- Անունը ի՞նչ պիտի դնենք։
- Վէմ։
- Քա՞ր։
- Աւելի մեծ։ Միակտուր ապառաժ, ժայռի պէս, ամուր, պինդ, հաստատուն։
- Վէ՛մ... Բարի եկար աշխարհ։ Բախտաւոր կեանք ունենաս եւ դիմացկուն նկարագիր։
Ու ամուսինը, հայրացած պարոն մը հիմա, համբոյր մը կը դնէ իր հարսի շիկացած այտին եւ պորտին, ու կը շշնջայ. «Քեզ կը սիրեմ»։
Այսպէս է, որ մեր նախկին աշակերտուհին, (զոր կը յիշեմ որպէս փայլուն, ազնուահոգի, թարմամիտ, ինքնատիպ եւ լուրջ), եւ իր ամուսինը որոշեր են իրենց մանկիկը անուանել՝ Վէմ։ Նորարարական քայլ մը, նկատի ունենալով, թէ իրենց ընտանիքներու մէջ առհասարակ հօր կամ մեծհօր անունով կ՛անուանուին նորածին տղաները։
- Պարո՛ն, աղուոր անուն է, չէ՞։ Հայկակա՛ն։
- Այդպէս է եւ շատ արդիական։ Կը շնորհաւորեմ։ Բայց, օրիորդիկ, (Հին սովորութեամբ, ակամայ, զինք «օրիորդիկ» կոչել կը շարունակեմ, գիտնալով հանդերձ, թէ ան կը պատրաստուի մայրանալ) պէտք է յիշել, թէ «վէմ» բառը այնքան ալ նոր չէ մեզի համար. դարերու խորութեան մէջ հայկական ստեղծագործական բազմաթիւ երկունքներու անուն դարձեր է եւ ունեցեր է իր պատկառելի պատմութիւնը... Քանի՞ ամսական է։
- Չորս։
- Ուրեմն, հի՜նգ ամիս եւս «վէմ»ի մասին կրնանք զրուցել, ապա դուն կը սկսիս ինծի պատմել ձե՛ր Վէմի պատմութիւնները, չարաճճիութիւններն ու «հերոսութւնները»... Օրիորդի՛կ, բառը փոխառութիւն է, իրանական աղբիւրներէ եկած։
- Մեր քարքարոտ երկրի համար անհրաժեշտ եւ պիտանի։
- Ճիշդ այդպէս։ Պէտք է համեմատել միջին պարսկերէն «վէմ» բառի հետ, որ նոյնպէս կը նշանակէ «քար, ժայռ»։ Իսկ աւեստերէնը ունէր «վաէմա» բառը՝ ժայռի ճեղք, քարածերպ։ Հինգերորդ դարուն, երբ մեր թարգմանիչ հայրերը գրի կ՚առնէին Աստուածաշունչը եւ այլ գիրքերը՝ արդէն «վէմ»ը ամուր տեղ գտած էր հայ մատենագիրներու մօտ։ Սուրբ գիրքը, ուր 33 անգամ տեղ գտած էր «վէմ»ը, ունի նաեւ «վիմանալ» բայը՝ քարանալ։ Ագաթանգեղոսը գործածեր է «վիմացուցանել» եւ «վիմահատ» բառերը, իսկ Ղազար Փարպեցին՝ «վիմաշէն»ը։ Ոսկեդարուն գործածեր են նաեւ «վիմասոյզ», «վիմածակ» եւ «լեռնավէմ» բառերը։ Կը տեսնե՞ս, օրիորդիկ, բառը թէ՛ նկարագրեր է մեր բնաշխարհը, եւ թէ՝ հայու ստեղծագործ նկարագիրը՝ ծնունդ տալով նաեւ վարպետ «վիմագիր»ներու եւ վիմագրութեան։ Ունեցեր ենք նաեւ վիմատիպ նկարներ, քարտէզներ, յայտարարութիւններ, կոնդակներ, թերթեր, գիրքեր... Բառը, քիչ մը պինդ ու կարծր, ինչպէս իր շինանիւթը, առատօրէն չէ աճած։ Հազիւ տուեր է հիսունի չափ բարդ եւ ածանց բառ, մեծամասնութեամբ շինարարական գաւառէն ներս, ինչպէս՝ վիմադամբարան, վիմակառոյց, վիմարդ, վիմախարիսխ, վիմակերտ, վիմատաշ... Միջնադարու հայ վարդպետները, ինչպէս Մոմիկն ու Սիրանէսը...
- Ճարտարապետնե՞ր, ըսել կ՚ուզէք...
- Այո, միջնադարուն ճարտարապետները կը կոչուէին «վարդպետ»։ Անոնք անկիւնաքարը կոչեր են «Վէմ անկեան»։ Բառը տուեր է միայն երկո՛ւ դարձուածք. «Վէմն ապառաժի հանդիպիլ», այսինքն դիմացը աւելի ուժեղ մէկը ելլել եւ «Վէմի վրայ ըլլալ»՝ ամուր եւ հաստատուն վիճակ ունենալ։
- Պարո՛ն, մայրս կ՚ըսէ, թէ երբ հաւատքը իսկական վէմի վրայ է, ո՛չ անձրեւը, ո՛չ քամին եւ ո՛չ ալ կարկուտը կրնան զայն տանիլ։
- Գիտե՞ս, օրիորդիկ, թէ ո՛վ էր հայկական եկեղեցւոյ այն մեծ մատենագիր մեկնիչը, որ գրի առաւ այդ քու արտայայտած միտքերդ... Պոլսահայ պատրիարք Յակոբ Նալեանը։ Ան մանուկ հասակին գաւառէն եկաւ Պոլիս, եւ սա 1720ական թուականներն էին, որպէս ընդունակ աշակերտ՝ փառաբանեալ, աշխատասէր, թանաքասէր, իմաստուն՝ լիարժէք ընդունուեցաւ Սկիւտարի դպրատուն, ապա Գումգաբու թաղի մէջ ի՛նքը հիմնադրեց դպրատուն, պայքարեցաւ կաթոլիկութեան դէմ, բուռն աշխատանք տուաւ հայութիւնը մայր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու ձգտումով ու վերջապէս՝ 1733 թուականին, Աստուածատուր Կոնստանդնուպոլսեցիի տպարանէն լոյս ընծայեց դաւանաբանական իր գլուխ գործոցը, հայկական այն միակ գիրքը, որուն խորագրին վրայ կայ «վէմ» բառը՝ «Վէմ Հաւատոյ»։
- Պարո՛ն, մեր լեռնաշխարհի վրայ «վէմ» բառը տեղանուն չ՞է եղած։
- «Վիմախոր»։ Կարնոյ նահանգի նոյնանուն գաւառի Քղի գաւառակի մէջ, Դերճանի սահմանին վրայ գետեզրեայ գիւղակ մը... Ահա, «վէմ» բառի աշխարհագրական միակ գործածութիւնը։ Մինչդեռ, ան կրնար մեզի տալ, եւ պէտք էր որ տար, Վիմաշէն, Վիմակերտ, Վիմաւան, Բարձրավէմ, Բազմավէմ, Նորավէմ, Վերին Վէմ եւ այլեւայլ պատկերալից տեղանուններ։ Բայց, բառը գոնէ դարձաւ համահայկական հանդէս մը՝ «Վէմ» եւ երեւանեան ձայնասփիւռի կայան մը՝ «Ռատիօ Վէմ»։ Բայց, օրիորդի՛կ, հայոց աշխարհը աւելի յայտնի է իր վիմափոր տաճարներով, ինչպէս Գեղարդն է ու երկրորդ գեղեցկագոյնը՝ Վայոց Ձորի Մարտիրոս գիւղի Ս. Աստուածածինը, ճարտարապետ Գրիգորիկի հանճարեղ գործը, որ ամբողջութեամբ կերտուած է Նազար սարի մէջ։ Եւ վերջապէս, պէտք է յիշել մեր վիմագրութիւնները։
- Եւ ինչո՞ւ է որ վիմագրութիւնը լայնատարած էր մեր երկրի մէջ։
- Քաղաքական անկայունութիւն։ Երբ դժուար էր վաւերագիրներու, նուիրատուութիւններու եւ հայկային սահմաններու արձանագրութիւնը արքունական կամ կաթողիկոսական դիւաններու մէջ ապահով պահել՝ այդ բոլորը փորագրեցինք սրբատաշ վէմերու վրայ։ Մեր վիմագրութիւններու անդրանիկ ժողովածուն ալ 1913 թուականին Կարապետ Կոստանեանի կազմածն էր՝ «Վիմական տարեգիր»։ Ճիշդ է, բառը իմաստով պինդ էր եւ ժլատ, բայց այսօր, աւելի քան երբեք, յղի է բազմաթիւ պատկերալից արտայայտութիւններու, ինչպէս՝ «վիմական կամք», «վիմային դիմադրականութիւն», «վիմանման ընդդիմութիւն»... Հինգ ամիս, եւ յետոյ՝ բարի ազատում քեզի։ Կը մաղթեմ, որ ձեր Վէմն ալ մնայ մի՛շտ վէմի վրայ։