ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
armenag@gmail.com
Աչքի առաջ ունենալով անցած կիրակի օրուան ընթերցումին յառաջացուցած հետաքրքրութիւնը, այսու կը փութամ, որոշ առումով ամբողջական թղթածրար մը յառաջացնելու նպատակով, լրացնել զայն կարգ մը այլ տուեալներով, որոնցմէ խուսափած էի նախապէս՝ յօդուածս չծանրաբեռնելու մտահոգութենէն մղուած։
***
Ուրեմն ես նկատել տուած էի, որ Աբեղեանի ուղղագրական համակարգը ըստ ինքեան կատարեալ ըլլալով հանդերձ՝ աշխարհաբարի ներկայ արտասանութեան համար, մերժուեցաւ սփիւռքահայութեան կողմէ, իսկ այդ մերժումին պատճառը բոլորովին հոգեբանական էր, կը բախէր սովորամոլութեանը անոնց, որոնք վարժուած էին աւանդական ուղղագրութեան եւ ճիշդ այդ վարժութեան դէմ է, որ անզօր ենք մենք։ Մարդ կը հիւանդանայ տեսնելով կամ հարկադրուելով գրել «կողբա»՝ փոխան «կ՚ողբայ»-ի, եւ այսպիսի բազմահազար մտապատկերներ, որոնք դրոշմուած են մեր գիտակցութեան մէջ մանուկ հասակէն։
Իսկ եթէ ան Հայաստանի մէջ յաջողեցաւ, ապա միայն պետական պարտադրանքով։
Հազիւ երկու տասնամեակ անց՝ ահա այնտեղ ալ բողոքի ձայներ բարձրացան, եւ պետութիւնը ստիպուեցաւ տեղի տալ այդ ձայներուն առջեւ։ Առ այս ստեղծուեցաւ յանձնաժողով մը, որ պարտականութիւն ունէր քննելու Գուրգէն Սեւակի բարենորոգչական մէկ նախագիծը։ Եւ այսպէս է, որ Աբեղեանի ծայրայեղութիւններուն մէկ մասը վերցաւ, եւ յառաջացաւ այսօրուան արեւելահայ ուղղագրութիւնը, ուր բառերուն սկիզբը վերականգնուեցան է եւ օ տառերը, որոնք դուրս մնացած էին հայերէնէն։ Միւս կողմէ՝ վերականգնուեցան բառերու սկիզբի ո (որակ) ու էե (երազ) տառերը, որոնց փոխարէն Աբեղեան դրած է վո (վորակ) եւ յէ (յերազ)։
Ստորեւ իբրեւ նախաճաշակ կու տամ փոքրիկ ցանկ մը, ուր առաջին սիւնակը կը ներկայացնէ աւանդական ուղղագրութիւնը, երկրորդը՝ Աբեղեանի 1922-ի ուղղագրութիւնը, երրորդը՝ 1940-ի բարեփոխեալ ուղղագրութիւնը.
օրէնք օրէնք օրէնք
օրհնում է որհնում ե օրհնում է
ոտ(ք) վոտ(ք) ոտ(ք)
որ վոր որ
որակ վորակ որակ
եղէգ յեղեգ եղեգ
երազ յերազ երազ
էակ եյակ էակ
էի եյի էի
գրէի գրեյի գրեի
Նկատելի է այն յարաբերական բարեփոխութիւնը եւ աւանդութեան տրուած տուրքը, որոնք յառաջացած են գ. սիւնակին մէջ։
Գուրգէն Սեւակի նախագիծին մէջ առաջարկուած էր նաեւ վերականգնել երեք երկը բարբառները՝ եա (պատեան), իւ (սիւն), ոյ (քոյր), սակայն կարելի չեղաւ ասոնք ներառել բարենորոգումի ծիրէն ներս, եւ այդ բառերը կը գրուին՝ պատյան, սյուն, քոյր։
Գոնէ, գոնէ բացառութեան կարգով խնայուէր հայկական մականունի եան-ին. նոյնիսկ այս կարելի չեղաւ, եւ ան կը գրուի՝ Պապյան, Աբեղյան, Մարկոսեան։
Միւս կողմէ՝ չվերականգնուեցաւ ւ տառը եւս (հաւ, նաւակ, հազիւ), որուն փոխարէն կը գրուի վ (հավ, նավակ, հազիվ)։ Այս տառը կը մնայ միայն ու/եւ-ին մէջ։
***
Աւանդական ուղղագրութեան ո՞ր հարցերը «կը լուծէ» արեւելահայ ուղղագրութիւնը։
Արեւելահայ գրողը զերծ է հետեւեալ դժուարութիւններէն.
Բառամէջի լսուող «օ» հնչիւնը կը գրուի միայն ո-ով. օրինակ՝ հոտ (ուրեմն՝ կը նոյնանան հոտ եւ հօտ), հոր (կը նոյնանան հոր եւ հօր), նաեւ՝ կարոտ, կոշիկ, մօտ, գոտի, նոսր, տոն, ցող եւ այլն։
Բառամէջի եւ բառավերջի լսուող «է» հնչիւնը կը գրուի միայն ե-ով. օրինակ՝ սեր ( ուրեմն կը նոյնանան սեր եւ սէր), գեր (կը նոյնանան գեր եւ գէր), պետ ( կը նոյնանան պետ եւ պէտ), նաեւ՝ աղեկ, դետ, կես, ձեթ, շեկ, պարտեզ եւ այլն։ Այլեւ՝ բազե, երե, սիրե, ուտէ եւ այլն։
Բառասկիզբին լսուող «հ» հնչիւնը կը գրուի միայն հ-ով. օրինակ՝ համր (ուրեմն՝ կը նոյնանան համր ու յամր), նաեւ՝ հատիկ եւ հատակ (փոխանակ յատակ-ի), համար եւ համառ (փոխանակ յամառ-ի), հարթ եւ հարդ (փոխանակ յարդ-ի), հորթ եւ հորդ (փոխանակ՝ յորդ-ի), այլեւ՝ յաղթել, հաճախ, յոյս, հենիլ, հետին եւ այլն։
Այս վերջին պարագային հ-ով կը գրուի նաեւ բառասկիզբի գրաբարեան յ նախդիրը, որուն ծանօթ եղողին համար շատ դժուար է հրաժարիլ անկէ. օրինակ՝ յ-անկարծ, յ-անձին, յ-օգուտ, յ-ումպէտս, յ-աջող, յ-առաջ, յ-օրինել եւ այլն, որոնք կը գրուին հ-ով՝ հանկարծ, հանձին եւ այլն։
«Վ» հնչիւնը բոլոր դիրքերու վրայ կը գրուի միայն վ տառով. օրինակ՝ վագր, վարազ, աղվես (փոխանակ՝ աղուէս-ի), աղվոր (փոխանակ՝ աղուոր-ի), հավ (փոխանակ՝ հաւ-ի, զավակ (փոխանակ՝ զաւակ-ի) եւ այլն։
Եւ վերջապէս արեւելահայերէնը ապաթարց չունի, օրինակ՝ կառնէ (կ՚առնէ), կողբա (կ՚ողբայ), չունի անձայն յ տառը բառերուն վերջը. օրինակ՝ շուկա, վկա, խաղա, երթա եւ այլն։
Այս բոլորին մասին շատ խօսուած ու գրուած է, ուստի զանց կ՚ընեմ վերադառնալ։
Ճիշդ է, որ զգալիօրէն դիւրին է նման ուղղագրութիւն մը, սակայն միւս կողմէ բթացուցիչ ալ է ան, երբ կը նոյնանան հոտ եւ հօտ, հոր եւ հօր, համր եւ յամր հասկացութիւնները եւ նմանները։ Կամ երբ անբացատրելի կը մնայ, թէ ինչո՞ւ զեն արմատը մէկ կողմէ կու տայ զենել (մորթել), իսկ միւս կողմէ կու տայ զինել (զէնքով օժտել). արեւելահայ դպրոցականը այս հարցումին պատասխանը չունի, քանի զէն արմատ չկայ արեւելահայ ուղղագրութեան մէջ։
Այս բոլորով հանդերձ եւ կրկնութեան ի գին պէտք է ըսել, թէ արեւելահայ ուղղագրութիւնը անհամեմատօրէն աւելի դիւրին է։ Արեւելահայ դպրոցականը,– որուն համար Աբեղեան յօրինեց իր ուղղագրութիւնը,– չունի արեւմտահայ դպրոցականին, բայց նաեւ չափահասին ո-օ, ե-է, յ-հ ընտրութեան մղձաւանջը, ինչ որ քիչ բան չէ։
Մինչ անդին արեւմտահայը ունի տակաւին այլ մղձաւանջներ՝ շատ ու շատ աւելի ճնշիչ ու տարողունակ, քան յիշեալները, որոնցմէ զերծ է արեւելահայերէնը եւ որոնց ոչ մէկ լուծում կը բերէ Աբեղեանի ուղղագրական համակարգը։ Եւ ճիշդ այստեղ ալ կը կայանայ մեր կիրարկած ուղղագրութեան անպատշաճութիւնը մեր բարբառին։
***
Արեւմտահայերէնի մէջ նոյնացած են հետեւեալ վեց զոյգ բաղաձայնները՝ բ-փ, գ-ք, դ-թ, ձ-ց, ջ-չ, ր-ռ (չհաշուած յ-հ զոյգը, որուն ակնարկուեցաւ վերը)։ Այս զոյգերը ունին նոյն արտասանութիւնը։ Այս տառերու յաճախականութիւնը անհամեմատօրէն աւելի մեծ է, քան ո-օ, ե-է, յ-հ զոյգերունը, եւ արեւմտահայերէնի ուղղագրական սխալներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կը վերաբերի այս վեց կամ եօթը զոյգ բաղաձայններու շփոթին՝ դպրոցական տարիքին թէ անկէ վեր, ընդհուպ մինչեւ մեր մամուլը եւ այլ հրատարակութիւներ։
Հոն ուր վերոյիշեալները արեւելահայուն համար կը կազմեն եռաշարք զանազանելի բաղաձայններ, արեւմտահայը պատմականօրէն կորսնցուցած է այդ զանազանութիւնը. մեզի համար կան միայն երկշարք բաղաձայններ՝ պ եւ բ-փ, կ եւ գ-ք, տ եւ դ-թ, ծ եւ ձ-ց, ճ եւ ջ-չ, իսկ ր-ռ եւ բառասկիզբի յ-հ արդէն նոյնացած են։ Ահա այս ծանծաղուտին մէջ է, որ կը տապլտկի արեւմտահայերէն գրողը, որմէ պահանջուածը պէտք է բաւական վեր ըլլայ մարդկային միջինէն, քանի գրեթէ անխոցելի ուղղագրող չունինք։ Կան արեւմտահայերէնը թերի ու նուազ թերի ուղղագրողներ, իսկ կատարեալ ուղղագրողներ...թերեւս բացառաբար գտնուին։
***
Հրաչեայ Աճառեանը, որ ծնունդով արեւմտահայ էր, մօտաւորապէս 20 տարեկանին հեռացաւ Պոլիսէն, երեք տարի ուսանեցաւ Եւրոպա, ապա պաշտօնով անցաւ Էջմիածին, ու այնուհետեւ կեանքին մնացեալ 50 տարիները անցուց արեւելահայ միջավայրի մէջ՝ Շուշի, Թաւրիզ, Նոր Նախիջեւան, Խորհրդային Հայաստան, ուր եւ մահացաւ 1953-ին։ Այլ խօսքով՝ ան կեանքին մեծագոյն մասը անցուց արեւելահայ միջավայրի մէջ, արեւելահայերէն խօսելով, գրելով եւ ուսուցելով։
Անոր մահուան 10-րդ տարելիցին առթիւ իր երախտագէտ ուսանողներէն Արարատ Ղարիբեանը,– ուրիշներու կարգին,– գրեց մեծարանքի հոյակապ յօդուած մը։ Այս յօդուածի աւարտին Ղարիբեան կ՚ընէր ուշագրաւ յայտնութիւն մը՝ Աճառեանի արտասանութեան մասին, որ հետեւեալն է. «Աճառեանը,– կը գրէր ան,– մինչեւ մահը չյաջողեցաւ զանազանել եռաշարք բաղաձայնները»։ Այլ խօսքով՝ ան շարունակեց միջին արեւմտահայուն պէս նոյնացնել իր մայրենի բ-փ, գ-ք, դ-թ, ձ-ց, ջ-չ, այլեւ ր-ռ, յ-հ զոյգերը՝ հակառակ վերոնշեալ 50 տարիներուն ու հակառակ այն խոր ու համապարփակ իմացութեան, որ ան ունէր հայերէնի հնչիւնաբանութեան մէջ, որուն նուիրած է իր «Լիակատար քերականութեան» 6-րդ հատորը՝ 750 մեծադիր էջեր։
Այս բոլոր դժուարութիւնները ի մի գումարած՝ կարելի է պատկերացնել,– եթէ պէտքը կայ,– թէ որքա՜ն դաժան է մեր ուղղագրութիւնը։ Եւ ճիշդ այս դաժանութիւնն ալ կը մղէ կարգ մը ազգայիններ խստապահանջ չըլլալու սփիւռքահայ նորահաս սերունդներու հանդէպ այնքան ատեն, որ անոնք կը սորվին հայերէն այբուբենը ու կը հաղորդակցին հայերէն՝ թէկուզ խոցելի ուղղագրութեամբ։
Իսկ երբեմն ալ, ոչ մտահոգիչ տարողութեամբ ու յաճախականութեամբ, կը բարձրանան ձայներ, որոնք կ՚առաջարկեն պարզացնել արեւմտահայերէնի ուղղագրութիւնը՝ պահելով նմանահունչ բաղաձայններէն մի՛այն մէկը, այսինքն՝ դուրս ձգելով բ, գ, դ, ձ, ջ, ռ, տառերը, որով արեւմտահայերէնը կը վերածուի երկշարք բաղաձայնաւոր լեզուի՝ ֆրանսերէնի, անգլերէնի, իտալերէնի...պէս։ Ահա այս պարագային է, որ կապկելով անգլիացիները կարելի է ըսել, որ թերեւս ուղղագրութիւնը, այո՛, դիւրանայ, սակայն փոխարէնը կը կորսնցնենք արեւմտահայ մշակոյթը։ Իսկ նման գին վճարելու պատրաստ չենք, գոնէ մինչեւ հիմա։
Չմոռնանք, որ մեր պատմական տեսլականը մեր ժողովուրդի երկու կէսերու միացումն է՝ մէ՛կ հայրենիքի, մէ՛կ լեզուի ու մէ՛կ ուղղագրութեան ծիրէն ներս։ Եւ այդ շրջագիծին մէջ ալ ինքնաբերաբար պիտի լուծուին ներկայիս մեր առջեւ ծառացող բոլոր հարցերը։
Կը մնայ, որ դիմադրենք սփիւռքի արհաւիրքներուն՝ առաւելագոյն գիտակցութեամբ եւ խոնարհութեամբ կրելով անոր դժուարութիւնները։ Այս պայքարը աւելի արդիւնաւէտ պիտի տարուի միասնական ուղղագրութեամբ մը, որուն պէտք է հասնիլ ամենայն նպատակասլացութեամբ եւ առաջին առիթով։
***
Այդ միասնական ուղղագրութիւնը պէտք է յստակօրէն ցոլացնէ՝
Նմանաձայն այն արմատները, որոնք կը զանազանուին բառամէջի ո եւ օ տառերով. այսպէս՝ հոտ եւ հօտ, հոր եւ հօր, մոր եւ մօր եւ այլն։ Մնացեալ օ-երը կարելի է ազատօրէն վերածել ո-ի. օրինակ՝ կարօտ-կարոտ, կօշիկ-կոշիկ, մօտ-մոտ, նարօտ-նարոտ եւ այլն։
Նմանաձայն այն արմատները, որոնք կը զանազանուին բառամէջի է եւ է տառերով. օրինակ՝ աւետ եւ աւէտ, հեգ եւ հէգ, գետ եւ գէտ, գեր եւ գէր, պետ եւ պէտ, սեր եւ սէր, վեր եւ վէր(ք) եւ այլն։ Բառամէջի է տառը կը պահեն բոլոր այն արմատները, որոնք առնուազն մէկ ածանցումի կամ բարդումի պարագային կը վերածուին ի-ի. օրինակ՝ Արտաշէս-Արտաշիսեան, գէր-գիրուկ, դէմ(ք)-դիմել, զէն-զինել, կէտ-կիտազգի, ձէթ-ձիթենի, մէտ-միտում, Մովսէս-մովսիսական, Ներսէս-Ներսիսի1, շէկ-շիկանալ, շէն-շինարար, պարտէզ-պարտիզպան, պէս-պիսի, վէմ-վիմափոր, քէն-քինախնդիր, օրէն(ք)-օրինաւոր եւ այլն։ Բառամէջի մնացեալ է-երը կարելի է ազատօրէն վերածել ե-ի. օրինակ՝ աղէտ-աղետ2, աղուէս-աղուես, ամէն-ամեն, պատճէն-պատճեն, պարէն-պարեն եւ այլն։
Նմանաձայն այն արմատները, որոնք կը զանազանուին բառասկիզբի հ եւ յ տառերով. օրինակ՝ հագ(նիլ) եւ յագ(ենալ), համր եւ յամր, համար եւ յամառ, հանգիլ եւ յանգիլ, հանք եւ յանգ, հաշտ եւ յաշտ, հար (ուած) եւ յար (միշտ), հառաչ եւ յառաջ, հար(ել) - յար(ել) – յառ(ել), հարթ եւ յարդ, հարկ եւ յարկ, հեղ եւ յեղ, հետ եւ յետ, յոյզ եւ յոյզ, հօտ եւ յօտ, հոյն եւ յոյն, հոն եւ յօն(ք), հոռի եւ յոռի, հորթ եւ յորդ եւ այլն։
Բառասկիզբի գրաբարեան ի նախդիրէն յառաջացած յ բաղաձայնը՝ գէթ այն բառերուն մէջ, ուր թելադրական է անոր ինքնութիւնը. օրինակ՝ յայտ (ի-այտ), յանկարծ (ի-անկարծ), յանդիման (ի-անդիման), յանիրաւի (ի-անիրաւի), յանձնել (ի-անձնել), յանցանք (ի-անցանք), յանձին(ս) (ի-անձին), յաջող (ի-աջող), յառաջ (ի-առաջ), յարձակիլ (ի-արձակիլ), յարգ (ի-արգ...արժէք), յարդարել (ի-արդարել...ձեւել), յաւելել (ի-աւելել), յափշտակել (ի-ափշտակել), յուշ (ի-ուշ), յորմէ (ի-որմէ), յստակ (ի-իստակ), յօգուտ (ի-օգուտ), յօրինել (ի-օրինել), յօրինակ (ի-օրինակ) եւ այլն։ Ասոնք վերջին հաշուով գրաբարեան կառոյցներ են եւ պէտք է յարգել այդ հանգամանքը, թող որ ասոնք ճանչնալը այնքան ալ դժուար չէ...նոյնիսկ արեւելահայուն համար։
Բացառական հոլովի բառավերջի է տառը, որ յատուկ է արեւմտահայերէնին. օրինակ՝ բանակէ, գիրքէ, ժամանակէ եւ այլն։
Ել լծորդութեան բայերու պարզ ժամանակներու վերջը պէտք է բոլորովին նոյնանայ էական եմ բայի սահմանական ներկայի ու անկատարի հետ՝ եմ-ես-է-ենք-էք-են եւ էի-էիր-էր-էինք-էիք-էին. օրինակ՝
կը քալ-եմ կը քալ-էի կը քալ-ես
կը քալէ-իր կը քալ-է կը քալ-էր
կը քալ-ենք կը քալ-էինք կը քալ-էք
կը քալ-էիք կը քալ-են կը քալ-էին
Հայերէնի երեք երկը բարբառները՝ եա, ոյ, իւ (օրինակ՝ ատեան, թոյն, սիւն) եւ եայ եռաբարբառը (օրինակ՝արծաթեայ, երկաթեայ, թաւշեայ)։
Առանց այս երկը բարբառներու առկայութեան, կարելի չէ տրամաբանական բացատրութիւն մը տալ հնչիւնափոխական բազմաթիւ պարագաներու. օրինակ՝ ատյան-ատենապետ հնչիւնափոխութիւնը ոչ մէկ տրամաբանական բացատրութիւն ունի, քանի որ յ չի կրնար է դառնալ, մինչ ատեան-ատենապետ հնչիւնափոխութիւնը ինքզինք կը բացատրէ լիովին. շեշտի տեղաշարժի հետեւանքով պարզապէս սղած է ա ձայնաւորը ու այսչափ։
Սահմանական ներկայի, եզակի երրորդ դէմքի ժխտականի ապաթարցը ձայնաւորով սկսող բայերու պարագային. օրինակ՝ չի առներ>չ՚առներ, չի երթար> չ՚երթար, չի ուտեր>չ՚ուտեր։ Եւ ասոնց հարցական ձեւերը՝ չ՚ա՞ռներ, չ՚ե՞րթար, չ՚ո՞ւտեր։
Ասոնք մաքուր արեւմտահայերէն կառոյցներ են, որոնց դիմաց արեւելահայերէնը ունի՝ չի առնի ու չի՞ առնի, չի ուտի ու չի՞ ուտի։
Ծանօթ.--Թելադրելի է, որ հարցման նշանը կամ պարոյկը դրուի ու-ի եւ իւ-ի վերջին՝ ւ բաղադրիչին վրայ. սապէս՝ չ՚ու՞տեր, չ՚իւ՞րացներ եւ այլն, ինչ որ աւելի հետեւողական է։
Գրաբարեան մէջբերումները՝ բառեր, բառակապակցութիւններ, ասոյթներ եւ այլն տալ միայն գրաբարեան ուղղագրութեամբ։
Ուրեմն ասոնք են մօտաւորապէս այն նուազագոյն նախապայմանները, որ մեր հետագայ միասնական ուղղագրութիւնը պէտք է յարգէ, որպէսզի ունենանք գիտականացած ու տրամաբանական ուղղագրութիւն մը, որ աւելի ազնիւ է, հաշտ է հայեցի մտածողութեան եւ մեր գրաւոր մշակոյթի աւանդոյթներուն հետ։
Այս տուեալները յարգող ուղղագրութիւն մը պիտի զգալիօրէն դիւրացնէ գրաբարի իմացութիւնը, մինչդեռ Աբեղեանի համակարգը, շատ խիստ խզուած ըլլալով գրաբարի ուղղագրութենէն, մեծապէս կը դժուարացնէ թէ՛ նախախորհրդային գրականութեան հաղորդակցումը, թէ՛ գրաբարի իմացութիւնը։
1- Անշուշտ այս պարագային պիտի հարց ծագի՝ պէտք չէ՞ արդեօք է-ով գրել անցեալին բոլոր «էս»-ով վերջացող յատուկ անունները, ինչպէս՝ Թալէս, Վաղէս, Արիստակէս, Վարդգէս, Վրթանէս եւ այլն, նոյնիսկ եթէ անոնց մէջ կան այնպիսիները, որոնք է>ի հնչիւնափոխութիւն չունին։
2- Աղիտալի, աղիտաբեր հնչիւնափոխուած ձեւերը կեղծ եւ բռնազբօսիկ են աշխարհաբարի մէջ, որ նման հնչիւնափոխութիւն չի ճանչնար։ Իսկ գրաբարը չունէր աղէտալի կամ աղիտալի, բայց ազատօրէն կ՚ըսէր աղէտաբեր՝ նախընտրելով այս վերջինը աղիտաբեր-էն (տե՛ս «Նոր հայկազեան», ա., էջ 39)։