ՍԱՐԻՆ ԱՔՊԱՇ
Սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութիւն մը։ Մտադրուեցաւ, գործադրուեցաւ ու աւարտին՝ հասաւ յաղթանակի։ Այս բոլորը իրականացուց հայ ազգը, հայրենիքին համար յուսալով նոր եւ փայլուն ապագայ։ Ժողովուրդը ցոյց տուաւ, թէ ինքն է երկրի տէրը ու ինք իրապէս ձայն ունի։ Այս բոլոր անցուդարձին մէջ ես՝ պոլսահայ մը, երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչ մը ու իբր ժողովրդավարութեան ուժին հանդէպ հաւատքը կորսնցնող համայնքի մը անդամ, տեսայ, թէ այդ դեռ ողջ է ու կիրարկելի։ Զգացի՛ թէ ես ձայն ունիմ ու այս ձայնը կրնայ տեղ հասնիլ եւ փոփոխութիւններ շնորհել։ Վերյիշեցի՚ թէ եթէ ժողովուրդը ուզէ եւ միանայ, հզօր է եւ անպարտելի։ Ժողովուրդը ցոյցերու ժամանակ փողոց ելաւ, ձեռք ձեռքի բռնելով կազմեց մէկ բռունցք ու պայքարեցաւ երկրին համար։ Այս բռունցքը ունէր նաեւ առաջնորդ, որու դերը անուրանալի է։ Իր կեցուածքով, վարուելակերպով, խօսքերով ու գործերով ուժ տուաւ ժողովուրդին, քաջալերեց զայն ու միշտ նեցուկ կանգնեցաւ։ Իբր ուղեցոյց, բոլոր ազգը դարձուց բռունցք՝ ոգեւորելով նաեւ հեռու ափեր ապրող հայերը։ Այս բոլորը օրինակ պէտք է հանդիսանան բոլորիս։ Կը զգամ, որ առօրեայ թոհուբոհին մէջ կը մոռնանք, թէ ժողովուրդ մը կը կազմուի անհատներէ եւ այդ անհատները կարեւոր դերեր ունին։ Մենք կ՚ընտրենք մեր ղեկավարները, մենք պէ՛տք է ընտրենք մեր ղեկավարները ու պէտք է մի՛շտ յիշենք, թէ եթէ ուզենք ու միանանք, մե՛նք զօրաւոր ենք։