Պատմութեան մէջ միայն բացառիկ անձնաւորութիւններու կը վիճակի իր կենդանութեան օրով ամբողջ ազգի մը հարազատ համակրանքին արժանանալ։ Այդ բացառիկներէն մէկն է ֆրանսերէն շանսոններու լաւագոյն մեկնաբան Շառլ Ազնաւուր, որ յատկապէս Կիւմրիի մեծ երկրաշարժէն ետք իր բոլոր կարողութիւնը նուիրած է հայրենի երկրի վերելքին։ Ազնաւուր հակառակ իր յառաջացած տարիքին կը շարունակէ բեմին վրայ մնալ եւ իր արուեստով հմայել զինք լսողները։ Սակայն ափսոս որ մեծ երգիչը վերջերս կը պայքարի նաեւ առողջութեան զանազան խնդիրներով։ Բայց այս բոլորը արգելք չեն, որ ան հետեւի Հայաստանի զարգացումներուն եւ կատարած յայտարարութեամբ բերէ իր զօրակցութիւնը ժողովրդական յեղափոխութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ազնաւուր» հիմնադրամի տրամադրած այս սրտի խօսքը։
Բաց նամակ՝ Շառլ Ազնաւուրէն իր հայրենակիցներուն
Հայաստանաբնակ իմ շա՜տ սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Կը շնորհաւորեմ ձեզ, որ կարողացաք առանց արեան, բռնութեան, արժէքներու ոտնահարման անցում ապահովել երկրի մէջ մէկ այլ իրողութեան։ Քաղաքացիական անհնազանդութեան օրերուն եւս դրսեւորեցիք արժանապատիւ ու մարդասիրական կեցուածք՝ լուծում առաջարկելով ծագող խնդիրներուն այնքան սահուն ու արագ, ասես այդ դիւրին էր։ Սա զարմացուց եւ մտածելու տեղ տուաւ շատ այլ երկրներու կառավարութիւններուն։
Մեզ՝ սփիւռքի հայերուս համար մեծ հպարտութիւն էր ցոյց տալ աշխարհին, որ կայ մի փոքր երկիր, որու քաղաքացիները բացառիկ իմաստութիւն եւ մարդասիրութիւն դրսեւորեցին՝ ապացուցելով, որ բռնութիւնը խաղաղութեան եւ փոխ ըմբռնման տանող ճանապարհ չի կրնար ըլլալ։ Մեր պատմութեան ընթացքին շատ դժուարութիւններ ճանչցած ենք։ Հիմա կը բանանք երջանկութեան, իմաստնութեան եւ սիրոյ էջը։
Ձեզ յաջողուեց ապացուցել, որ մեր ազգն ունի գիտակցութեան բարձր աստիճան, եւ որ մեր երկրի համար առաջնահերթ է ու միշտ ալ պէտք է առաջնահերթ մնայ ամենակարեւորը՝ միաւորումը։ Այս միաւորումն է, որ թոյլ կու տայ ապահովել երկրի բարեկեցութիւնը եւ քաղաքացիներու միջեւ բարեացակամ վերաբերմունքը։ Ձեզ յաջողուեց ապացուցել, որ հնարաւոր է ապրիլ միաւորուած եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումով։ Մենք՝ հայերս, կարողացանք ցույց տալ, որ «ժողովուրդ», «հայրենիք», «դրօշ», «մշակոյթ», «կրօն» եւ «ընտանիք» բառերը մեր արժէքներն են։ Եւ որ իւրաքանչիւր հայ իր երկրի մէջ ունի հաւասար իրաւունքներ ու ազատութիւններ։
Ես, հաւանաբար, աշխարհի հայերէն ամենաֆրանսիացին եմ, սակայն ես հպարտ եմ իմ Հայաստանով եւ երբեք չեմ թաքցներ այդ։
Շնորհակալութիւն հայ ժողովրդին աշխարհին մեր մարդասիրութիւնը ցոյց տալուն համար․Հայաստանը մեծ է իր արժէքներով։ Օրինա՛կ ըլլանք բոլոր անոնց համար, ովքեր տարբեր են, գուցէ նաեւ՝ ոչ այնքան բաց փոփոխութիւններու առջեւ։ Եկէք առաջ ընթանանք նոյն ճանապարհով։ Վստահ եմ՝ այն լաւագոյնն է մեր ազգի եւ ժողովրդի ապագայի համար։
Շնորհակալ եմ իւրաքանչիւրիդ հպարտութեան այս մեծ զգացումն ինձ պարգեւելու համար։ Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Շառլ Ազնաւուր