Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սոչիի մէջ մասնակցեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան գագաթնաժողովին։ Այստեղ Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահ Փութինի կողքին այլ երկիրներու նախագահներուն հետ ալ հանդիպումներ ունեցող Փաշինեան ու այսպէսով ողջունած եղաւ Արեւելքի խմբակցութեան երկիրները։
Կ՚արժէ նշել, թէ Փաշինեան իբրեւ ընդդիմադիր պատգամաւոր խստօրէն քննադատած էր Հայաստանի Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը։ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դաշնութեան միջեւ ռազմավարական համագործակցութիւններու նիւթը ընդգծուեցաւ երկու նախագահներու հանդիպման միջոցին։
Փութին յայտնեց թէ Հայաստան թէ տնտեսական եւ թէ ռազմավարական առումով տարածաշրջանի մէջ Ռուսիոյ դաշնութեան կարեւորագոյն գործընկերն է։ «Հայաստանի տնտեսութեան մէջ Ռուսաստան 40 տոկոսի հասնող ներդրումով կը դառնայ կարեւորագոյն գործընկեր»։
Հայաստանի վարչապետն ալ իր կարգին յայտնեց թէ Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան առումով ոչ մէկ տարակարծութիւն կայ Հայաստանի մէջ։