Փոխանորդին ի-մակները Է.

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Փոխանորդ սրբազանը կը նամակակցի մէկու մը հետ, որ ինքզինքը փոխանորդին փոխանորդութիւն ըրած հաւաքականութեան առաջնորդը կը նկատէ։ Փոխանորդը ձեւով մը կը դառնայ փոխանորդը ո՛չ թէ պատրիարքին այլ այս մարդուն, որ ինքզինքը բանի մը տեղ դրած է, չըլլալով այն բանը, որ կը յաւակնի ըլլալ։ Այո, մեր նամակներուն հերոսներէն մէկն է անիկա, ծանօթ ենք իրեն՝ պարոն Սիրունեանին, որ համայնքային հաստատութեան մը ատենապետն է, ընտրուած է միւսներուն նման, սակայն չես գիտեր ինչու, առաջնորդի հովեր առած է։ Չկարծուի սակայն որ Սիրունեան ու Փոխանորդ իրարու հակառակորդներ են։ Երբե՛ք։ Ձեռք ձեռքի տուած հրաշքներ կը գործեն՝ նախեւառաջ անշուշտ մտածելով իրենց հօտին, այսինքն մեր մասին։

Բայց, աւելի լաւ է կարդանք…

*

Գումգաբու, 16 մայիս 2018

Յարգելի պր. Սիրունեան,

Աստուած քեզի հաւատացնէ, տարօրինակ երազ մը տեսայ երէկ գիշեր։ Քիչ մնաց ուրախութենէս փոխանորդական անկողնէս պիտի իյնայի։ Ուրեմն պատրիարք եղեր եմ… Չէ՛, չէ՛, այսքան չէ երազս… Համբերէ՛… Պատրիարք եղեր եմ։ Մեր բարեխնամ կառավարութիւնը, որուն կը պարտինք Աղթամարի գլխուն խաչին տնկումը, Գումգաբուին փողոցին ընդլայնումը, Տիգրանակերտի եկեղեցիին վերանորոգումը, յունիս 24-ի ընտրութենէն ետք շնորհ կ՚ընէ կազմակերպելու նաեւ պատրիարքական ընտրութիւնը։ Ընտրութիւնը կը կայանայ յունիս 24-էն անմիջապէս վերջ, յունիսի 30-ին։ Անշուշտ ես միակ թեկնածուն եմ ու պատրիարք կ՚ընտրուիմ։ Ի՜նչ լաւ է, չէ՞… Պատրիարք ըլլալուս պէս քեզ կը կարգեմ խորհրդակցական մարմինի ատենապետ, ուսումնական յանձնախումբի ատենապետ, ելմտական յանձնախումբի ատենապետ, կալուածոց յանձնախումբի ատենապետ, «Շագանակ» ու «Փափարա» թերթերու գլխաւոր խմբագիր (հոգ չէ թէ միակ խմբագիրը դուն պիտի ըլլաս)։ Բոլոր դպրոցները կու տամ հրամանիդ տակ, ամէնքը ուզուծուդ պէս կը միացնես, կը զատես, Կեդրոնականը կը միացնես Էսաեանին, Օրթագիւղը կ՚առնես Արամեանին քովը կը դնես, Դպրեվանքը Եշիլգիւղին տակը կը մտցնես, Սահակեանը կ՚առնես Տարիւլշաֆաքային կու տաս, Գարակէօզեանը մզկիթի ու մետրեսէի կը վերածես… Տահա ինչե՜ր, ինչե՜ր…

Երբ աչքերս բացի՝ տեսայ որ երազ մըն է եղեր։ Այնքան տխրեցայ որ… Երկու գաւաթ պաղ ջուր խմեցի, հազիւ ինքզինքիս եկայ…

Սիրելի պարոն Սիրունեան, նայէ՛ այսօր ժողով կայ, անցեալ շաբաթ չէիր եկած, այս շաբաթ չգալիք չնես, աստուածդ սիրեմ, քու բացակայութիւնդ զգալի կ՚ըլլայ միշտ։

Ցտեսութիւն, բարեւէ տիկինը։

Փոխանորդ

*

Սրբազան, ատ ի՜նչ աղուոր երազ տեսեր ես։ Հոգ մի՛ ըներ, երազներդ օր մը անպայման իրականութիւն պիտի դառնան։ Եթէ անշուշտ քանի մը խանգարիչներ ու անկիրթներ չխոչընդոտեն։ Բռնըւցուցեր են դպրոց, դպրոց… Ես դպրո՞ց գացի, դուն դպրո՞ց գացիր… Թոռնիկներս նոյնիսկ օտար վարժարան կը ղրկեմ։ Ի՞նչ պէտք կայ այսքան հայկական վարժարանի։ Գէ՞շ կ՚ըլլայ, սրբազան, եթէ Էսաեանը ձեւով մը Կեդրոնականին ու Ֆերիգիւղին միացնենք ու Էսաեանի շէնքն ալ պանդոկ ընենք։ Պաքըրգիւղը միացնենք Եշիլգիւղին, Պաքըրգիւղի նոփնոր շէնքն ալ առեւտուրի կեդրոն ընենք։ Թոփգաբուն գոցենք, գինետունի վերածենք։ Հոնկէ գալիք դրամներուն տոկոսն ալ պատրիարքարանին տանք, եկեղեցիները բարեզարդենք, Գումգաբուին ետեւի փողոցներն ալ շինենք, «Շագանակ»ին ու «Փափարա»ին կերցնենք որ մեր աս ըրածները սաւան-սաւան գրեն։ Անկիրթ մըն ալ ելեր է ու կ՚ըսէ, թէ «Շագանակ»ն ու «Փափարա»ն միացուր, դպրոցները միացնելու տեղ… Հայ թերթը ընկերն է հայ տան, աս խօսքն ալ չէ սորվեր անկիրթը։ Սրբազան, աս մարդոցմէ պէտք է ձեւով մը ազատինք։ Իրենց հոս-հոն գրածները ու խօսածները հաւաքել կու տամ, վաղը միւս օր դատախազութեան յանձնել պիտի տամ, ան ատեն կը տեսնեն էլ մի եաման պէյ մի…

Իրիկուան ժողովին չեմ կրնար գալ, այս անգամ ալ ներող եղիր, ընկերներու հետ երթալիք տեղ ունիմ։ Իտարէ կ՚ընես…

Սիմոն Սիրունեան

*

Պահչէշեհիր, 19 մայիս 2018

Պարոն Շիշմանեան,

Քուկինդ ահաւոր ջղայնացած է, գիտցած ըլլաս։ Դպրոցներու հարցին մասին ըսածները դուն ալ, ես ալ շատ լաւ գիտենք որ ձաբռտուքներ են, ըլլալիք բաներ չեն։ Աս մարդը աս խելքովը, խօսելու, մարդոց հետ շփուելու այս եղանակովը այսքան դրամը ինչպէ՞ս շահեր է՝ խելքս չ՚առներ կոր հաւատա՛։ Ասոնք մեր նիւթը չէ, մեզի ինչ վերջապէս։ Մենք մեր գործերը քալեցնելու նայինք եւ ասոր համար ալ իր դրամին ու դրամովը գնած հեղինակութեան պէտք ունինք։ Հանդարտեցնելու համար սանկ աղուող հարցազրոյց մը ըրէ, բաներ մը գրէ։ Պիլալին պատմելու պէս գրէ… Թրքերէնով գրէ… Քովինները կարդան նէ՝ իրեն ըսելիք բան մը ունենան գոնէ։

Յաջողութիւն…

Փոխանորդ

*

Սիրելի սրբազան,

Ուրկէ՞ հանեցիր որ պետութիւնը մեր համայնքին համար է որ պատրիարքական ընտրութիւնը չ՚արտօներ։ Հանճար մըն ես դուն, հաւատա՛… Երբ կարդացի լուրը՝ ատանկ քա՛հ-քա՛հ մը նետեցի որ կնիկս խոհանոցէն սալոն վազեց։ Նստած աթոռէս պիտի իյնայի ուր որ է… Կատակը մէկ կողմ, իրապէս լաւ ըսեր ես, սրբազան։ Ադ խելքը քեզի խորհրդակցական մարմինիդ անմահ անդամները տուին զաար… Ապրի՛ն անոնք ալ։ Ադ ըսածդ կը բռնէ, ըսեմ քեզի։ Քեզի դէմ եղողներն անգամ ինծի կու գան եւ փոխանորդին ադ ըսածը բնաւ չէինք մտածած կ՚ըսեն։

Բայց ձեւով մը տարածում պէտք է գտնէ։ «Փափարա»ն ու «Շագանակ»ը թող զարգացնեն քիչ մը ատիկա, որպէսզի տեղ ընէ աւելի։

Իրիկուան համար «Յովիկ Քալող» մը առած եմ, եկո՛ւր ալ լաւ մը խմենք։

Ցտեսութիւն…

Ներկարարեան

*

Սիրելի Ներկարարեան,

Ինչո՞ւ զիս այդքան կը նուաստացնես որ… Ի՛մ խելքս էր ատիկա։ Խորհրդակցական մարմինը հաւաքուա՞ծ ունի։ Իբր թէ խորհրդակցական մարմին կազմեցի։ Պատրիարքարան չեն գար որ… Էֆենտիմ հեռու է եղեր, ճամբաները գոց ըլլան նէ՝ չեն հասնիր կոր եղեր։ Մեթրօ չեն նստիր կոր որ էֆենտիները։ Փեք փափուկ են՝ կա՛մ թաքսի, կամ օթօ։

«Փափարա»ն ու «Շագանակ»ն ալ թող չմեծնայ աչքիդ։ Սիրունեանը դպրոցները միացնելու ետեւէ է, բայց էն աղէկը ասոնք միացնելը կ՚ըլլայ, դպրոցէ մը աւելի ծախս ունին, կարդացողներն ալ Շիշլիի ու Պալըքլիի բնակիչներն են… Ասիկա բարձրաձայն ըսեմ նէ կը խղդեն զիս… Սուս եղիր…

Գիշերը կը տեսնուիք։

 

Փոխանորդ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ