Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի ժողովրդական յեղափոխութեան փառահեղ յաղթանակով նստաւ վարչապետի աթոռին։ Նորընտիր վարչապետին կը սպասեն բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ խնդիրներ, որոնց լուծումը կ՚ակնկալուի ամբողջ հայ ազգի կողմէ։
Նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան հարեւան երկու երկիրներու թշնամական եւ յաճախ սպառնացող մերձեցումը, երրորդի մը անվստահելիութիւնը եւ չորրորդին ալ վերջերս ալ աւելի սրուած կերպով մատնուած ամերիկեան հալածանքը, գլխաւոր խնդիրը մնալ կը շարունակէ երկրի անվտանգութիւնը։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան հայոց երրորդ հանրապետութեան հիմնադրուած օրէն իսկ կը պահեն վանող, հետզհետէ շրջափակման միջոցով Հայաստանը մեկուսացնել ջանացող ռազմավարութիւն մը։ Երկու հարեւան երկիրներն ալ պետական քաղաքականութեան միջոցով արտադրած ատելութիւնով կ՚աշխատին թունաւորել սեփական ժողովուրդը։ Հայատեաց պատգամներով կը փորձեն ամրապնդել իրենց իշխանութիւնը։
Երրորդ հարեւան Վրաստան, ի տարբերութիւն Հայաստանի հանրապետութենէ, անկախացումէ ետք նախընտրեց հեռանալ ռուսական ազդեցութեան տարածքէն եւ հետեւելով Ուկրանիոյ օրինակին, մերձեցաւ արեւմտեան երկիրներու ու անոնց իշխած միջազգային կազմակերպութիւններուն։
Հայաստանի սահմանակից չորրորդ երկիրը Պարսկաստանն է, որուն սահմանային տարածքը կարճագոյնն է բաղդատմամբ միւսներուն։ Իրան, յատկապէս ձմրան ամիսներուն դժուար անցանելի պարսկական լեռնադաշտին հիւսիսային ծայրամասէն կը հասնի Զանգեզուրի շրջանին։ Աւելին՝ Թրամբի հակաիրանական քաղաքականութիւնն ալ կրկնակի կը դժուարացնէ այդ երկրի նոյնիսկ իր բարեկամ երկիրներու հետ միջազգային յարաբերութիւնը։
Հայաստան եւս շփման մէջ է Եւրոմիութեան հետ, բայց զգուշօրէն կը պահէ որոշ հաւասարակշռութիւն մը հակադրուած բեւեռներու միջեւ։
Յայտնի դարձաւ որ նորընտիր վարչապետն ալ հեռու պիտի մնայ արկածախնդրական շեղումներէ, նաւարկելու համար խաղաղ ջուրերու վրայ։
Այդ զսպուածութեան մէջ իսկ հարեւան Թուրքիոյ հետ առանց երրորդ երկիրներու միջամտութեան բանակցելու առաջարկը, որ յարիր է բոլոր քաղաքակիրթ կառավարութիւններու, բախաւ թրքական աւանդական դժկամութեան։ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ լրագրողներու այս մասին հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ անգամ մը եւս ներկայացուց նախապայման մը, պահանջելով թէ Հայաստան հրաժարի Թուրքիոյ հողերու նկատմամբ իր պահանջէն։
Եըլտըրըմ թերեւս տգէտ է եւ չի գիտեր թէ Երրորդ հանրապետութեան նախորդ բոլոր կառավարութիւնները պաշտօնապէս եւ բազում անգամներ յայտարարած են այս մասին։ Կամ ալ սատանայական խորամանկութեամբ կը փորձէ անգամ մըն ալ Նիկոլ Փաշինեանին պարտադրել Խորհրդային միութեան հետ կնքուած պայմանագրի Հայաստանի կողմէ ալ վաւերացումը։ Պարտադրանք մը՝ որ խստիւ ու վճռական կերպով մերժուած էր նախորդ նախագահներու կողմէ։
Ինչ զարմանալի է, որ նախագահ Էրտողան ալ Անգլիա, «Չեթմ Հաուզ»ի մէջ ունեցած ելոյթին կ՚անդրադառնայ Հայաստանի թնճուկին եւ իր երկրին կղպած անելը յաղթահարելու համար Հայաստանէն կ՚ակնկալէ բանիմաց մերձեցում։
Փաստացի եւ անուրանալի իրողութիւն է թէ հայոց բնօրրանը երկար դարերէ ի վեր գրաւուած է զանազաններու կողմէ, որոնց վերջինն է Թուրքիոյ հանրապետութիւնը։ Համայն հայութեան արդար երազանքն է պատմական հայրենիքի ազատութիւնը շեփորող արշալոյսը, իսկ պետական միտքը գործ չունի երազներու հետ։ Ան պայմանաւորուած է տիրացած երկիրը արկածախնդրութիւններէն զերծ պահելու մտադրութիւնով։ Մին հրապուրիչ է ինչպէս ոմանց Թուրանի երազանքը, որ կը միտի չինական պարիսպներէն մինչեւ Ատրիաթիկ ծով երկարող թրքական աշխարհի մը տիրանալ։ Իսկ միւսը իրաւացի, առկայ երկրի բնակչութեան բարգաւաճման հեռանկարով։ Թող մէկը երկուքին տարբերութիւնը յիշեցնէ Թուրքիոյ վարչապետին ու նախագահին։
pakrates@yahoo.com