ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Շատ գործ ունինք, բայց ապագան պայծառ է

Անկախացումէն այս կողմ Հա­յաս­տա­նի եր­րորդ հան­րա­պետու­թիւնը Նի­կոլ Փա­շինեանի վար­չա­պետի պաշ­տօ­նին ընտրուելով կը մտնէ բո­լորո­վին նոր շրջա­նի մը։ Ար­դա­րեւ երկրի ան­կա­խացու­մին ան­մի­ջապէս յա­ջոր­դող ժա­մանակ­նե­րուն մեծ հիաս­թա­փու­թեամբ ակա­նատես եղած էինք քայ­քայման գոր­ծընթա­ցի հետ միասին երկրի սե­փական հարստու­թեան թա­լանուելու տխուր պատ­կե­րին։ Տա­կաւին քա­նի մը օր առաջ գոր­ծող գոր­ծա­րան­նե­րը որ­պէս թա­փածոյ փո­խան­ցուած էին օրուայ իշ­խա­նու­թիւննե­րու մօտ գտնուող ան­ձե­րու։ Շա­բաթ­ներ շա­րու­նակ բեռ­նա­տար մե­քենա­ներ այդ եր­կա­թեայ հումքը փո­խադ­րած էին դէ­պի Թուրքիա կամ Պարսկաս­տան։ Այդ օրե­րուն իսկ ձե­ւաւո­րուե­ցաւ որոշ մե­նաշ­նորհներ։ Ոմանք տի­րացան ամ­բողջ երկրի մը շա­քարա­ւազի մե­նաշ­նորհին, ոմանք տի­րացան շի­նանիւ­թե­րու կամ շու­կա­յի պա­հանջք ներ­կա­յաց­նող զա­նազան նիւ­թե­րու։ Այդ օրե­րուն տա­կաւին չէր ձե­ւաւո­րուած, իսկ երկրի սահ­մա­նադ­րութիւ­նը։ Այ­սինքն տա­կաւին իրա­ւունքը զօ­րաւո­րինն էր եւ այդ անօ­րինու­թիւնը նոյ­նութեամբ շա­րու­նա­կուե­ցաւ յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն ալ։ Ինչպէս, որ ըսինք վե­րեւ, այ­սօր բո­լորո­վին նոր շրջան մը կը բա­ցուի Հա­յաս­տա­նի երկնքին տակ։ Այդ նոր շրջա­նը կը պար­տինք ժո­ղովուրդի յա­մառ պայ­քա­րին։ Այս ալ ինքնին շատ լուրջ պա­տաս­խա­նատուու­թիւն կը բեռցնէ նո­րըն­տիր վար­չութեան ու­սե­րուն։ Ժո­ղովուրդը բնա­կանա­բար պի­տի յու­սայ թէ մին­չեւ օրս կու­տա­կուած բո­լոր խնդիր­նե­րը ամե­նակարճ ժա­մանա­կի ըն­թացքին գտնեն իրենց լու­ծումնե­րը։ Օրի­նակի հա­մար ար­տա­գաղ­թը, որ մե­ծագոյն աւերն էր երկրի հա­մար ամե­նակարճ ժա­մանա­կին վե­րածուի ներ­գաղթի։ Ան­շուշտ, որ իրա­կան կեան­քի թե­լադ­րանքնե­րը շատ աւե­լի դժուար յաղ­թա­հարե­լի են բաղ­դատմամբ այս շատ հասկնա­լի, բայց դժուար իրա­կանաց­նե­լի երազ­նե­րու դի­մաց։ Այս այ­պէս ըլ­լա­լով հան­դերձ Փա­շինեանի իշ­խա­նու­թիւնը պար­տի գո­նէ որոշ հե­ռան­կարներ խոս­տա­նալ ապա­հովե­լու համար ժո­ղովուրդի զօ­րակ­ցութեան յա­րատե­ւու­թիւնը։

Որոշ է, որ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդը ար­ժա­նի է գո­նէ այդ խոս­տումնե­րու ապա­հոված յոյ­սը վա­յելե­լու։ Սա պա­հուն կը տի­րէ շատ բնա­կան ու­րիշ երե­ւոյթ մը եւս, ժո­ղովուրդը կ՚ու­զէ այս ոգե­ւորու­թիւնով կար­գի բե­րել նաեւ նա­խապէս քայ­քա­յուած բո­լոր հաս­տա­տու­թիւննե­րը։ Անոնց կար­գին է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միածի­նը, որ ինք եւս այս ապա­կանած մի­ջավայ­րի մէջ ապա­կանած էր եւ դադ­րած ժո­ղովուրդին մի­նչեւ այդ վառ պա­հած յար­գանքին ար­ժա­նանա­լէ։

Ինչպէս, որ ըսինք բա­զում թնճուկներ կան Նի­կոլ Փա­շինեանի առ­ջեւ եւ իր­մէ պի­տի ակնկա­լուի անոնց մի առ մի հան­գուցա­լու­ծումը։

Այս հանգրուանին կա­րեւո­րագոյն ձեռքբե­րումն է Հա­յաս­տա­նի հա­սարա­կու­թեան եւ սփիւռքա­հայու­թեան մէկ նպա­տակի շուրջ հա­մախմբուածու­թիւնը։ Մա­նաւանդ, որ այդ միահա­մուռ հա­սարա­կու­թիւնը ու­նի նաեւ ներ­կայ պա­հուս ժո­ղովուրդին աչ­քի լոյ­սը դար­ձած առաջ­նորդ մը՝ յան­ձին Նի­կոլ Փա­շինեանի։

Հա­յաս­տա­նի հա­սարա­կու­թիւնը եւ ին­չու չէ՛ ամ­բողջ հայ ժո­ղովուրդը լիաթոք կրնայ հպար­տա­նալ իր օրի­նակե­լի ձեռքբե­րու­մով։ Սա հա­մայն աշ­խարհի աչ­քին ար­դա­րու­թեան յաղ­թա­նակն է։ Միայն ու միայն հի­ւան­դութեան աս­տի­ճանի կաս­կա­ծամիտ­ներն են, որ որոշ վե­րապա­հու­թեամբ պի­տի մօ­տենան այս յաղ­թա­նակին, միշտ իրենց են­թա­գիտակ­ցութեան մէջ պա­հելով մի­ջազ­գա­յին դա­ւադ­րութեան ինչ-ինչ վար­կածներ։ Ան­շուշտ, որ այս ար­տա­կարգ փո­թորիկ­նե­րու ժա­մանակ կրնան գտնուիլ առի­թը օգ­տա­գոր­ծել փոր­ձող զա­նազան տար­րեր։ Վեր­ջա­պէս մարդ էակի այս յատ­կութիւ­նը բազ­մա­թիւ օրի­նակ­ներ ու­նի պատ­մութեան բո­լոր ժա­մանակ­նե­րու ըն­թացքին։ Սա­կայն այդ վար­կածնե­րու գո­յու­թիւնը նոյ­նիսկ հա­ւաս­տիու­թիւնը ար­գելք չեն այ­սօ­րուայ ձեռքբե­րու­մով ու­րա­խանա­լու։ Այ­սօր յաղ­թած ենք, յա­ջողած ենք եւ այս է իրո­ղու­թիւնը։ Յա­ջորդ քայ­լին, ո՞վ կը սայ­թա­քի կամ ո՞վ, ինչպէ՞ս կը շա­հագոր­ծէ կամ նոյ­նիսկ գող­նալ կը փոր­ձէ այս յա­ջողու­թիւնը բո­լորո­վին տար­բեր խնդիր է։ Թո­ղէ՛ք, որ մենք հի­մա ու­րա­խանանք այ­սօր ձեռքբե­րուա­ծով եւ յա­ռաջա­նանք յա­ջողած թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թիւնը ալ աւե­լի բար­ձունքներ փո­խադ­րե­լու դժուարին գոր­ծին մէջ։

 

pakrates@yahoo.com