ւանեան տպա­­­րան­­­նե­­­­­­­րը սկսան լոյս ըն­­­ծա­­­­­­­յել գիր­­­քեր՝ հե­­­տեւեալ գրա­­­շարո­­­ւած­­­քով «Ար­­­փի­­­­­­­կի յե­­­րազը», «Փոք­­­րիկնե­­­րի յե­­­րազը»։

Այժմ պէտք է յայ­­­տա­­­­­­­րարել մեր բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րու ամե­­­նէն երազ­­­կո­­­­­­­տը. Եղի­­­շէ Չա­­­րենց, ան, որ մեր լե­­­զուին տո­­­ւաւ «կա­­­պոյտ երազ», «կար­­­միր երազ», «մեր հո­­­գին ջա­­­հել ու բազ­­­մաերազ...» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը։ Չա­­­րեն­­­ցի հա­­­մար երա­­­զը «երե­­­ւակա­­­յական եւ անի­­­րագոր­­­ծե­­­­­­­լի բան» էր ու ան գրեց. «Մեր աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը դիւ­­­ցազնա­­­կան, նրա թո­­­ւում էր սին մի երազ»։ «Դան­­­թէական Առաս­­­պել» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ «երազ» բա­­­ռը գոր­­­ծա­­­­­­­ծեր է 12 ան­­­գամ՝ անոր տա­­­լով գու­­­նա­­­­­­­ւոր նոր պատ­­­կերներ. «երա­­­զել խնդու­­­թիւններ», «հուրհրա­­­տող երազ», «հար­­­բած երազ­­­ներ», «հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մի երազ», «երազ­­­ներ ան­­­հունի», «գորշ օրե­­­րի միան­­­ման երազ», «երա­­­զի ու­­­ղի­­­­­­­ներ», «ար­­­նա­­­­­­­վառ երազ»։

Այ­­­սօր, մեր ժո­­­ղովուրդը աւե­­­լի երազ­­­կոտ քան եր­­­բեք, կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ երա­­­զել։ Հրա­­­ժեշ­­­տի հա­­­մար ձեզ կը հրա­­­ւիրեմ երա­­­զամոյն ունկնդրել Խա­­­չատուր Աւե­­­տիսեանի «Կա­­­պոյտ երազ»ը. «Քու զու­­­լալ աչ­­­քե­­­­­­­րում, կու­­­սա­­­­­­­կան ու ան­­­մեղ, տե­­­սայ ես շող, տե­­­սայ վա­­­ռուող երազ­­­ներ կապոյտ…»։