Երիտասարդներու յեղափոխութիւնը գործի կը լծուի երիտասարդներէ բաղկացող կառավարութիւնով

ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ

alineozinian@gmail.com

ՀՀ նախագահ Արմէն Սար­­­գի­­­­­­­սեան 10-12 Մա­­­յիս թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն վա­­­ւերա­­­ցուց Նի­­­կոլ Փա­­­շինեանի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցած Նա­­­խարա­­­րաց խոր­­­հուրդը։ Ան­­­մի­­­­­­­ջական ակ­­­նարկով կա­­­րելի է ըսել, թէ նոր Նա­­­խարա­­­րաց խոր­­­հուրդը կը բաղ­­­կա­­­­­­­նայ երի­­­տասարդ գոր­­­ծիչնե­­­րէ, ուր կի­­­ներու հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւնը ակնկա­­­լուա­­­ծէն աւե­­­լի նո­­­ւազ է։ Այժմու նա­­­խարար­­­նե­­­­­­­րը հա­­­սարա­­­կու­­­թեան ծա­­­նօթ դար­­­ձան յատ­­­կա­­­­­­­պէս դէ­­­պի իշ­­­խա­­­­­­­նափո­­­խու­­­թիւն գա­­­ցող ցոյ­­­ցե­­­­­­­րու ըն­­­թացքին։ Ճիշդ է, որ նո­­­րանշա­­­­­­­նակ նա­­­խարար­­­նե­­­­­­­րը ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս չու­­­նին քա­­­ղաքա­­­կան փոր­­­ձութիւն, բայց այս երե­­­ւոյ­­­թը մտա­­­հոգու­­­թիւն մը չի պատ­­­ճա­­­­­­­ռեր հա­­­սարա­­­կու­­­թեան մօտ, քա­­­նի որ շա­­­տեր հա­­­մոզո­­­ւած են, թէ հիմ­­­նա­­­­­­­կան բա­­­րեփո­­­խումնե­­­րը միայն երի­­­տասարդնե­­­րու ձեռ­­­քով կրնայ կա­­­տարո­­­ւիլ։ Կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան երի­­­տասար­­­դա­­­­­­­գոյն ան­­­դամն է Սփիւռքի նա­­­խարար 28-ամեայ Մխի­­­թար Հայ­­­րա­­­­­­­պետեան։ Հայ­­­րա­­­­­­­պետեան ժո­­­ղովրդա­­­կան եր­­­թի գա­­­ղափա­­­րը յղա­­­ցող­­­նե­­­­­­­րէն է եւ մաս­­­նա­­­­­­­գիտու­­­թեամբ թրքա­­­գէտ։ Նա­­­խարա­­­րաց խոր­­­հուրդի մի այլ երի­­­տասարդ ան­­­դամն է 29-ամեայ Տիգ­­­րան Աւի­­­նեան, որ Լոն­­­տո­­­­­­­նի մէջ ու­­­սա­­­­­­­նած է Ֆի­­­նանսնե­­­րու նիւ­­­թով։ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի պաշտպա­­­նու­­­թեան նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը յա­­­տուկ պա­­­տուոյ գրով մը գնա­­­հատած է Աւի­­­նեանի քա­­­ռօրեայ պա­­­տերազ­­­մի օրե­­­րուն կա­­­տարած գոր­­­ծունէու­­­թիւնը։

32-ամեայ Սու­­­րէն Պա­­­պիկեան կը զբա­­­ղեց­­­նէ տա­­­րած­­­քա­­­­­­­յին կա­­­ռավար­­­ման եւ զար­­­գացման նա­­­խարա­­­րի պաշ­­­տօ­­­­­­­նը։ Նոյնպէս երի­­­տասարդ նա­­­խարար­­­ներ կը հա­­­մարո­­­ւին վար­­­չա­­­­­­­պետի օգ­­­նա­­­­­­­կան 39-ամեայ ակա­­­դեմա­­­կան Արա­­­րատ Միր­­­զո­­­­­­­յեան եւ իրեն տա­­­րեկից Կրթու­­­թեան նա­­­խարար արե­­­ւելա­­­գէտ Արա­­­յիկ Յա­­­րու­­­թիւնեան։ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի նոր կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան իրենց դրոշ­­­մը կը բե­­­րեն գու­­­նա­­­­­­­գեղ կեր­­­պարներ։ Անոնցմէ մէկն է վար­­­չա­­­­­­­պետու­­­թեան գլխա­­­ւոր տե­­­ղակալ 32-ամեայ Էտո­­­ւարտ Աղա­­­ճանեան, որ նախ­­­քան այս պաշ­­­տօ­­­­­­­նը ստանձնել կը զբա­­­ղէր երաժշտու­­­թեամբ եւ իր կի­­­թառ նո­­­ւագած վի­­­տիօնե­­­րը լայն տա­­­րածու­­­թիւն գտած են Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ։ Քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան դաշ­­­տին նոր մաս­­­նակցող այս անուննե­­­րու կար­­­գին կան նաեւ այդ ոլոր­­­տէ ներս որոշ փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւն ձեռք բե­­­րած զա­­­նազան դէմ­­­քեր, որոնք եկած են Նի­­­կոլ Փա­­­շինեանի կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը ալ աւե­­­լի զօ­­­րաց­­­նե­­­­­­­լու։ Այդ տե­­­սակի օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէն մէկն է Ար­­­տա­­­­­­­կարգ իրա­­­վիճակ­­­նե­­­­­­­րու նախ­­­կին նա­­­խարա­­­րի տե­­­ղակալ Դա­­­ւիթ Տո­­­նոյեան, որ այժմ փո­­­խարի­­­նած է Պաշտպա­­­նու­­­թեան նա­­­խարար Վի­­­գէն Սար­­­գի­­­­­­­սեանին։

Թէ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան մօտ եւ դի­­­ւանա­­­գիտա­­­կան շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու մօտ ըն­­­դունե­­­լու­­­թիւն գտած անուն մը եղաւ Ար­­­տա­­­­­­­քին գոր­­­ծոց նոր նա­­­խարար Զոհ­­­րապ Մնա­­­ցակա­­­նեան։ Ան նա­­­խապէս ՄԱԿ-ի մօտ ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցած էր Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը եւ նաեւ աշ­­­խուժօ­­­րէն մաս­­­նակցած էր ԵՄ-ի հետ հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թեան ծրագ­­­րին։ Այստեղ կա­­­րեւոր է նշել, թէ Մնա­­­ցակա­­­նեան ցարդ որե­­­ւէ կու­­­սակցու­­­թեան չէ ան­­­դա­­­­­­­մակ­­­ցած եւ ու­­­նէր դի­­­ւանա­­­գիտա­­­կան մեծ փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւն։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ազ­­­գա­­­­­­­յին ժո­­­ղովի մէջ երկրորդ կա­­­րեւո­­­րագոյն ու­­­ժը կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ երկրի կա­­­րեւո­­­րագոյն օլ­­­կարխնե­­­րէն Գա­­­գիկ Ծա­­­ռու­­­կեանի գլխա­­­ւորած Ծա­­­ռու­­­կեան դա­­­շին­­­քը։ Այժմ այս խմբակ­­­ցութիւ­­­նը ու­­­նի երեք նա­­­խարա­­­րու­­­թիւններ, որոնք են՝ Ու­­­ժա­­­­­­­նիւ­­­թի եւ բնա­­­կան պա­­­շար­­­նե­­­­­­­րու նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը Ար­­­թուր Գրի­­­գորեանի, Ար­­­տա­­­­­­­կարգ իրա­­­վիճակ­­­նե­­­­­­­րու նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը Հրա­­­չեայ Ռոս­­­տո­­­­­­­մեանի եւ Մարմնա­­­մար­­­զի ու երի­­­տասար­­­դութեան նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը Լե­­­ւոն Վահ­­­րա­­­­­­­տեանի մի­­­ջոցաւ։

Փա­­­շինեանի յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան օրե­­­րուն յա­­­ճախ ար­­­տա­­­­­­­սանած «օլի­­­կարխնե­­­րը երկրէն պի­­­տի մաք­­­րենք» խոս­­­տումէն ետք Ծա­­­ռու­­­կեան դա­­­շին­­­քի հետ հա­­­մագոր­­­ծակցի­­­լը զար­­­մա­­­­­­­նալի կը թո­­­ւի զա­­­նազան­­­նե­­­­­­­րուն։ Այս մա­­­սին լրագ­­­րողնե­­­րու հետ հան­­­դիպման ժա­­­մանակ Փա­­­շինեան կրկնեց իր խոս­­­տումը ըսե­­­լով. «Ժո­­­ղովուրդի կող­­­մէ ընտրո­­­ւած եմ։ Օլի­­­կարխնե­­­րու հետ պայ­­­քա­­­­­­­րի մէջ ետ­­­քայլ պի­­­տի չըլ­­­լայ»։

Նա­­­խորդ շրջա­­­նին հա­­­մախո­­­հական կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան մաս­­­նա­­­­­­­կից ՀՅԴ նոր կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան մէջ ալ կը ներ­­­կա­­­­­­­յանայ եր­­­կու նա­­­խարար­­­նե­­­­­­­րով։ Ար­­­ծո­­­­­­­ւիկ Մի­­­նասեան կը ստանձնէ Տնտե­­­սական զար­­­գացման նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը, իսկ Ար­­­թիւր Խա­­­չատ­­­րեան Գիւ­­­ղատնտե­­­սու­­­թեան նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի նոր կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան մէջ տեղ գտած են միայն եր­­­կու նա­­­խարա­­­րու­­­հի­­­­­­­ներ։ Մշա­­­կոյ­­­թի նա­­­խարա­­­րու­­­հի Լի­­­լիթ Մա­­­կունց եւ Աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի ու ըն­­­կե­­­­­­­րային հար­­­ցե­­­­­­­րու նա­­­խարա­­­րու­­­հի Մա­­­նէ Թան­­­տի­­­­­­­լեան։

Կան­­­խա­­­­­­­հաս ընտրու­­­թիւննե­­­րը շու­­­տով

Շաբ­­­թու սկիզ­­­բին ելոյթ մը ու­­­նե­­­­­­­նալով Վար­­­չա­­­­­­­պետ Փա­­­շինեան յայտնեց, թէ կան­­­խա­­­­­­­հաս ընտրու­­­թիւննե­­­րը ան­­­պայման տե­­­ղի կ՚ու­­­նե­­­­­­­նան սոյն տա­­­րուայ մէջ։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ շա­­­տեր հա­­­մոզո­­­ւած են, որ իս­­­կա­­­­­­­կան յե­­­ղափո­­­խու­­­թիւնը պի­­­տի կա­­­յանայ թա­­­փան­­­ցի­­­­­­­կու­­­թեան պայ­­­մաննե­­­րու տակ իրա­­­կանա­­­ցող նոր ընտրու­­­թիւննե­­­րէն ետք։ Հա­­­զիւ այսպէ­­­սով պի­­­տի փո­­­խուի Ազ­­­գա­­­­­­­յին ժո­­­ղովի մէջ ու­­­ժե­­­­­­­րու հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւնը։ Վար­­­չա­­­­­­­պետը իր դի­­­մատետ­­­րի մի­­­ջոցաւ յայ­­­տա­­­­­­­րարեց աշ­­­խարհահռչակ տնտե­­­սագէտ Տա­­­րօն Աճե­­­մօղ­­­լո­­­­­­­ւի ուղղած հրա­­­ւէրը եւ ստա­­­ցած դրա­­­կան պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը, որու ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րու կանդրա­­­դառ­­­նանք կող­­­քի սիւ­­­նակնե­­­րուն վրայ։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ