Կեդրոնականը անտէր չէ

Հաբարձման տօնի առթիւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի մէջ սարքուած սիրոյ սեղանին Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի ելոյթը ամբողջ շաբաթուայ ընթացքին տեղի տուաւ լուրջ քննադատութիւններու։ Շիրինօղլու նիւթ ունենալով համայնքային վարժարաններու մատնուած տնտեսական ծանր պայմանները կը կրկնէր իր նախապէս ալ հնչեցուցած տեսութիւնը ու կը պարտադրէր վարժարանները միացնելու միջոցաւ ծախսերը կրճատելու եղանակը։ Բայց մանաւանդ այս մէկը կ՚ընէր սովորական առաջարկի մը սահմաններէն շատ աւելի բարձր եղանակով եւ բացէ ի բաց կը սպառնար ըսելով, թէ եթէ իր առաջարկը նկատի չառնուի յետ այսու մէկ դահեկանով իսկ պիտի չօժանդակէ դպրոցներուն մատնուած ծանր պայմաններու դէմ։ Այստեղ անշուշտ, որ անընդունելի կը թուայ այն իրողութիւնը, թէ պարոն Շիրինօղլու կը խօսի իբրեւ ազգին սեփական հարստութիւնը շահագործող կողմ։ Բնականաբար այս ելոյթին դէմ առաջին ընդվզումը հասաւ Կեդրոնականի շրջանաւարտներէն, որոնք յայտարարութիւնով մը պախարակեցին այս անընդունելի առաջարկը։ Թերթիս էջերուն վրայ տեղ կու տանք Կեդրոնականի արժանաւոր սաներուն բողոքի եւ ընդվզումի խօսքերուն։ Խօսքեր՝ որոնք կ՚ապացուցեն, թէ նոյնիսկ համայնքի բոլոր կառոյցները, ներառեալ մամուլը համակերպին նման ոտնձգութեան երիտասարդութիւնը ի զօրու է ազգին արժանապատուութիւնը պաշտպանելու։ 

Զգոյշ ազգին պարծանքին հանդէպ

ԳԱՄԷՐ ՉԷԼԻՔԷԼ

celikelkamer@gmail.com

Կեդրոնականցի եւ պոլսահայ երիտասարդ մը ըլլալով պարտք կը համարեմ քանի մը խօսք ընել վերջերս վարժարանիս եւ ժողովուրդիս օրակարգը զբաղեցնող խելքէ ու տրամաբանութենէ հեռու պարտադրանքներու մասին։ Կեդրոնական վարժարանը ունի յատուկ նշանակութիւն մը կրթական աւանդութեան մէջ։ Անկասկած ամբողջ հայ վարժարաններու գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն է ապագայ սերունդներու յարատեւութեան առումով։ Կեդրոնականը ունի դիմադրական ոգի մը որ թէ՛ այսօր եւ թէ՛ պատմութեան ամբողջ շրջաններուն անհանգստացուցած է թէ պետութիւնը եւ թէ պոլսահայոց պահպանողական դիրքի տէր վարիչները։

24 Ապրիլ 1915-ին Իթթիհաթ եւ Թերաքքի կուսակցութեան հրահանգով ձերբակալուած հայ մտաւորականներու շարքին էին Կեդրոնականի բազմաթիւ ուսուցիչներ ինչպէս՝ Աստուածատուր Խաչատուրեան, Ռուբէն Չիլինկիրեան, Մելքոն Կիւրճիւեան եւ Ռուբէն Զարդարեան։ Իսկ աքսորուած մտաւորականներէն՝ Նազարէթ Տաղաւարեան, Մելքոն Կիւրճիւեան եւ Ռուբէն Սեւակ(Չիլինկիրեան) սպաննուած են։

Պետութիւնը իր կարգին բռնագրաւած է Կեդրոնականի եկամուտ ապահովելու համար կտակուած Սանասարեան խանը։ Ապրուածներու հետեւանքով գոյացած վնաս եւ կորուստներով հանդերձ Կեդրոնականը իր առաքելութիւնը շարունակած է նեղ ու դժուար պայմաններով։ Դեռ այսօր կը շարունակուի հայ վարժարաններուն տնտեսական խնդիրները։ Այս իրողութիւնները միշտ օրակարգի վրայ եղած են, բայց մինչեւ օրս ոչ ոք համարձակած է այս պատմական հաստատութեան դռները փակել եւ զայն պատմութեան նիւթ դարձնելու։

Այդ իսկ պատճառաւ ալ Կեդրոնականի սաները կը դատապարտեն կատարուած անհեթեթութիւնը հետեւեալ տողերով։

«Անհուն զարմանքով ընդունեցինք Ս.Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Պետրոս Շիրինօղլուի Համբարձման տօնի աւանդական սիրոյ սեղանի ժամանակ կատարած յայտարարութիւնը, թէ պէտք է միանան Կեդրոնական եւ Էսաեան վարժարանները, այլապէս հիւանդանոցը նիւթական օժանդակութիւն չկատարէ այդ կրթական հաստատութիւններուն։ Իրականութեան մէջ,զարմանքէ շատ աւելի տարբեր զգացումներ կ՚առթէ աւելի քան 130-ամեայ անցեալի եւ նոյնքան պանծալի ներկայի մը տէր մեր վարժարանը՝ իր դիմագրաւած նիւթական անձուկ կացութենէն դուրս հանելու դիմաց ընդունիլ բռնի սպառնալիքով ներկայացող առաջարկ մը, որ փաստօրէն հաւասարազօր է զայն փակելու։ Մեր վարժարանը, զոր 1886-ին հիմնադրած է Պոլսոյ հայոց երանաշնորհ Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքը, իր գոյութեան ողջ ընթացքին նիւթական ապահով պայմաններու տիրացած չըլլալով եւ բազմաթիւ նեղութիւններ դիմագրաւած ըլլալով հանդերձ՝ Թուրքիոյ եւ բովանդակ հայութեան պարգեւած է արժէքաւոր սերունդներ եւ ծառայած է իր հիմնադիր առաքելութեան։ Պիտի շարունակէ ալ տեւել այնքան ժամանակ, քանի դեռ կը ծառայէ իր կոչումին։ Անշո՛ւշտ կարեւոր են այն օժանդակութիւնները, որոնք կու գան միւս հաստատութիւններէն ու անհատ բարերարներէն, սակայն մենք՝ շրջանաւարտներս, չենք ընդունիր եւ անկարելի է որ ընդունինք զանոնք առնչել սա կամ նա նախապայմանի։ Վարժարաններ միացնելու կամ փակելու նման կենսական որոշումներ կարելի է ընդունիլ ո՛չ թէ անհատի մը անձնական համոզումներով, այլ հանրային լուրջ քննարկումներու ու մտքի փոխանակումներու արդիւնքին։ Ինքնանպատակ յայտարարութիւններ, որոնք զուրկ են որեւէ հիմնաւորումէ եւ չունին պատճառաբանութիւն մը, ո՚չ միայն կ՚արգելակեն նման երկը խօսութիւններու գործընթացը, այլ նաեւ հակազդեցութիւններ բռնկեցնելով կը վիժեցնեն օգտակար արդիւնքը։ Ուստի գլխաւորութեամբ տիար Պետրոս Շիրինօղլուի, հետաքրքիր կառոյցներն ու անձերի կը հրաւիրենք այս եւ նման լուրջ խնդիրներու դիմաց ընդունելու աւելի պատասխանատու կեցուածք ու վարմունք։ե

Շրջանաւարտք Կեդրոնական Վարժարանի

2012 թուականին լոյս տեսած «Քայլեր Դէպի Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի» գիրքի նախաբանին տեղ գտած են հետեւեալ տողերը։

«Դիւրին չեղաւ այս վարժարանի բացումը իրականացնել։ Դիւրին չեղաւ կրթական այս կարեւոր հաստատութիւնը կեանքի կոչել։ Դիւրին չեղաւ անոր կրթանուէր ծառայութեան առաքելութեան ձեռնարկելը։ Դիւրին չեղաւ արդար հպարտութեամբ վայելել անոր բարեբեր հունձքի փաղանգի յաջողութիւնները…»։

Ահա մեր պարտականութիւնն է այսպիսի առաքելութիւն ունեցող Կեդրոնականին տէր կանգնիլ։ Ի հարկին նշել թէ տնտեսական խնդիրներէ անկախ ունինք նաեւ վարչութեան նեղութիւններ։ Կասկած չկայ, կարիք ունինք փոխուած վարչական մտայնութեան։ Հայ երիտասարդ իբրեւ կը փափաքիմ երաշտ ազգիս անձրեւ ըլլալով օր ըստ օրէ ուժասպառ հիմնարկներու ծերացած ու մաշած վարչութիւններէն ձերբազատուելով դարձեալ զարթնիլը։

«Ես դպրոցներէն կը սպասեմ ազգին փրկութիւնը»

ՍԱՐԻՆ ԱՔՊԱՇ

Հայ դպրո­­ցը վրէժ կը լու­­­ծէ։ Հայ դպրո­­­ցը պատ­­­մութեան դէմ կը պայ­­­քա­­­­­­­րի։ Հայ դպրո­­­ցը մեր ան­­­ցեալն է, նաեւ ներ­­­կան ու ապա­­­գան։

Վար­­­ժա­­­­­­­րան փա­­­կելով տնտե­­­սական հար­­­ցե­­­­­­­րը չեն լու­­­ծո­­­­­­­ւիր՝ մա­­­նաւանդ եթէ չկայ վե­­­րաբա­­­ցելու իրա­­­ւունք։ Վար­­­ժա­­­­­­­րան փա­­­կելով ժո­­­ղովուրդի մը սիւ­­­նը կը տա­­­պալի։ Վար­­­ժա­­­­­­­րան փա­­­կելով ներ­­­կան կը կոր­­­ծա­­­­­­­նի։ Վար­­­ժա­­­­­­­րան փա­­­կելով ազ­­­գը պար­­­տութեան դրոշ­­­մը կը կնքէ։

Վար­­­ժա­­­­­­­րանը տուն է։ Վար­­­ժա­­­­­­­րանը կրթու­­­թեան օճախ է։ Վար­­­ժա­­­­­­­րանը ապա­­­գայի ապա­­­հովագ­­­րութիւն է։

Վար­­­ժա­­­­­­­րանը փաստ է, որ կանք ու կը գո­­­յատե­­­ւենք։

Ես «Կեդ­­­րո­­­­­­­նական­­­ցի» եմ։ Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նը ին­­­ծի հա­­­մար լոկ վար­­­ժա­­­­­­­րան չէ, եր­­­կիր է, խառ­­­նա­­­­­­­րան է, մտքի դարբնոց մըն է։ Բա­­­զում բան կը պար­­­տիմ վար­­­ժա­­­­­­­րանիս ու յա­­­ւիտեան պար­­­տա­­­­­­­կան պի­­­տի ըլ­­­լամ։

Վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ խտրա­­­կանու­­­թիւն ընել չէ նպա­­­տակս։ Սա կամ նա, մեր ներ­­­կայ վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը պէտք է գո­­­յատե­­­ւեն։ Միայն շրջա­­­նաւարտնե­­­րը չէ, այլ ազ­­­գի բո­­­լոր որ­­­դի­­­­­­­ները պէտք է զօ­­­րաւիգ ըլ­­­լան սոյն նպա­­­տակի հա­­­մար։

Բայց Կեդ­­­րո­­­­­­­նականս...

Կեդ­­­րո­­­­­­­նականս այլ է ին­­­ծի հա­­­մար։ Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նը միայն ու­­­սում չէ տո­­­ւած։ Ան նաեւ կրթած է մեզ, ջամ­­­բած է հայ ոգի։

Վեր­­­ջին օրե­­­րուս տե­­­սանք՝ թէ դժբախտ դէպ­­­քեր պայ­­­քա­­­­­­­րի ոգի կու տան ժո­­­ղովուրդին։ Ու­­­րախ եմ, որ Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի շրջա­­­նաւարտներ եւ ազ­­­գի որ­­­դի­­­­­­­ներ մէկ բռունցք եղանք ու ձայն բարձրա­­­ցու­­­ցինք։

Նոյ­­­նը կ՚ակնկա­­­լեմ բո­­­լոր վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րէն։ Այո, կը հասկնամ, դիւ­­­րին չէ նիւ­­­թա­­­­­­­կան դժո­­­ւարու­­­թիւննե­­­րու լու­­­ծումներ գտնել։ Բայց մի՛ մոռ­­­նաք, դրա­­­մը միայն գոր­­­ծիք է, ոչ թէ նպա­­­տակ։ Գոր­­­ծիքն ու նպա­­­տակը չի խառ­­­նենք։ Նաեւ չի խառ­­­նենք վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը «որոշ» հա­­­շիւ­­­նե­­­­­­­րու։

Ներ­­­սէս Պատ­­­րիարք Վար­­­ժա­­­­­­­պետեանի ու հայ մտա­­­ւորա­­­կանու­­­թեան առա­­­ջաւոր ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րու ջան­­­քե­­­­­­­րով հիմ­­­նո­­­­­­­ւեցաւ Ազ­­­գա­­­­­­­յին Կեդ­­­րո­­­­­­­նական Վար­­­ժա­­­­­­­րանը։ Այ­­­սօր՝ ոչ Ներ­­­սէս Պատ­­­րիարք մը ու­­­նինք, ոչ ալ հայ մտա­­­ւորա­­­կանու­­­թեան բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ։ Թոյլ տո­­­ւէ՛ք, որ մեր վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը «կրթեն» նոր սե­­­րունդներ, որոնք մտա­­­հոգ են իրենց ազ­­­գին ապա­­­գայով։

Ներ­­­սէս Պատ­­­րիար­­­քի խօս­­­քը կը մէջ­­­բե­­­­­­­րեմ. «Ես դպրոց­­­նե­­­­­­­րէն կը սպա­­­սեմ ազ­­­գին փրկու­­­թիւնը»։

Այս նա­­­խադա­­­սու­­­թեամբ սկսած է մեր Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի ին­­­նե­­­­­­­րորդ դա­­­սարա­­­նի առա­­­ջին օրը։

Ձեր սպառ­­­նա­­­­­­­կան խօս­­­քե­­­­­­­րը զիս չեն վախցներ։ Գի­­­տենք՝ թէ առան­­­ձին ան­­­հատներ կրնան բա­­­րոյա­­­պէս քայ­­­քա­­­­­­­յուիլ, իսկ ժո­­­ղովուրդը՝ եր­բեք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ