Կը շարունակուի Քաւալայի արգելափակումը

«Անա­տոլու քիւլթիւր» հա­սարա­կական կազմակերպութեան վա­րիչ եւ հան­րա­ծանօթ գոր­ծա­տէր Օս­ման Քա­ւալա բան­տարկու­թեան վե­ցերորդ ամսուայ աւար­տին նա­մակով մը ներ­կա­յացուց իր մատ­նո­ւած պայ­մաննե­րը։ Ան նախ ընդգծեց օրի­նական բազ­մա­թիւ զան­ցա­ռումներ, որոնք կը վե­րաբե­րին ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րու ար­տա­կարգ պայ­մաննե­րուն։ Ար­դա­րեւ փաս­տա­ցի ոչ մէկ մե­ղադ­րանք կա­տարո­ւած է Քա­ւալա­յի հաս­ցէին։ Միւս կող­մէ մին­չեւ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ զա­նազան շրջա­նակ­ներ կար­ծե­ցեալ մե­ղադ­րանքնե­րով ամ­բաստա­նած են զինք եւ հի­մա դա­տախա­զու­թիւնը կը փոր­ձէ այդ ան­հիմն մե­ղադ­րանքնե­րու վրայ ամ­բաստա­նագիր մը շա­րադ­րե­լու։ Ըն­դունո­ւած հա­մաշ­խարհա­յին իրա­ւաբա­նական սկզբունքնե­րով մե­ղադ­րող կող­մին կը վի­ճակի իր պնդումնե­րը փաս­տե­րով ներ­կա­յաց­նել։ Սա­կայն Թուրքիոյ մէջ գոր­ծող հա­մակար­գը մե­ղադրեալէն կը պահանջէ փաստել իր անմեղութիւնը։ Այսպէս Քաւալա եւս յոյսը կտրած է մօտ ապագային ազատութիւն վայելելու առումով։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ