ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ
Հանրապետական կուսակցութեան յարուցած արգելքին վերանալով Նիկոլ Փաշինեան 8 Մայիսին կատարուած խորհրդարանի ընտրութիւնով Հայաստանի նոր վարչապետ հռչակուեցաւ։ Փաշինեան ստացաւ 59 ձայներ եւ 42 պատգամաւորներ ալ դէմ քուէարկեցին։ ՀՅԴ ամբողջովին զօրակցեցաւ Փաշինեանին։ Փաշինեանին զօրակցող Հանրապետական կուսակցութեան երեք պատգամաւորները ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներն էին, չորսը մեծ գործատէրեր եւ մնացեալներն ալ նախկին զինուորներ։ Երբ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ կ՚ունենար ԱԺ դահլիճին մէջ, անդին Հանրապետութեան հրապարակի վրայ բազմահազարներ կը հետեւէին իր ելոյթին։ Նոր վարչապետը խոստացաւ քաղբատարկեալներու շուտափոյթ ազատագրումը եւ նախորդ կառավարութիւններու շրջանին գործուած սխալներուն ամենակարճ ժամանակին սրբագրութիւնը։ Խոստացաւ առեւտուրի ոլորտին մէջ հարկերու նոր բարեփոխումներ եւ համալսարաններու լիիրաւ ինքնավարութիւն։ Փաշինեան յայտարարութիւններ ըրաւ նաեւ Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման նիւթի շուրջ եւ յայտարարեց, թէ պիտի պահէ ԵԱՀԿ-եան խմբակի հետ համագործակցութիւնը եւ պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ նոր բանակցութիւններու։ Ան նաեւ յայտնեց սփիւռքահայութեան հետ համագործակցութեան մասին իր պատրաստակամութիւնը։
Միւս կողմէ միջազգային գետնի վրայ բազմաթիւ շնորհաւորական ուղերձներ կը հասնին Բաղրամեան փողոց, ուր կը տիրէ նոր ճանապարհի մեկնարկման շատ բարձր տրամադրութիւնը։