Բովանդակալից յիշատակում վաղամեռիկ բանաստեղծին

Թրքա­հայ ու­սուցչաց հիմ­նարկի կրթա­կան յանձնա­ժողո­վը, որ պար­բե­րական ձեռ­նարկնե­րով ու­սուցչաց կազ­մի ան­դամնե­րուն հա­մար օգ­տա­շատ հան­դի­պումներ կը կազ­մա­կեր­պէ, իր հեր­թա­կան մի­ջոցա­ռու­մը կա­յացուց ան­ցեալ երեք­շաբթի՝ «Հրանդ Տինք» հիմ­նարկի «Հա­ւաք» սրա­հին մէջ։ Վա­ղամե­ռիկ բա­նաս­տեղծ Պետ­րոս Դու­րեանի (1851-1872) կեան­քին ու ստեղ­ծա­գոր­ծութեան նո­ւիրո­ւած ձեռ­նարկին բա­ցու­մը կա­տարեց յի­շեալ յանձնա­խումբի ան­դամնե­րէն, հա­յերէ­նի ու­սուցիչ Արաս Սա­րըչօ­պան։ Ան ող­ջոյնի խօս­քէն ու հա­կիրճ ծա­նօթա­ցու­մէ մը վերջ բե­մը տրա­մադ­րեց օրուան բա­նախօ­սին՝ գրա­կանա­գէտ Սե­ւան Տէ­յիր­մենճեանին, որ հան­գա­մանա­լից կեր­պով ներ­կա­ներուն պատ­մեց Պետ­րոս Դու­րեանի կեանքն ու յետ­մա­հու կեն­սագրու­թիւնը՝ պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րու եւ հե­ղինա­կի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու լոյ­սին ներ­քոյ։ Բա­նախօ­սը աւե­տեց նաեւ «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ Պետ­րոս Դու­րեանի եր­կե­րուն լոյ­սընծա­յու­մը, ինչ որ վա­ղամե­ռիկ քեր­թո­ղը ան­գամ մը եւս պի­տի բե­րէ մեր առօ­րեային։ Բա­նախօ­սու­թեան աւար­տին կա­յացաւ հար­ցուպա­տաս­խան ու զրոյց։ Յա­նուն կրթա­կան յանձնա­խումբի, յու­շա­նուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Տէյիրմենճեանին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ