Կիրեսունի համալսարանի նախկին տեսուչ Փրոֆ. Այկիւն Աթթար 16 Մայիս 2017-ին Անգարայի դատախազութեան դիմելով բողոք ներկայացուց ՀՏՓ-ի Իսթանպուլի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ։ Աթթար իր բողոքին մէջ կը նշէր Փայլանի 14 Յունուար 2017-ին Խորհրդարանի ամպիոնէն կատարած ելոյթը եւ 1 Մայիս 2017-ին Գանատայի «Հորիզոն Ուիքլի» պարբերականին տուած հարցազրոյցը։ Այդ ելոյթին մէջ Փայլան կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը։
Անգարայի խորհրդարանի դատախազութեան պատգամաւորներու յանցագործութիւնները հարցաքննող գրասենեակը Աթթարի բողոքը ուսումնասիրեց եւ ապա դիմեց Արդարադատութեան Նախարարութեան տխրահռչակ 301-րդ յօդուածի սահմանումով հարցաքննութիւն կատարելու համար։ Նախարարութիւնը այս դիմումին դրական պատասխան տուաւ 7 Դեկտեմբեր 2017-ի գրութիւնով։
Դատախազի հարցաքննութեան մէջ կ՚ըսուի, թէ Փայլանի արտայայտութիւնները կը համապատասխանեն 301-րդ յօդուածի սահմանումին։ Այսպէսով ան հրապարակաւ նախատած կ՚ըլլայ թուրք ազգը, Թուրքիոյ պետականութիւնը, Թուրքիոյ հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ անարգած կ՚ըլլայ Հանրապետութեան նախագահը։
Դատախազութեան որպէս փաստ ընդունած ելոյթներուն մէջ Կարօ Փայլան համապարփակ կերպով բաղդատութիւն մը կը ներկայացնէ երկրի այդ օրուայ եւ հինգ տարի առաջուայ ընդհանուր պատկերին մասին։ Կը գանգատի մամուլի դէմ գործադրուած ծանր գրաքննութենէ եւ բազմաթիւ թերթերու կամ հեռուստակայաններու անօրէն կերպով բռնագրաւումէն։ «Հարիւր հազարաւոր պաշտօնեաներ գործազուրկ եղան։ Համախոհական կառավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ սարսափ կը պատճառէ եւ քաղաքացիներ կը դժուարանան այս բարդութիւնները յաղթահարելու։ Նախորդ տարի ապրեցանք զինուորական հարուածի մը փորձը։ Բազում անգամներ զգուշացուցած էի կառավարութիւնը, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ համերաշխութիւն չտիրէ այս տեսակի միջամտութիւնները հաւանական կը դառնան։ Վերջապէս պատահեցաւ չարիքը եւ մենք դարձեալ դաս չենք քաղած»։
Փայլան հարցազրոյցի պահուն կ՚անդրադառնայ ծպտեալ հայերու խնդրին, որ դարձեալ մեղադրուելուն որպէս պատճառ ցոյց կը տրուի։ Ան վերջապէս կ՚ըսէ «Այս է իմ քաղաքական աշխատանքի պատճառը։ Իմ կուսակցութեան նպատակն է նաեւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ցեղասպանութեան զոհերու թոռներէն ներողութիւն խնդրել։ Ափսոս որ տակաւին շատ հեռու ենք այդ հանգրուանէն»։
Ճիշդ ալ Կարօ Փայլանի դէմ այս մեղադրանքներու հնչած ժամերուն Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան բանտարկեալ համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ իր փաստաբաններու միջոցաւ արձագանգեց Նիկոլ Փաշինեանի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին արտայայտութեան եւ վարչապետի ու նախագահի այդ ուղղութեամբ տուած պատասխաններուն։ «Մենք տրամադիր ենք իսկոյն բանալ Հայ-Թրքական փակ սահմանը, դիւանագիտական յարաբերութիւններ կազմել հարեւան Հայաստանի հետ եւ առերեսուիլ ցեղասպանութեան իրողութեան» ըսաւ Սելահատտին Տեմիրթաշ։