Փոխանորդին ի-մակները Զ.

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Չկարծուի որ փոխանորդը միշտ կարեւոր անձերէ նամակներ կ՚ընդունի կամ կը պատասխանէ միայն ծանօթ մարդոց գրածներուն։ Անանուն, անծանօթ մարդիկ, համակիրներ կամ պարզ համայնքայիններ զիրենք հետաքրքրող հարցերու մասին կը գրեն իրեն կամ պարզապէս որպիսութիւն կը հարցնեն, բարեկամութիւն մշակել կ՚ուզեն։ Բոլորին կը հասնի ան, կը ջանայ պատասխանել հասած ի-մակերուն, չ՚ուզեր սրտնեղել ոեւէ մէկը։ Ինչպէ՞ս մեկնաբանել իր այս վարուելակերպը։ Բարի մարդո՞ւկ մը թաքչած է արդեօք շահադէտ արտաքինին ետին, թէ շահադէտն է որ մարդուկը կը բանեցնէ, որպէսզի այս համայնքի համեստագոյն անդամն անգամ իր շուրջ հիւսուող բամբասանքներէն առանց ազդուելու կարենայ տեսնել քաղաքավարը, համեստը, բարին։ Մենք չենք կրնար մարդկային հոգիի խորքերը գիտնալ անշուշտ, աստուած գիտէ։ Մենք պարզապէս կը կարդանք, կը թարգմանենք եւ ընթերցողներուն կը յանձնենք այդ նամակները։ Վերլուծելն ալ մեզի չ՚իյնար, հարկաւ։

Շարունակենք…

*

Ֆերիգիւղ, 16 Ապրիլ 2018

Սրբազանս, սարը-սարը կնիկերուն հետ պատկերներդ օրթաներն են։ Անցեալ օր թոռնիկս ցուցուց։ Չըլլալիք բաներ կը պատմեն կը կենան կոր։ Քա մենք ասանկ բաներ տեսած չէինք, սրբազանս։ Հաւատալս չի գար, ատոր համար շիտակ քեզի գրեմ ըսի։

Անցեալ կիրակի եկեղեցիէն ետքը կու գամ ըսեր էիր, չեկար։ Այս շաբաթ կը սպասենք, գիտցած ըլլաս։ Սիմոնն ալ բարեւ ունի։ Պիտի հեռաձայնէ եղեր քեզի։

Սիրով՝

Սրբուհի

*

Գումգաբու, 16 Ապրիլ 2018

Սուրբիկս,

Ես ատանկ բաներ ընելի՞ք մարդ եմ։ Եթէ քեզ չճանչնամ, հաւատա՛ կը կարծէի թէ թշնամիս է գրողը։ Սուտ են, սուտ, ճանիկս։ Անոնք իմ ընտանեկան բարեկամուհիներս են։ Ընթրիքի հրաւիրած էին, ես ալ ելայ ու գացի։ Միամտաբար յետոյ ընկերային ցանցերուն վրայ դրեր են նկարները։ Գիտես, բաւական հակառակորդներ ունիմ պատրիարքական ընտրութեան հարցին պատճառով։ Մեծ աղմուկ հանեցին։ Լուրջի չառնելուս, բացատրութիւն չեմ տար։ Քարոզիս մէջ խօսեցայ անցեալները միայն։ Ամօթ է, ամօթ ըրածնին։ Պատուաւոր կիներն ալ կ՚արատաւորեն։ Դատ պիտի բանան եղեր արդէն անոնք ալ։ Ինչ է նէ… Ես պատարագէն վերջը կը հանդիպիմ ձեզի։ Սիմոնին ալ բարեւ ըրէ։ Դեռ չհեռաձայնեց։

Նայէ, ատ ձեր դիմացի տունին վարձակալը ելա՞ւ։

Փոխանորդ

*

Գումգաբու, 17 Ապրիլ 2018

Սիրելի հայր-սուրբ, մի՛ ջանար արդարացնել տեղապահին յայտնած նեցուկը դ։ Պիտի չմոռնամ զիս կռնակէս հարուածելդ։ Կարծեցիր որ ալ ինծի հետ գործ պիտի չունենա՞ս։ Քանի մը տարի առաջ ալ այդպէս վարուած էիր եւ սխալած էիր, յայտնի է որ դաս չես առած։ Խնդրեմ, խնդիր մի՛ յարուցեր եւ գնա՛ ծառայելու հոն ուր որ նշանակած եմ քեզ։ Աստուած օգնական…

Փոխանորդ

*

Յարգելի սրբազանս,

Երեւանի մէջ կատարուածներուն կը հետեւիս կոր հարկաւ։ Քանի մը անգամ խօսքը ըրինք արդէն երբ քով քովի էինք։ Հոնտեղի անիշխանական մթնոլորտը կու գայ քեզի ալ կը զառնէ, չըսիր չըսես վերջը։ Նայէ, կը տեսնե՞ս կաթողիկոսին դէմ եղած ալիքը։ Մարդիկ իրմէ զզուած են։ Այն ընդդիմութիւնը որ քեզի դէմ հոս կայ, գրեթէ նոյն, թերեւս աւելի մեծ ուժգնութեամբ, կաթողիկոսին դէմ կայ հոն։ Նայէ, քեզի պէս կաթողիկոսն ալ իշխանութիւններուն փէշին տակ մտած է հոն, ան ալ քեզի պէս աշխարհիկ գործերու ետեւէն է, առուծախի ետեւէն է, շքեղ կեանք մը կ՚ապրի։ Այո, բացայայտօրէն չէր կրնար, բայց տեսար որ միշտ ետեւդ կանգնեցաւ մարդը։ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը միշտ քեզի ի նպաստ որոշումներ առաւ նէ՝ կաթողիկոսին կը պարտիս։ Դուն ամէն ջանք թափէ կանխելու համար հոստեղի խլրտումները։ Նայէ, լսեցի որ հայաստանցիները ցոյց պիտի ընեն եղեր։ Ատանկ բան մը ըլլայ նէ շատ գէշ տպաւորութիւն մը կը ստեղծուի։ Դռնապան Կարմիրեանը զգուշացուր, եկեղեցիին դուռերը նորէն գոցէ չուանով մը։ Սխալ քայլ մը եթէ առնես՝ շատ բան կրնաս կորսնցնել։

Բարեկամաբար,

Ա. Շիշմանեան

*

Սիրելի պարոն Կարմիրեան,

Լսեցի, որ քաղաքիս հայաստանցիները կը պատրաստուին այս կիրակի ցոյց մը ընել Մայր եկեղեցիին շրջափակին մէջ։ Չըլլայ որ արտօնես ատանկ բան մը։ Դուն արդէն աս գործերը լաւ գիտես, եկեղեցիին դուռը սըխը մը գոցէ չուանով մը։ Ես ոստիկաններուն ալ լուր պիտի տամ։ Անոնց ըսէ, որ ով որ ցոյց ընէ նկարները ոստիկանութեան պիտի տամ եւ յետոյ ալ արտաքսել պիտի տամ երկրէն։ Իրենց ըսած եմ, դուն ալ ըսէ։

Յաջորդ շաբաթ հանդիպէ, որ շքանշանիդ հարցը խօսինք պարոն Կարմիրեան։

Փոխանորդ

*

Սիրելի Ժիրայր,

Մեր Երկրպագեան քահանային տրուելիք հարսնիքները, յուղարկաւորութիւնները դադրեցուր միջոց մը, թող քիչ մը սերտէ ըրած անհնազանդութեանը արդիւնքները։ Ես զինքը արդէն հեռաւոր, ամայի թաղի մը եկեղեցիին պաշտօնեայ նշանակած եմ, տաներէցութեան ալ պիտի չկրնայ երթալ։ Քիթը թող գետին քսուի քիչ մը։ Ինծի նայէ, սա մեր հայրսուրբին ալ շատ երես մի՚ տար։ Տեղապահին փէշերը կը հաւաքէր կոր ետեւէն, թող հիմա ալ պատիժը կրէ։

Յաջորդ շաբաթ Սկիւտար պիտի ըլլամ, հոնկէ ալ Պաշաքշեհիր պիտի անցնինք։ Օթոյին պենզինը մինչեւ բերանը լեցուր։ Վերջն ալ պտտելու կ՚երթանք քիչ մը։ «Յովիկ Քալող» մըն ալ առ, հետերնիս կը տանինք։

Փոխանորդ

*

Վերջին նամակդ կարդացի մեծ զարմանքով։ Այո՛, լուսանկարներուն մէջտեղները պտտիլը լաւ չեղաւ կ՚ըսեմ, բայց ասիկա ոչ մէկ կապ ունի քեզի հետ։ Եթէ հոգեւորական չըլլայի հաւատա՛ պիտի ուզէի ամբողջ աշխարհին աղաղակել, թէ որքան լաւ կը հասկցուինք հետդ։ Սակայն գիտես պարագաս։ Պաշաքշեհիրի մեր բոյնը գիտեմ որ շատ նեղ է մեր բարեկամութիւնը պարունակելու համար։ Նայէ, յաջորդ շաբաթ կարգադրէ գործերդ, քեզի հետ սանկ պտոյտի մը երթանք Փարիզ։ Ի՞նչ կ՚ըսես։

Սէրդ

*

Սիրելի Սիլվա,

Յաջորդ շաբաթ Փարիզի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ Դուրեան պատրիարքի ոգեկոչում մը կայ։ Զիս ալ հրաւիրեցին։ Պիտի բացակայիմ։ Խնդրեմ, ժամադրութիւններս ըստ այդմ կարգադրէ։

Փոխանորդ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ