Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անձամբ Երեւան հրաւիրեց աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն։ Աճեմօղլու ընդառաջեց վարչապետի հրաւէրին խոստանալով իր բոլոր կարելիութիւնով նպաստել Հայաստանի նոր շրջանի վերելքին։ Աճեմօղլու այս առթիւ յատուկ բացատրութիւններ տուաւ «Ակօս»ին։ Հանրածանօթ գիտնականի համաձայն բոլորս պէտք է յուսալի ըլլանք Հայաստանի ապագայի նկատմամբ, բայց նաեւ պէտք է գիտնանք, թէ երկար տարիներ այլասերուած համակարգ մը միանգամայն վերականգնելը բաւականին դժուար գործ մըն է։
«Հայաստանի տնտեսութիւնը կառուցուած է կաշառակերութեան վրայ։ Անշուշտ որ Հայաստան շատ տուժեց այս դրութենէն։ Այժմ, թէ Հայաստանէ ներս եւ թէ սփիւռքի մէջ մեծ յոյս մը ծագած է, այն առումով որ պիտի կրնանք յաղթահարել այս դժբախտ պատկերը։ Այս պահուն կը կարօտինք աւելի մրցունակ եւ աշխոյժ տնտեսութեան մը գետին պատրաստելու։ Նման պատրաստութիւնը միայն ու միայն Հայաստանի ժողովուրդն է, որ կրնայ իրականացնել։ Վարչապետը քաղաքավարութիւն ցոյց տալով դիմեց ինծի եւ հարցուց, թէ արդեօք կը փափաքիմ օգնել իրենց այս ծանր մարտահրաւէրին դիմաց։ Չեմ գիտեր, թէ երկրէ դուրս բնակող մէկը որպէս, ինչքանով կրնամ ծառայել Հայաստանին։ Սակայն որպէս սկզբունք պատրաստակամութիւն յայտնեցի յարմար առաջին առիթով իսկ Հայաստան այցելելու համար։ Բոլորս յուսադրուած ենք Հայաստանի ապագային համար, բայց կրկնեմ թէ երկար տարիներու մէջ ձեւաւորուած այդ համակարգը յանկարծակի կերպով արմատախիլ ընելը բնաւ դիւրին պիտի չըլլայ»։
Պոլսահայ անուանի ճարտարապետ Գէորգ Աճեմօղլուի եւ ուսուցչուհի Իրմա Աճեմօղլուի որդի Տարօն ծնած է 1967 թուականին Պոլսոյ մէջ։ Ան յաճախած է քաղաքիս Կալաթասարայ վարժարանը եւ այժմ կը դասաւանդէ Մէսը չուսըթի թեխնոլոկեաներու ինստիտուտի մէջ, որպէս տնտեսագէտ։
Աճեմօղլու աշխարհի վրայ կ՚ընդունուի որպէս կարեւորագոյն տնտեսագէտ, որ ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ։ Ան բովանդակ երկրի վրայ իր գործերէն ամենաշատ մէջբերումներ կատարուած տասը տնտեսագէտներու շարքէն է։ Նաեւ յիշենք թէ մօտ անցեալին Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւս դիմած էին Աճեմօղլուի ցուցմունքներուն եւ առաջարկած բարձրագոյն պաշտօն։ Սակայն Աճեմօղլու իր ծանրաբեռնուած աշխատանքը պատճառաբանելով մերժած էր իրեն կատարուած դիմումը։